Հայ ժողովուրդը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ունեցած է սփիւռքի մէջ, իր հայրենիքէն հեռու գաղութներ, որոնք ընդհանրապէս մաշած են ու անհետացած ժամանակի թաւալումով: Օրինակ՝ հին Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը՝ Եգիպտոս, Հռոմի, Բիւզանդիոնի, Չինաստանի, Հնդկաստանի ու Ասորեստանի հայկական գաղութները (հայկական աղբիւրներ): Սակայն 1045-էն՝ Մանազկերտի ճակատամարտով եւ Բագրատունեաց իշխանութեան կործանումով՝ ծնունդ առաւ արտահոսք մը հայրենիքէն դուրս ու կազմուեցան շարք մը գաղութներ, որոնք շարասիւնը կազմեցին ապագայ հայկական ցանցին: Այսպէս. ստեղծուեցան նոր գաղութներ, աւելի բարենպաստ եւ ծաղկուն, որոնք կարգաւորուեցան մինչեւ 1450՝ կազմելով հայկական ծաւալուն ու մնայուն գաղութներու ցանց մը՝ արեւելքէն՝ արեւմուտք եւ հիւսիսէն՝ հարաւ: Այս ցանցը անցնելով Տրապիզոնը եւ Թիֆլիսը կռուաններ հաստատեց՝ Ղրիմ (Գաֆֆա եւ Արմիանսք), որոնց հետագայ տեղապահը եղաւ Լեհաստան (Լվով եւ Կալիսիա). ուրկէ հասաւ պուլկարական եւ հունգարական տարածաշրջաններ, Թրանսիլվանիա (Լաթվիա), Մոլտովիա, Պալթիքի ափեր (Նարվա նաւահանգիստ), Գամէնից (Ուքրանիա) եւ Ամսթըրտամ: Հարաւէն տեղաւորուեցաւ Թաւրիզ ու հաստատուեցաւ Նոր Ջուղա՝ Իսֆահանի արուարձանը։ Նոր Ջուղա դարձաւ հիմնական օճախը իր գործունէութեան. ապա հասաւ Պարսկական Ծոց, Հալէպ, Երուսաղէմ, Կասպից ծովու ափեր, ապա Աստրախան, որ հետագային եղաւ Նոր Ջուղայի երկրորդ վարչակեդրոնը: Անցաւ Հնդկաստանի տարածք, Պենկալ, Լհասսա (Թիպէթ), Չինաստանի տարածք, հարաւային Ասիա, Սինկափուր, Մանիլա եւ Ինտոնեզիական արշիպեղագոս: Աստրախանէն հասաւ Մոսկուա եւ Սենթ Փեթերսպուրկ: Հարաւէն Հապէշիստան, ու Մատակասքար: Հիմնեց նաեւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, որմէ հետագային տարածուեցաւ արեւմտեան փոքր Ասիա, Կեսարիա եւ իր շրջակայ գիւղերը, Զմիւռնիա, Պոլիս, Կիպրոս, Ժընեւ, Լիվորնո, Վենետիկ, Ֆրանսական ափեր, Գատիզ (Սպանիա) եւ անշուշտ Եգիպտական տարածք:

Աշխարհը զիրենք ճանչցաւ «անհայրենիք վաճառականներ», իսկ Ռոպին Գոհէն՝ այս ծաւալուն համացանցը կոչած է «աղէտեալ սփիւռք» եւ աւելի ուշ ակադեմիկոս «Ֆիլիպ Սուրթի» սահմանած է Վաճառականական Սփիւռքի եզրը:

Հայ վաճառականը դարձաւ խնամակալը այս ազգային ցանցին, որ ծնունդ առաւ հիմնուելով «ազգային նահապետական ընտանիքի համոզումներուն» վրայ: Հաստատեց եւ ունեցաւ մնայուն հաղորդակցութիւն մայր հայրենիքի հետ: Պահեց ու մշակեց իր լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները, հաւատքը ու եկեղեցին:

Նոր միջավայրին մէջ եղաւ ու գործեց որպէս անհայրենիք մարդ, օգտագործելով իր ազգային արդարութեան չափանիշերը: Ընդունեց տեղացին, անշահախնդիր գործընկեր եղաւ անոր եւ ունեցաւ համերաշխ տեւական ներկայութիւն մը բոլոր աշխոյժ շուկաներուն մէջ: Եղաւ բազմալեզու, ճանչցաւ տեղական աւանդութիւնները, սովորութիւնները, մշակոյթը եւ ճաշակը: Իւրացուց տեղական վաճառականական մշակոյթը: Հռչակուեցաւ հաւատարիմ, վստահելի, յաջողակ եւ հիւրընկալ, վաճառական, միջնորդ, ուղեցոյց, թարգմանիչ ու լումայափոխ: Գործառքները կազմակերպեց փոխարժեւորման համաձայնագրերով, ինչպէս՝ Ցարական Ռուսիոյ, Շուէտի, Գուրլանտի դքսութեան, Անգլիոյ Արեւելեան Հնդկաստանի ընկերութեան եւ Մոնկոլ Աքպար Արքայի հետ:

Ստեղծեց խնամիական կապեր՝ Երուսաղէմի թագաւորութեան եւ Կիպրոսի Լուսինեան Ֆրանսական թագաւորութեան հետ մասնաւորապէս:

Ամրապնդեց ու ապահովեց ցանցը զանազան միջոցներով, հիմնուելով նահապետական սկզբունքներու վրայ, տեւական զարգացնելով ուղիները եւ ուղղութիւնները, ինչպէս յիշուեցաւ՝ համաձայնագրերով ապահովեց այս ցանցը ու վայելեց տուեալ իշխանութիւններու պաշտպանութիւնը, գործածելով թութակը որպէս գաղտնի հաղորդակցական միջոց:

Հայկական այս ծաւալուն ցանցը ունեցաւ արագ հաղորդակցութիւն, գերազանցելով օրուան այլ շրջանակներու կարելիութիւնները, որոնց տեւողութիւնը 4-8 ամիս էր, իսկ ցանցին բաւական էր 45 օր՝ որեւէ տեղեկութիւն կամ նամակ փոխանցելու Հնդկաստանէն Ամսթըրտամ: Օրինակ՝ Սենթ Գաթրինայի վէճը / դատը, որ հաստատուեցաւ Անգլիական Ծովային Բարձր Ատեանի «High Court of Admirality London» առջեւ եւ որուն համար հայ վաճառականը ուղարկեց հարկաւոր լիազօրագրերը, վաւերագրերը 45 օրուան ընթացքին, 1750 թուականին, Պարսկաստանէն Անգլիա:

Հայկական Ազգային ցանցը, ճակատագրական կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ ազգային պատմութեան մէջ, յատկապէս 1100-1900 ժամանակաշրջանին: Շնորհիւ հայ վաճառականական սփիւռքին, որ գործուն դերակատարութիւն ունեցած է թէ՛ իր ազգային պատմութեան ծաղկումին, եւ թէ՛ որպէս ներդրող՝ միջազգային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ: Ունեցած է բազմակողմանի իրագործումներ՝

Ա- Վաճառականութեան աղերսուած.

-Անգլիոյ վկայութեամբ, 1500-1850 հայ վաճառականը տիրապետած է միջազգային վաճառականութեան, որոշելով՝ կեդրոնական շուկաները, զարգացնելով առեւտուրի արուեստը, համադրելով ապահով ուղիները, գունաւորելով ապրանքատեսակները, աշխուժացնելով ցամաքային վաճառականութիւնը եւ ազնուացնելով առեւտուրի խաղի օրէնքները:

-Հայ վաճառականը ստեղծած է յատկապէս՝ ադամանդի, թութակի, ծխախոտի, հացահատիկի եւ ձգախէժի մենաշնորհներ ու իշխած օրուան շուկաներուն վրայ:

-Շահագործած է ոսկիի, հանքածուխի, աղի բազմաթիւ հանքեր, խէժի եւ ձգախէժի աճեցման հսկայ տարածքներ:

-1500-1900-ին, ունեցած է գերազանցապէս արագ եւ ապահով հաղորդակցութիւն եւ ժամանակակից տեղեկութիւն միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ:

-Հետամուտ եղած է ապրանքի փոխարժէքը ունենալու յարգի մետաղներով, փոխան ապրանքի փոխանակումին կամ խաբուսիկ նուէրներուն:

Բ- Արհեստներու աղերսուած.

-16-րդ դարուն հաստատած է արհեստի դպրոցներ, հանդիսանալով նախակարապետը արհեստավարժ սերունդներու պատրաստութեան: Օրինակ՝ Նոր Ջուղայի առեւտրական դպրոցը Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, ուր ուսուցանած է աշխարհագրութիւն, հաշիւ, ծանրութիւն, չափեր, տուրքեր, օրէնք, արժէք եւ գործնական վաճառականութիւն ու զանազան լեզուներ հնդկերէն, արաբերէն, պարսկերէն. դպրոցի պետ ունենալով Կոստանդ Ջուղայեցի, Ղուկաս Վանանտեցի, որպէս առաջնորդ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ: Հիմնած է Շուշիի մէջ Մովսէս Բէկի ուսումնարանը, որ հանրակրթարանի կողքին ունէր առեւտրական, մեքանիքի եւ քիմիայի բաժանմունքներ: Սիւնիքի հետախոյզներու դպրոցը, տնօրէն ունենալով Այվազ Սիմէոն Ռոմանով:

-Եղած է նախահայրը խմբային աշխատանքի ոճին՝ ստեղծելով kaisary-ներ ու հաստատելով գործարանային աշխատանքի նախօրինակը:

-Հաստատած է ընտանեկան ընկերութիւններ, իր ճիւղերով եւ գործակալութիւններով կանխելով միջազգային ծաւալուն ընկերութիւններու գերադաս գործունէութիւնը:

-Իւրացուցած է տպագրութեան արուետը, ներմուծելով զայն Միջին Արեւելք: Պատրաստած է տպագրական մամուլ, ծաղկեցուցած՝ տառերու ձուլագործութիւնը եւ տարածած տպագրական թուղթը:

-Արհեստները ծաղկեցուցած է գիւտարարներով՝ Ոսկան Երեւանցի, Պօղոս Արապեան, Աւետիս Զիլճեան, Յովհաննէս Ղուկասեան հանրածանօթ «Ժան Ճոզէֆ Ակնասի Լուքասեւիչ», Առաքել Տատ Ամիրա Տատեան, Անտոն Սուրեան, Շահ Նազար Խան եւ շատեր:

-Զանազան տարածաշրջաններու մէջ հիմնած է պիտանի արհեստներ՝ մետաքսագործութիւնը Պարսկաստան, հիւրանոցային ծառայութիւններ՝ հեռաւոր արեւելք եւ այլուր՝ Սարգիս Ոսկանեան եւ եղբրք. «Iconic Raffles Hotel Singapore’s», գոհարագործութիւնը Հալէպ:

Գ- Տնտեսութեան աղերսուած.

-Զարգացուցած է առեւտրական տոմարագիտութիւնը եւ հաշուապահութեան, վստահելի վարկերու, լումայափոխութեան եղանակները եւ զանազան տնտեսական ոճեր:

-Հետապնդած է միջազգային տնտեսութիւնը յարգի մետաղներու վրայ հիմնելու եղանակը եւ եղած է միջազգային դրամագիտութեան նախադրողը:

-Խրախուսած է քարիւղի գործածութիւնը, որպէս մարդկութեան ապագայի կենարար աղբիւր:

-Իր հարստութեամբ սատարած ու թիկունք կանգնած է զանազան հսկայ կայսրութիւններու գոյատեւման, ինչպէս, Հնդկաստանի Մոնկոլ թագաւորութեան, Ոուսական Ցարական կայսրութեան, Օսմանական կայսրութեան եւ Պարսկական կայսրութեան (1500-1850):

Հայկական սփիւռքի ցանցը, իր զարմանահրաշ եւ անկիւնադարձային իրագործումներով մինչեւ օրս կը մնայ միջազգային հետազօտողներու, գիտնականներու եւ նոր լուծումներ որոնողներու կիզակէտը:

Կարպիս Մինասեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ