
Ամեակներ կու գան ու կ’անցնին, տուրք կու տանք անցելապաշտութեան, վարագուրելու համար ներկայի գորշութիւնը: Առանց փողի եւ թմբուկի, առանց փուչիկներով խաղալու, կը մտածե՞նք գալիքի մասին, որ արդէն մեր նահանջներու ներկան է:
Հայ եւ հայութիւն ընդհանրացած եւ կրկնուող բնորոշման տակ գտնուող մարդիկ եւ հաւաքականութիւնները ի՞նչ եղած են եւ այսօր հասարակաց ի՞նչ ունին, որպէսզի անոնց հայ ազգի շարունակութիւն ըլլալը երաշխաւորուի, որ տեսութիւն կամ ենթադրւթիւն չ’ըլլար միայն այն ատեն, երբ առանց քաղքենիական ճապկումներու կը կարենանք ըսել, որ անխարդախ կը պահենք հայու ինքնութիւնը եւ հայկական քաղաքակրթութիւնը, որոնք նախահայրերու կտակ են, երեւակայական հնարանք չեն, բառերու չարչրկում չեն:
Եթէ այդ կտակին տէր չենք, եթէ անոր մէջ չենք, դադրած կ’ըլլանք շարունակութիւն ըլլալէ, կ’ըլլանք ԱՅԼ, կը յայտնուինք ընդհանրացած ընկերաբանական ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ յորջորջումին մէջ, կ’ըլլանք յիշատակի ազգ կամ ժողովուրդ, ընտանեկան լուսանկարներու ալպոմի պէս բան մը, բայց ո՛չ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, որ ժամանակ մըն ալ կը զուարճանայ խոհանոցով, ծափով, «ԵՍ-ԵՍ»-ով, շաբաթավերջի թանգարանային պարծանքներով, խոհանոցով, կամ աթոռ-աթոռակի խաղերով:
«Շարունակութիւն ազգ» ըլլալու համար պէտք է գիտնանք թէ ի՞նչ պահած ենք, եւ ի՞ նչ չենք պահած հայ ազգի ինքնուրոյնութիւնը յատկանշող ստորոգելիներէն: Հարկ է ճշդել եւ գիտնալ, որ յաջորդական լքումներով, կ’ըսենք՝ պատշաճեցումներով, ի՞նչ խաթարած ենք եւ ի՞նչ կորսնցուցած, եւ կը շարունակենք կորսնցնել: Եղած են արտաքին ազդակներու ճնշումներ, եղած են թշնամիներ, բայց հայ ժողովուրդը դիմադրած է: Հարց է, թէ մինչեւ ե՞րբ կրնայ դիմադրել եւ կ’ուզէ եւ կրնայ դիմադրել, մնալով հերոսապատումի մշուշին մէջ, ներշնչարան, որ փուճ է եթէ այդքան մնայ, անմիջական ներկայ արարում չըլլայ, հոն մնանք, եւ բաւարարուինք հէքիաթով, ի հարկէ՝ բազմաթիւ:
Ինքնութիւն-քաղաքակրթութիւն զոյգը բառերու միգամած չէ, ան կ’ենթադրէ անշրջանցելի իրականութիւններ, առանց որոնց ԱԶԳը դադրած կ’ըլլայ որպէս ինքնուրոյն ընկերամշակութային իւրայատկութիւն ըլլալէ: Անհայրենիքներու խմբաւորումները դատապարտուած են ԱԶԳ ՉԸԼԼԱԼՈՒ, անոնք, վաղ թէ ուշ կ’ըլլան այլ, կը գումարուին երկիրներու տէր ուրիշ ազգերու վրայ, կ’ընդունին նոր ինքնութիւն, որ նախկինի շարունակութիւն պիտի չըլլայ: Այս ըմբռնումով պէտք է դիտել Սփիւռքը եւ դիրքորոշուիլ յարաճուն ՍՓԻՒՌՔԱՑՄԱՆ ընթացքին դէմ, որ անհատներու մեծ կամ փոքրիկ քայլերով խուճապ է, ո՛չ մէկ ձեւով ազգապահպան կամ ազգակերտ է՝ հայկական ինքնութեան եւ քաղաքակրթութեան ըմբռնումով:
Սովորական դարձած է եւ արդիականութիւն կը համարուի մեծ կամ պզտիկ քայլերով հայերու հեռացումը իրենց ազգային ինքնութեան եւ քաղաքակրթական յատկանիշներէն: Հեռացում՝ որ կը կատարուի անզգալաբար՝ գործնապաշտութեան տուրք տալով: Այսպէս, համաճարակ սովորութիւն է, աւելի ճիշդ՝ ախտ է, հայկական-հայերէն անձնանուններու եւ ազգանուններու փոխարինումը օտար անուններով, որ շրջապատին պէս ըլլալու, շարունակութիւն չըլլալու ընթացք է, որ կը կատարուի թեթեւամիտ արդիականութեան տուրք տալով, եւ հայածնունդ մանուկները կը կոչուին հայու պատմութեան, արմատներուն եւ ընտանեկան բարքերուն հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունեցող անուններով: Կը լսենք, կը վարժուինք: Ո՛չ ոք կը զարմանայ, մկրտող քահանան նկատողութիւն չ’ընէր երբ նորածինը կը կը մկրտէ Էմիլ կամ Էմիլիա, Քեվին կամ Սվետլանա, Ռոպերթօ կամ Ապերթօ, Շարլ, եւ Չարլզ, Քրիսթոֆըր, Պրիժիթ, Տիանա, Միւրիէլ, Ֆրանսուա, Ֆրանք, փոխան Արշակի, Հայկի, Զարեհի,Վահագնի, Արամի, Յասմիկի, Շուշանի, Անահիտի, Անիի, Գայեանէի…
Այս կ’ըլլայ շրջապատէն չտարբերուելու եւ յաջողելու համար դիմակ կրելու: Զարմանալի է, որ կը հանդուրժենք, մեծ հայրիկներ եւ մեծ մայրիկներ կը հանդուրժեն, քայլ կը պահեն: Նոյն հունով կ’ընթանայ նաեւ օտարախօսութիւնը, հայերէնի գործածութենէն հրաժարումը, տեղացիէն աւելի լաւ անոր եզուն խօսելու տսնափառութիւնը, որ արմատներէ հեռացում է, շարունակութիւն ըլլալէ հրաժարում:
Սփիւռքի հայը գիտէ, որ հոն ուր ինք կը գտնուի, ուր եկած է, ինք հոն օտար է, նոյնիսկ երբ այդ իրեն բացորոշ կերպով չեն ըսեր, իսկ ինք իր կարելին կ’ընէ որպէս օտար չներկայանալու համար: Տան մէջ հայախօս հայ հայր եւ մայր, իրենց մանուկ զաւակներուն կը թելադրեն տունէն դուրս, փողոցը երբ կը քալեն, հայերէն չխօսիլ, որպէսզի դրացի եւ անցորդ չգիտնան որ օտար են: Իսկ Քեվինը եւ Միւրիէլը հայկական դպրոց պիտի չերթան, որպէսզի տեղւոյն լեզուն հայերէնի շեշտով չխօսին եւ կեանքի մէջ յաջողելու համար տեղացի ընկերներ ունենան, ինչ որ օգտակար կրնայ ըլլալ իրենց ապագայ ասպարէզին մէջ յաջողութեան: Այս ընթացքը ինքնապարտադրուած ձուլում է, assimilation: Առանց ճապկումներու պէտք է ըսել՝ ինքնութենէ հրաժարում եւ այլացում՝ վասն լաւ ապրելու իրաւունքի: Եւ վերջ: Դեռ ժամանակ մըն ալ ըսողներ պիտի ըլլան՝«որ մեծ հայրս հայ էր» եւ յետոյ ոչինչ…
Այս ինքնութեան խաթարման զուգահեռ ընթացած է եւ կ’ընթանայ քաղաքակրթական-մշակութային օտարումը, միշտ պատշաճեցման եւ տեղական-տեղայնական ինքնահաստատման եւ փառասիրութիններու ենթահողի վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ Սփիւռք, հայ ժողովուրդի դարաւոր քաղաքակրթական-մշակութային դիմագծութիւնը եւ խորքը ունեցած են երկու առանցքներ. հայերէն լեզուն եւ քրիստոնէութիւնը, որոնք ընդելուզուած են իրարու: Եթէ վերականգնումի, տոկալու եւ տեւելու մասին պիտի խօսինք, մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ իրապէս ի՞նչ պահած ենք անոնցմէ եւ պատասխան փնտռենք առանց խուսափողական խօսքի աճպարարութեան, ինչո՞ւ նաեւ չխուսափելով ինքնաքննադատութենէ:
Քրիստոնէական քաղաքակրթութիւն ունեցած ենք եւ հաւանօրէն դեռ ունինք, բայց կարծէք ոչ ոք կ’անհանգստանայ, որ ունինք երեք տեսակ քրիստոնէութիւն, եթէ անտեսենք անգամ ասդին-անդին յայտնուած մանրուքները, աղանդները, ունինք երկու առաւել մէկ կաթողիկոսներ, նոյն քաղաքի նոյն փողոցի երկու ծայրերուն՝ երկու առաջնորդարաններ, երկու եկեղեցիներ, ուր երբեմն տարբեր լեզուներով կը խօսինք Աստուծոյ հետ:
Ինչպէ՞ս կրնանք մէկ ըլլալ: Կ’ըսենք որ ունինք մէկ լեզու, բայց կը խօսինք եւ կը գրենք յար աճող տարբեր եւ անհարազատ բառերով եւ տարբեր ուղղագրութիւններով, եթէ դեռ չխօսինք եւ չգրենք հայերէնի հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող այլ լեզուներով: Այս այլազանութիւններուն եւ այլանդակութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս ԱԶԳԻ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ կը ստեղծուի: Ինչպէ՞ս ազգ կամ մէկ կ’ըլլանք
Կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ յիշել ազգի ըմբռնում ունեցող մեծ արուեստագէտ եւ մտաւորական Սօս Սարգսեանի խօսքը, որ «Մեսրոպ լեզուով միացուց ազգը եւ մենք լեզուով բաժնեցինք»: Արդարեւ, ինչպէ՞ս պիտի միանանք եւ զիրար հասկնանք եւ մինչպէ՞ս միասին գործենք, երբ մենք մեզի կը պարտադրենք երկու աշխարհաբար հայերէն, երկու ուղղագրութիւն եւ կը միտինք սերունդ դաստիարակել, կրկնելով «միացում-միութիւն»: «Աբեղեանական» կոչուած ուղղագրութեան բաժա նման աղէտը երբեք ըստ արժանւոյն չգնահատուեցաւ, ազգի միացման եւ շարունակման տեսանկիւնէ, ան դասական-գրաբար հայերէնը դարձուց «մեռեալ լեզու», կամ «ծիսական» լեզու, որ կը լսուի եկեղեցիի խորանէն, այդ լեզուով ստեղծուած գրականութիւնը դատապարտելով ըլլալու մասնագէտներու վերապահուած ուսումնասիրութեան դաշտ: Այս աղէտին վրայ գումարուեցաւ եւ կը գումարուի «լեզուի հարստացման» միտող տառարադձութեամբ ստացուող հազարաւոր, եւ յարաճուն օտար բառերու կարծեցեալ հայացումը, որ շարունակուող բարբարոսութիւն է, ենթադրեալ յառաջդիմութեան եւ արդիականացման պիտակով, ըսելով՝ որ «լեզուն կը հարստանայ եւ կը յառաջդիմէ»:
Ինքնադրժումի նոր ուղի բացուած է համացանցի վրայ յայտնուող լատինատառ հայերէնով եւ արեւմտահայերէնը համակարգիչի արուեստական ուշիմութեամբ աբեղեանական ուղղագագրութեամբ աշխարհաբարի վերծանումով: Հիմա արդէն մոռցուած, Ճեմարանի առաջին սերունդէն գրող Ժիրայր Աթթարեան, պարզին վսեմութեամբ «արդի ուղղագրութիւն»ը կը կոչէր «սխալագրութիւն»:
Այս բազմատեսակ կոտորակումներու վրայ կը գումարուին մեր զանազան, ինչո՞ւ չըսել «զարմանազան» կուսկացութիւններու եւ անհատնում «մարգարէաշունչ» կարծիքները, որոնք միշտ ազգ առաջնորդելու յաւակնութիւններով կը ներկայանան, հոն ուր «հայեր» կան, որոնք այս կամ այն ձեւով, հրաժարումներու հանդէս կը խաղան, «երեւելիութեան» բեմին վրայ, նախագահներով, եւ ատենապետներով, խօսք շռայլելով:
Հայ մարդիկ կը լսեն, կը ծափահարեն եւ կը մնանք տասնամեակներ առաջ ապրած այն հայ մարդու մը վիճակին մէջ, որ լսելէ ետք տիրական դիրք ունեցող անձնաւորութեան մը սաւառնող խօսքերը, ծափերու աղմուկին բերելով իր մասնակցութիւնը, ըսած էր. «Ի՜նչ լաւ կը խօսի, մարդ բան չի հասկնար»…
Արդարեւ եթէ հասկնալիք բաներ ըսուին եւ եթէ իրատեսութեամբ հասկնանք…
Սին բառերով եւ բազմագլուխ սին հանգամանքերու բանն ու գործը այնպէս բարդ է, ոազմագոյն եւ տպաւորող, որ զանգուածները միշտ պիտի շարուակեն կրկնել հանցեալի ամեստ բայց միշտ ներկայ հայուն պէս, որ «ի՜նչ լաւ կը խօսին եւ կը գրեն, «մարդ բան չի հասկնար»:
Չե՞նք տեսներ որ ամէն բան գլխիվայր շրջուած է:
Ազգովին պիտի ունենա՞նք անկլօսաքսոններու «ճիշդ մարդը ճիշդ գործին» թելադրող շատ մեծ իմաստութիւնը… the right man in the right place…
Երկու աշխարհաբար, երկու ուղղագրութիւն, փոխ-առնուած անհարազատ բառեր, օտարախօսութիւն եւ գումարուող տեսակէտներ…
Պիտի չզարմանամ եթէ օր մը, նոր հանճար մը, լատինատառ հայերէնի ծրագիր մը մշակէ եւ եւ մենք, վասն նորաձեւութեան կամ արդիականութեան, այդ որդեգրենք… Նախընթաց կայ: Հայ Յակոբ Մարթայեանը այդ ըրաւ թրքերէնի համար, ինչո՞ւ ուրիշ հայ մը այդ պիտի չընէ հայերուն համար: Արդէն տառադարձութամբ ստացուած հազարաւոր մուրացածոյ բառերով ճամբայ հարթուած է…
Եւ կը մտնենք անկասելի յառաջդիմութեան «՞ ՞ ՞» հոսանքին մէջ: Եթէ արդէն անոր մէջ չենք: Ո՞ւր կը հասնինք:
Պիտի գտնուի՞ն սեղանը շրջող Մեսրոպի ժառանգներ, որոնք պիտի չհետեւին այն «վայ-հայ»երուն, որոնք կ’ըսեն, թէ «Արարատը երբեք Հայաստանի եւ հայուն չէ պատկանած, ինչո՞ւ պիտի չըսեն նաեւ, որ հայերէնն ալ չէ եղած, եղած են յունարէնն ու ասորերէնը: Եւ վերջ:
Պիտի հասկնա՞նք որ Հայը եւ Հայաստան(ներ)ը ձանձրացող կուշտերու շաբաթավերջի երազանք չեն..
Կը բացուի՞ Մհերի դուռը, որպէսզի վերադառնայ Դաւիթի զարմը, եւ գայ Հայ Մովսէս մը, եւ անոնք Հայկի ու Արամի ժողովուրդը տանին իր ինքնութեան հոգեբարոյական տարածքը, որ «թուքով չկպցրած» ամբողջական ինքնութիւն է:
Այս ընելու համար պարտութեան եւ լքումներու տիղմէն դուրս պէտք է գալ սեփական ուժով եւ հաւատքով, գիտնալով, որ ոչ ոք մեր փոխարէն այդ պիտի ընէ, եւ վաղը միշտ ուշ է այդ ընելու համար: Այս ճշմարտութիւնը մէկ է, այդ պատգամած է Եղիշէ Չարենց: Պատգամ՝ որ խօսափողի աղմուկ չէ, իրաւի խորքով հաւաքական ուժ է:
Յակոբ Պալեան







Մեկնաբանէ