Հակառակ բոլոր ճիգերուն ու ջանքերուն, Սփիւռքը տակաւ կը տառապի բազմաթիւ տագնապներէ, որոնք իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ նշմարելի են եւ երթալով աւելի կը խորանան։

Կար ժամանակ, երբ այդ բոլորը նուազ մտահոգութիւններ էին, ընդհակառակը, միշտ բարեկարգելի եւ ուսանելի էին, ուրախալի ու հպարտալի, որովհետեւ ատոնք սեղմօրէն ու լրջօրէն առնչուած էին հայու ինքնութեան պահպանումին ու կառչածութեան հետ, «հայապահպանում»-ի համատարած խորագիրի եւ օրակարգի տակ։

Ինչ խօսք, որ «հայապահպանում» հասկացողութիւնը, իր լիարժէքութեամբ, բովանդակութեամբ ու համատեղութեամբ, յարատեւեց եւ ապրեցուց, դաստիարակեց ու լիացուց իրերայաջորդ սերունդներ։

Այո՛, շատ բան կը պարտինք «հայապահպանում»-ի խորիմաստ ու լայնահունչ ըմբռնողութեան, որ դարձաւ բեղուն եւ իմաստալի դպրոց, Սփիւռքը կազմակերպելով ու կերտելով, ճոխացնելով ու ճիւղաւորելով, որովհետեւ յետեղեռնը, այլընտրանք չէր ձգած ու չէր ձգեր, բացի «հայապահպանում»-ի կենդանացնող սնունդով սնուելու ու գոյատեւելու ապահով ու կայուն ուղիներ փնտռելով եւ այդ հիմունքներով դիմելու վերազարթօնքի իրագործումներուն։

Անկասկա՛ծ, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ տարագրուած հայութիւնը ցիրուցան եղաւ եւ իր գոյութիւնը պահպանելու համար, միակ ելքն ու ճարը, «հայապահպանում»-ի արահետներով առաջնորդուիլն էր եւ գալիք սերունդները այդ ոգիով ու շունչով կրթելը։

«Հայապահպանում» մը, իր բազմաճիւղութեամբ ու տարակազմաւորութեամբ, ամբողջ «պատմագրականութիւն» մը հանդիսացաւ եւ անոր սկզբունքներն ու հայեացքները որդեգրելով, ճամբայ հարթեց եւ ակօսեց ընդունելի տարազումներով ու լոզունգներով, հայութիւնը ԵՐԲԵՔ չդարձնելով… թանգարանի պահեստային նմոյշ։

Ինչ խօսք, որ «հայապահպանում»-ը հայ ժողովուրդին համար նորութիւն չէր, անիկա կար պատմութեան երկարամեայ յառաջխաղացքներու ընթացքին, բայց մնաց կանգուն, իսկ 1915-էն ետք ան ստացաւ բոլորովին նոր գունաւորում, արժեւորում ու գնահատում, մանաւանդ երբ իր «լինել-չլինելու» հրամայականներուն առջեւ, անխուսափելի կը դառնար «հայապահպանում»-ի նման հզօր եւ ազդու զինամթերքով պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը կարծեն հայութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկած ըլլալ…։

***

Ներկայիս, երբ հայ իրականութիւնը, ի Հայաստան թէ ի Սփիւռս, կը դիմագրաւէ բազմաբնոյթ ու բազմատեսակ մարտահրաւէրներ, արդեօք նոյն «հայապահպանում»-ը կրնա՞յ նպաստել անոր դէմ ծառացած նորագոյն կոշտ ու կոպիտ օրակարգերուն։

Միամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու, որ «հայապահպանում»-ի երէկուան միջոցներով ու կարելիութիւններով կարելի է պայքարիլ հայ ժողովուրդին դէմ ցցուած բազմակուտակելի խոչընդոտներուն ու տարաբնութագրելի աղէտներուն դէմ, զի անոնք այնքան շատ են ու տեսակաւոր, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ։

Այս դառն ճշմարտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ, եթէ ոչ՝ «հայապահպանում»-ի ոլորտները նոյն արժեչափերով կարելի չէ կշռել, որքան ալ անոնք ըլլան միաձուլուած, պարզապէս անոր համար, որ այժմու պահանջքները, ժամանակները, պայմաններն ու պարագաները հիմնապէս տարբեր են, հետեւաբար կայ միտում (թերեւս ալ ստիպողութիւն) նոր դիտարկումներով ու վերափոխուած եզրոյթներով «հայապահպանում»-ին հետ վերաբերուելու, առանց սակայն մոռնալու կամ անջատուելու այն հորիզոնականներէն, որոնք իրենց դրականութեամբ նպաստաւոր եղած են այդ երթին, իսկ այժմ կայ նոր (ոչ-տարբեր) ուղի մը, որ հեռու ըլլալու է կրկնութիւններէ, բայց անպայմանօրէն յարմարուելու տիրող մթնոլորտին, առանց թերագնահատելու «հայապահպանում»-ի դերն ու արժէքը, որոշապէս վերանորոգուած ու վերակազմաւորուած լծակներով։

Հոս է, որ պէտք է ըլլալ զգոյշ եւ ուշադիր, չիյնալու համար ծայրայեղութիւններու մէջ կամ դառնալու գերին ոչնչութիւններու եւ դատարկապորտներու, որոնք ողողած են աշխարհը իրենց այլանդակութիւններով ու միմոսութիւններով, առաւել՝ վարակուած բջջային անհեթեթ ու խաբուսիկական վարկածներով։

Իսկ այս խայտաբղէտութիւնները թերեւս ամէնէն շատ կը վնասեն ու կը վտանգեն հայ իրականութեան, իր զանազան արտայայտութիւններով, միջամտութիւններով ու սայթաքումներով։

Անգամ մը պէտք է նայիլ մեր չորսդին, տեսնելու ու զգալու թէ մեր «հայապահպանում»-ի նուիրականութիւններուն ո՜րքան հարազատ մնացած ենք, եւ ո՜րքան հեռացած։

Ճիշդ է, յաճախ մեր մատները կը դնենք մեր վէրքերուն վրայ, բայց «կը բուժե՞նք» զանոնք կամ կը ձգտի՞նք… «բուժելու», թէ՞ զանոնք կը մատնենք մոռացութեան, անորոշութեան եւ անիրաւութեան, երբ այնքա՜ն կարիքը կայ զանոնք խնամելու եւ գուրգուրալու եւ ոչ թէ՝ արգահատելու, անտեսելու եւ շրջանցելու, երբ հիմա՛ ամէնէն աւելի պէտք է լծուիլ անոնց կարգաւորման, դասաւորման ու հիմնաւորման վսեմ աշխատանքներուն։

***

Նիւթը, որուն պիտի անդրադառնամ, արդէն իր խորագիրով պերճախօս է եւ յաճախ ալ քննարկումի արժանացած, մամուլով, խորհրդակցութիւններով, ժողովներով, երբեմն ալ՝ ուսումնասիրութիւններով կամ վիճակագրութիւններով։

Անշուշտ, նման մօտեցումներ, մտածումներ ու հրապարակումներ օգտակար եղած են եւ ընդհանրապէս լոյս սփռած այդ բնագաւառներուն վրայ, նկատի ունենալով, որ անոնք ո՜րքան հրատապ են, այժմէական եւ հրամայական, զանոնք դարձնելով կիզակէտային մտահոգութիւններ եւ առաջադրութիւններ։

Այդուհանդերձ, այդ նախաձեռնութիւնները, փորձագիտութիւններն ու սերտողութիւնները, բաւարար չեն եղած, որ «արմատական» լուծումներու եւ «հիմնական» բարեկարգումներու հետքերով զարգանան հոլովոյթները ու նպաստեն մեր վերնագիրին մէջ արձանագրուած եւ յիշուած դաշտերուն։

Եթէ մէկ կողմէն այդ «թուլացում»-ները կը վերագրուին անհրաժեշտ զգօնութեան, հետեւողութեան ու նախանձախնդրութեան բացակայութեան կամ անբաւարարութեան, միւս կողմէն ալ, ոչ-նուազ տարողութեամբ, անոնք առնչուած են համապատասխան մասնագէտներու չգոյութեան կամ նուազումին, իսկ անոնք մեծապէս կը տուժեն հայերէնը՝ իր տարբեր ճիւղերով ու բաժիններով զգաստ պահելու անմիջականութեան, արտադրականութեան եւ յարատեւութեան, զայն միշտ կանգուն եւ արդիւնաշատ տեսնելու հեռանկարներով։

Այս առիթով, մեր այս գրութեան մուտքին, յատուկ դիտաւորութեամբ յիշատակած էինք «հայապահպանում» եզրին մասին, որուն լծակները ամուր եւ յուսադրիչ դարձնելու պայմաններով պէտք է դիտել, որպէսզի նախ քայլ պահուի տիրող մտայնութիւններուն ու դատումներուն հետ, ապա «հայապահպանում»-ի ըմբռնումն ու գործունէութիւնը դրուին ոչ միայն անշեղ ուղեգիծի վրայ, այլեւ զայն պարուրել նորագոյն հնարքներով, առանց սակայն խեղաթիւրելու կամ լուսանցքելու անոր ոգին, էութիւնը եւ ինքնութիւնը։

***

Այս առումով, կ’արժէ յիշել հետեւեալ անժխտելի եւ անվիճելի «հայապահպանում»-ի սիւները, որոնք զայն կը պահեն աներեր, գործունեայ, բերքաւոր, մշտանորոգ ու գրաւիչ, միանգամա՛յն ծառայելով հայ ժողովուրդի կենսունակութեան, առատաշնորհութեան ու կենդանութեան, որոնք այնքան անհրաժեշտ ու կարեւոր են, որ «հայապահպանում»-ը միշտ մնայ իր կոչումին ՀԱՐԱԶԱՏ կրողը եւ սերունդներու դաստիարակութեան մշակողը։

Իսկ հայութիւնը օդի ու ջուրի նման կարիքը ունի իր արմատներուն տէր դառնալու, առանց ընկրկումի ու նահանջի, տատանումի եւ անկիւնաւորումի, անձնատուութեան ու գերեվարութեան։

«Հայապահպանում»-ի աննկուն սիւներն են (եւ պէ՛տք է մնան այդպիսին), պայմանաւ որ հաւատարիմ դառնան իրենց ուխտին ու տեսիլքին, թէեւ, երբ կը թուենք զանոնք, դէմ-յանդիման կու գանք անխուսափելի (բայց ոչ-ընդունելի) «պարապութիւն»-ներու, որոնք կրնան տկարացնել հայու դիմադրականութիւնն ու տոկունութիւնը։

Այսպէս.

  • ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ ՈՒ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Հայկական վարժարանները պատնէշի վրայ են, թէեւ զգալի փակումներով ու միացումներով, որոնց ոչ-բոլորը արդարանալի ու համոզիչ էին, բայց չոր իրականութիւնը ինքզինք պարտադրած է, երբ պէտք էր ըլլար աւելի գիտակից ու հեռատես կամ գտնէր զանոնք դարմանելու միջոցները կամ խուսափելու ահաւորագոյններէն, կարելի չափով տրամաբանական հաշուարկներով։

Ի դէպ, հայ ուսուցիչներով ոչ միայն հարուստ էինք, այլեւ՝ գէթ լիբանանահայութիւնը այլ գաղութներ իսկ կը մատակարէր ուսուցիչներ, խմբագիրներ, գործիչներ ղրկելով, որոնք անխառն շնորհակալութեամբ կ’ողջունուէին, իսկ այսօր բաբախուն այս գաղութը ինք կ’ապրի այդ… ակամայութիւնը, միչդեռ կար ժամանակ, երբ արաբական դպրոցներուն մէջ իսկ ունէինք յարգելի ու բազմակարող ուսուցիչներ։

Աշակերտութեան թիւերու նուազումը, որքան ալ ցաւալի, քաղաքական-ապահովական վտանգներու արդիւնք է, սակայն երբ անոնք ոչ-հայկական դպրոցներ կը յաճախեն, ասիկա ահաւոր անփութութիւն է, որուն համար պատկան պատասխանատուներ (գտնուելու են) պէ՛տք է գտնուին աչալրջութեան գերագոյն պատասխանատուութեան դիմաց։

  • ՀԱՅ ԹԵՐԹ ՈՒ ՀԱՅ ԽՄԲԱԳԻՐ (ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ)

Հայ մամուլը, իր պատմութեան մէջ, միշտ ինքզինք գերազանցած է իր որակով ու մակարդակով, ճոխութեամբ ու բովանդակութեամբ, դերակատարութեամբ եւ ընթերցասիրութեամբ, մինչ այսօր «կը շնչէ», բայց, մեղմ ըսած, հիւանդագին կարգով, որուն պատասխանատուութիւնը միշտ չէ որ կ’երթայ ընթերցողին, այլ՝ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան, որուն մէջ… «կը փայլին» ԱՆՅԱՆՁՆԱՌՈՒ եւ ԱՆԻՐԱՏԵՍ տժգոյն դէմքեր, իսկ այս ընթացքը կրնայ աղիտաբերութեան տանիլ «լոյսի աղբիւր» թերթը, մանաւանդ որ այսօրուան դրութեամբ, բացի մատի վրայ համրող յարգելի խմբագիրներէ ու հրապարակագիրներէ, դժուար է գտնել նորակոչիկներ ու փոխարինողներ, ոչ թէ «չկայ»-ի պատրուակով, այլ՝ այս մէկն ալ ձգելով… ԱՆՂԵԿութեան դարպասներուն առջեւ։

  • ՀԱՅ ՀԱՅԵՐԷՆԱԳԷՏ ՈՒ ՀԱՅ ԲԱՆԱՍԷՐ

Խորհրդային Հայաստանի պանծալի եւ երախտաշատ օրերուն, Սփիւռքէն եւ յատկապէս Լիբանանէն ու Սուրիայէն, ի շարս այլ մասնագիտական ճիւղերու հետեւորդներուն, հասարակագիտական-հայագիտական նիւթերուն, զգալի թեկնածուներ ալ կային, որոնք ընտրած էին հայերէնագիտութիւնն ու բանասիրութիւնը, այդ հարուստ գիտելիքներով զինուած, վերադառնալու Սփիւռք ու ծառայելու իրենց առաքելութեան ու կոչումին, յանուն հայութեան, հայրենիքին ու համայնքներուն։

Այժմ կը դժուարանամ ըսելու, թէ անոնցմէ քանի՞ հոգին մնաց հարազատ ու հաւատարիմ իր ձեռք ձգած մասնագիտութիւններուն…։

Այսօր հայերէնագէտ փնտռելը (ալ ո՜ւր մնաց բանասէրը) իսկական… ցնորք է, հակառակ որ լռելեայն քաջալերողներ կան, բայց… ականջ չդնողներ ալ կան, վերէն վարէն, աջէն ու ձախէն։ (Այս ալ ուրիշ պատմութիւն)։

***

Ահաւասիկ, հին ու նոր հսկայածաւալ թղթածրար մը, որ վերջին տարիներուն դարձաւ մնայուն մղձաւանջ, իր այս եւ այլ՝ լուծուած-չլուծուած, մասնակի թէ մասամբ տնօրինումներով, սակայն ցաւը, հոգը մնացին շեշտակի, երբ «դեգերում»-ները չկրցան ուղիներ գտնել կամ իրենց նպատակին հասնիլ, ուրեմն ի՞նչ, «գնացք»-ը այս ճամբով կրնա՞յ ընթանալ, թէ՞ պիտի սուլէ՛-սուլէ՜, շոգիէ՛-շոգիէ՜ ու հետզհետէ խամրի ու տժգունի…։

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ