
Ճէյ Տի Վենսի Երեւան ժամանումը նշանակալից իրադարձութիւն էր, երբ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ամերիկայի նախագահ կամ փոխնախագահ կ’այցելէր Հայաստան։ Պաշտօնական ընդունելութեան, պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու, քաղաքացիական միջուկային բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ ապա համատեղ մամլոյ ասուլիսէն ստացուած ընդհանուր տպաւորութիւնը եղաւ այն, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումը մտած է գործնական փուլ, որ կու գայ փոխելու Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական պատկերը, Հայաստանը դարձնելով այն պատուհանը, ուրկէ Միացեալ Նահանգները մուտք կը գործէ տարածաշրջան։
Նախագահ Պայտընի պաշտօնավարման վերջին օրերուն ստորագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր, սակայն կար մտահոգութիւն, որ այդ կրնայ մնալ թուղթի վրայ, երբ նոր վարչակազմը մուտք գործէ Սպիտակ տուն։ Յաջորդող իրադարձութիւնները եկան ցոյց տալու, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը ոչ միայն հաւատարիմ կը մնայ այդ համաձայնագրին, այլեւ աւելի լայն ու ընդլայնուած ծրագրեր մշակած է ու հետեւողականօրէն զանոնք կը դնէ գործադրութեան։
Այս այցելութեան ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգները առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանին վաճառած է հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր։ Այս պարագան ցոյց կու տայ, որ Ամերիկան պատրաստ է Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը տարածելու նաեւ ռազմական գետնի վրայ։ Վերլուծաբաններու մօտ սկսած է ձեւաւորուիլ այն կարծիքը, որ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պէտք է դառնայ անշրջելի, որպէսզի «Թրամփի Ուղի» ծրագրին իրականացման համար նախատեսուող ներդրումները դրուին գործադրութեան։
Այստեղ փակագիծ մը բանալով արժէ հարց տալ, թէ արդեօք փոխնախագահին առջեւ հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու ներկայացումը, ու անկէ քանի մը օր առաջ Հնդկաստանէն ստացուած զինատեսակներու ցուցադրութիւնը, իսկ յաջորդ օրը Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթը՝ զինուած ուժերու պաշտպանական նոր դիրքերուն եւ կառոյցներուն մա-սին, զուգադիպութի՞ւն էին, թէ՞ յատուկ նպատակ կը հետապնդուէր՝ ցոյց տալու համար, որ Հայաստանի բանակը երեք տարի առաջուանը չէ, եւ ժամանակն է, որ Պաքուն չմտածէ ռազմական միջոցներով զիջումներ կորզելու կամ պայմաններ պարտադրելու մասին, ու ստորագրէ Խաղաղութեան պայմանագիրը, որուն կէտերուն շուրջ արդէն իսկ գոյացած է վերջնական համաձայնութիւն։
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան չվարանեցաւ շեշտելու, որ Հայաստան ներդրողներու համար դարձած է գրաւիչ ու անոր առջեւ բացուած են տնտեսական հեռանկարներ, որպէս օրինակ յիշելով արհեստական բանականութեան ամպային կեդրոն հաստատելու համար կիսահաղորդիչներ ներմուծելու համար տրուած բացառիկ արտօնութիւնը ու սպասուող չորս միլիառ տոլարի ներդրումը, որուն շնորհիւ պիտի ստեղծուին բազմաթիւ աշխատատեղեր։
Կասկածէ վեր է, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին Երեւան այցելութիւնը նպատակ կը հետապնդէ տկարացնելու Ռուսաստանի եւ Իրանի ազդեցութիւնը տարածաշրջանէն ներս։ Իսկ այն կարեւորութիւնը, որ կը տրուի փոքրիկ Հայաստանին, ունի իր պատճառները, որոնցմէ գլխաւորը՝ տարածաշրջանի միակ ժողովրդավար երկիր ըլլալու հանգամանքը եւ արհեստագիտութեան մէջ Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացը ու այդ բնագաւառին մէջ գիտելիքներ ու փորձ ունեցողներու մարդկային պաշարը, որոնք այսօրուան աշխարհին մէջ գլխաւոր շարժիչ ուժն են տնտեսութեան զարգացման համար։
Փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի այցելութեան խորհրդանշական ու գործնական արդիւնքները անկիւնադարձային նշանակութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման համար, որոնց վրայ պիտի կառուցուի հայրենիքի ապագան։
Գրիգոր Խոտանեան







Մեկնաբանէ