
Հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութիւնը այսօր՝ 21րդ դարուն, հասած է պետականութիւն կառուցելու ճակատագրական փուլին։ Ըսել կուզեմ, ներկան հայ ժողովուրդի պատմութեան այն հանգրուանն է, երբ պետականութեան հաստատումն ու զարգացումը անյետաձգելի քաղաքական օրակարգ կը դառնան հայրենիքի գոյատեւման համար։
Ուշագրաւ է նաեւ հայրենի միջավայրը։ Այսօր, ականատէս կ՛ըլլանք երկրին քաղաքական եւ տնտեսական ընթացքը ճշդող իշխանութեան նորազատական մօտեցումին։ Նորազատական միջավայրն է ներկան, հետեւաբար այդ միջավայրին մէջ պէտք է քննել թերութիւնները եւ երկրի պետականութեան կառուցման եւ զարգացման կարելիութիւնները։
Նախ, կարեւոր է անդրադառնալ, որ միջազգային քաղաքական ներկայ կառոյցին մէջ (ոմանց համար՝ բազմաբեւեռ կառոյցին մէջ) հաստատուելու եւ կառուցային այդ տրամաբանութեամբ պետական նորազատական քաղաքականութիւն ճշդելու ընթացքը ունի անխուսափելի հետեւանքներ։ Այդ հետեւանքներուն մատնանշումը հայ քաղաքական մտքին համար անհրաժեշտ ախտաճանաչումներ ընելու եւ քաղաքական մտածողութեան նոր տարածքներ որոնելու առիթ կը ստեղծեն։
Անխուսափելի այդ հետեւանքներէն առաջինը պէտք է նկատել ընկերային յարաբերութիւններու եւ պետական ներքին զարգացման ծառայող ենթակառուցային տուեալներու անտեսումը՝ ի շահ միջազգային կամ շրջանային տնտեսական եւ քաղաքական կառուցային ներկայ իրականութեան ու, մանաւանդ, ի շահ համաշխարհայնացած տնտեսութեան յատուկ տրամաբանութեան հաստատումին։
Անխուսափելի երկրորդ հետեւանքը պատմութեան անտեսումն է, իբրեւ ընկերային-քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման շարունակական ընթացք։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան անտեսումով կ՛արժեւորուի միայն ներկան, իր անշարժ ու անհոլովոյթ պատկերի վերածուած միջպետական ու ներքին նուիրապետական իրականութեամբ։ Հետեւաբար, ներկայ իրականութեան պարտադրանքին տակ, քաղաքականութիւնը կ՛անջատուի պատմութենէն, հակառակ գիտականօրէն հաստատուած այն իրողութեան, որ պատմութիւն-քաղաքականութիւն համարկումն է, որ ամբողջական իմաստ կու տայ քաղաքականութեան մեկնաբանութիւններուն եւ ժողովուրդի քաղաքական զարգացման ընթացքին։
Երրորդ հետեւանքը ուժի հասկացողութեան թերի եւ միակողմանի զարգացումն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ աւատապետական ներկայ իր նկարագրով։ Նոր հաստատում մը չէ, անշուշտ, որ ուժը քաղաքականութեան մէջ հիմնական գործօն է իր բազմակողմանի ազդեցութեամբ, հետեւաբար նաեւ, եւ անհրաժեշտօրէն, իր ենթակառուցային մակարդակի արտայայտութեամբ։ Սակայն, անխուսափելիօրէն, քաղաքական ներկայ նորիրապաշտ տրամաբանութեան մէջ, ուժի հասկացութիւնը կը ներկայանայ իր նեղ ու ինքնանպատակ սահմանումով եւ ոչ թէ պետութիւններու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու նպատակով։ Հետեւաբար նաեւ ուժը կը գործածուի իբրեւ միջոց՝ ներազգային նուիրապետական կարգեր հաստատելու եւ միջազգային աւատապետական նպատակներ հետապնդելու ուղղութեամբ։
Վերջապէս, կը հաստատուի քաղաքականութեան առարկայական ու սահմանափակ հասկացութիւն մը, իր զուտ շահի եւ վնասի տրամաբանութեամբ առաջնորդուող եսակեդրոն եւ օգտապաշտ նկարագրով։ Քաղաքականութեան պատմական հոլովոյթի առկայութեան անտեսումը կը սահմանափակէ ներկան իբրեւ իրապաշտ եւ առարկայականացած ու անհոլովոյթ պահ, ուր պետական հաստատութիւններն ու միջազգային տնտեսական գերպետական յարաբերութիւնները կը մնան քաղաքականութիւնը սահմանող իրողութիւններ եւ հաշուարկումներու մէջ որոշադրիչ տուեալներ։ Այլ խօսքով՝ քաղաքականութիւնը կը պարփակուի, աւելի ճիշդը՝ կը բանտարկուի ներկայ համաշխարհային կառուցային պատկերին մէջ։
Վերոյիշեալ հետեւանքներէն մեկնելով եւ քաղաքական ներկայ կառոյցի կաշկանդող սահմաններէն դուրս գալու նպատակով, կարելի է ներազգային զարգացման եւ պետականութեան հաստատման ռազմավարութիւն մը մշակել։ Քաղաքականութեան վերոնշեալ նեղ ու սահմանափակ պատկերացումէն դուրս եկող եւ զանգուածային ու ժողովրդավարութեամբ զարգացող ընթացք ճշդող օրակարգ մը (կամ narrative մը անգլիախօսներուն բառով)։
Ներկայ նորազատական կամ նորիրապաշտ քաղաքականութեան անհոլովոյթ եւ զարգացումէ զուրկ ընթացքը եւ անոր անխուսափելի հետեւանքները արդէն անդրադառնալի ու մատնանշելի երեւոյթներ են ներկայ հայ քաղաքական իրականութեան մէջ։ Կարեւորը՝ նուազ աշխարհաքաղաքական ու աւելի պատմաքաղաքական հոլովոյթի արժեւորումն է։ Մանաւանդ, 21րդ դարու մեր գոյատեւման համար այնքան անհրաժեշտ՝ նուազ աւատապետական ու աւելի ենթակառուցային եւ մարդկային արժէքներով հարուստ յառաջդիմական ծրագրումներն են։
Նման օրակարգ մը, իր ճշդած ուղեգծով, ներազգային մակարդակով յառաջապահ դեր կրնայ խաղալ հայ ժողովուրդի պետականութեան կառուցման եւ քաղաքական կեանքի զարգացման մէջ։
Ռազմիկ Շիրինեան







Մեկնաբանէ