Այսօր Սուրիա կը մնայ բաժնուած քաղաքական տարածք մը, որ կը բնորոշուի ոչ միայն աւերիչ քաղաքացիական պատերազմի ժառանգութեամբ, այլ նաեւ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գործող քրտական ուժերու միջեւ չլուծուած լարուածութիւններով։ Պարբերաբար ծագող բախումները, փոխուող դաշինքները եւ վիճարկուած կառավարման համակարգերը կը շարունակեն անկայունութիւն եւ անորոշութիւն ստեղծել, յատկապէս փոքրամասնութիւններու համար, որոնք կը գտնուին տարբեր ուժային կեդրոններու միջեւ։ Այս խոցելի պայմաններուն մէջ, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները՝ ներառեալ հայերը, ստիպուած են իրենց գոյատեւումն ու անվտանգութիւնը ապահովել առանց հաւասար քաղաքացիութեան իրական երաշխիքներու։

Պատմականօրէն Սուրիոյ հայերը կազմած են երկրի հասարակական եւ մշակութային հիւսուածքի անբաժան մասը։ Հալէպը տասնամեակներ շարունակ եղած է սփիւռքահայ կեանքի ամէնէն կենսունակ կեդրոններէն մէկը՝ իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, մամուլով եւ մշակութային հաստատութիւններով։ Այս համայնքային հզօր ներկայութիւնը, սակայն, 2011էն ի վեր կտրուկ կերպով նահանջեց՝ զանգուածային տեղահանութիւններու, տնտեսական փլուզման եւ անվտանգային անկայունութեան հետեւանքով։

Այսօր Սուրիոյ հայ համայնքը թիւով փոքրացած է, հաստատութիւնները թուլցած են, իսկ ապագան խորապէս անորոշ է։ Այն, ինչ որ երկար տարիներ ինքնաբաւ համայնք մը էր, վերածուած է խոցելի մնացորդի մը, որ կը գոյատեւէ հիմնականօրէն քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ սփիւռքեան աջակցութեան շնորհիւ։ Այս իրադրութիւնը Սուրիոյ մէջ հայ ներկայութեան պատմական ընթացքին մէջ խոր եւ վտանգաւոր խզում մը յառաջացուցած է։

Հայկական երեք կրօնական յարանուանութիւնները այս պայմաններուն մէջ կը շարունակեն խաղալ աւելի լայն դեր, քան զուտ հոգեւոր առաջնորդութիւնը։ Անոնք կը գործեն որպէս համայնքային կառավարման առանցք, մարդասիրական աջակցութեան կազմակերպիչներ եւ պետութեան հետ միջնորդներ։ Պատերազմի տարիներուն եկեղեցիները վերածուեցան նաեւ ապաստանի եւ պաշտպանութեան վայրերու՝ շարունակելով Արեւելեան քրիստոնէութեան մէջ արմատացած պատմական աւանդոյթ մը։

Հայերու եւ Սուրիոյ այլ կրօնական համայնքներուն յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ խաղաղ եղած են, սակայն միշտ ալ հիմնուած գործնական համակեցութեան, այլ ոչ թէ իրական հաւասարութեան վրայ։ Պատերազմը ի յայտ բերաւ այս համակեցութեան փխրուն բնոյթը եւ փոքրամասնութիւններու խոցելիութիւնը՝ պետական իշխանութեան կազմաքանդման պայմաններուն մէջ։

Սուրիոյ մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը կը մնայ խորապէս արմատացած, սակայն նաեւ լրջօրէն վտանգուած։ Տէր Զօրի նման վայրեր կը յիշեցնեն, որ այս ներկայութիւնը միայն մշակութային չէ, այլ նաեւ պատմական յիշողութեան եւ հաւաքական տառապանքի մաս է։

Այսօր հարցը այլեւս միայն վերակառուցում չէ, այլ գոյատեւման քաղաքական եւ իրաւական պայմաններու ապահովումը։ Առանց հաւասար քաղաքացիութեան, կայուն անվտանգութեան եւ իրական իրաւունքներու, Սուրիոյ հայ համայնքին ապագան մռայլ կը մնայ։ Նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ նաեւ քրիստոնեայ այլ համայնքներուն՝ անկախ այն բանէն, թէ որ ուժը կը վերահսկէ տուեալ տարածքը։

Ցաւօք, աշխարհաքաղաքական արագ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ ընթացող լուրջ ու շարունակական ճգնաժամային պայմաններուն տակ, Սուրիոյ հայ համայնքի վիճակը կարծէք այլեւս առաջնահերթութիւն չէ Սփիւռքի մեծ մասին համար։ Միջազգային ուշադրութեան եւ սփիւռքեան ներուժի սահմանափակման այս մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ հայերը կը մնան լուսանցքի վրայ՝ իրենց գոյութենական խնդիրներով եւ անորոշ ապագայով։

Հրաչ Չիլինկիրեան
Տարբերակ21

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ