Այսօր ես իմ Կաղանդ Պապուկս ստեղծեցի: Տեսքով շատ դիւրեկան ու բարի է, բայց անոր կը պակսի կենարար շունչը, որպէսզի խօսի, շարժի, քալէ եւ իր խաղերով զուարթացնէ սիրտերը:

-Որքա՜ն գրաւիչ ես սիրելի, Կաղանդ Պապո՛ւկս, երանի՜ իսկական ըլլայիր ու հետս հաղորդակցէիր եւ ես քեզի պատմէի այս տարուայ ընթացքին կեանքիս անցուդարձերը: Ոմանք շատ պարզ էին ու ընթացիկ, իսկ ոմանք ալ անսպասելի ու ցաւցնող: Երբ ցաւ կ՚ըսեմ նկատի չունիմ ֆիզիքական ցաւերը, քանի, որ անոնք կու գան ու կ՚երթան, բայց զգացական աշխարհի ցաւերը ուժգին կը հարուածեն ու կը զգետնեն անհատը: Մէկ կողմէն լաւ է, որ չես լսեր, կարիք չկայ քեզի վրդովեցնելու եւ դէմքէդ ժպիտդ խլելու:Դուն միշտ բարութեամբ ժպտա՛ եւ ժպիտդ թող վարակիչ ու շողշողուն ըլլայ: Յաճախ հարց կու տամ, որ դուն ինչպէ՞ս կրնաս այսքան անփոփոխ ու սիրելի մնալ: Չեմ գիտեր անձ մը, որ միայն անունդ լսելով չուրախանայ, իսկ քեզ տեսնելով չհրճուի: Նոյնիսկ եթէ ոմանք քու ցուպդ կ՚օգտագործեն ներկայացնելով զայն, որպէս չարերը պատժող գաւազան։

Ա՜խ, երանի կարենայի քեզի համար քալող ոտքեր ստեղծել եւ հետդ շրջագայիլ ու այցելել անհատներու, որոնք կարիքը ունին՝ ուշադրութեան, կարեկցանքի, սիրոյ, հոգածութեան: Հոգ չէ, եթէ ոտքերդ չեն քալեր. պիտի փորձեմ գրկել քեզի։ Հը՛մ. այդքան ալ ծանր չես. այսօր ես քու ոտքերդ կ՚ըլլամ: Անշուշտ մեր մէջ թող մնայ այս փոքր գաղտնիքը:

Կաղանդ Պապուկս շալկած կը քալեմ, բայց ափսոս յստակ ծրագիր մը չունիմ, թէ որմէ՞ սկսինք մեր այցելութիւնը:

-Կաղա՛նդ Պապո՛ւկ, եկո՛ւր այս տարի դերդ փոխէ եւ նիւթական նուէրներ բաժնելու փոխարէն, մօտենանք մարդոց սրտերուն, ներաշխարհին ու զգացական կարիքներուն: Լսենք անոնց ցաւերը, իղձերը, կարօտը, յուսախաբութիւնները եւ ըստ այնմ խրախուսիչ խօսք մը, կարեկցանքի կաթիլ մը, յուսալից ժպիտ մը, փոխանցենք անոնց: Շատեր կան, որոնք նիւթապէս ինքնաբաւ են, ուրիշներ ալ շատ հարուստ եւ շռայլ կեանք մը ապրելու բոլոր նախապայմանները ունին: Անոնց համար փայլուն թուղթերուն մէջ փաթթուած իրերը ոչինչ պիտի նշանակեն: Եկուր ճանչնանք անոնց իսկական կարիքները:

Ահա, հո՛ս կ՚ապրի Տիկ. Արուսեակը, խեղճս այս տարուան կիսուն կորսնցուց իր երիտասարդ զաւակը: Արուսեակին պիտի չուրախացնէ գունաւոր ուլունքներով մանեակ մը, կամ կաշիէ պայուսակ մը: Եկո՛ւր երթանք իր մօտ նստինք՝ լուռ ու մունջ, առանց փիլիսոփայելու եւ կամ միմոսութիւններ ընելու: Պարզապէս մենք գտնուինք իր կողքը եւ մեր ներկայութեամբ վշտակցութիւն ու կարեկցանք ցուցաբերենք:

Ահա այս դուռին ետեւ կայ յուսախաբուած Հայկուշը: Ան Սերոբին մեղրածոր խօսքերուն հաւատաց, որոնք մեղուներու նման տզզացին ու հեռուներ թռան: Խե՜ղճ Հայկուշ, ինչ ըսենք, որ Միսաքը քաղցրախօս մը չէր, թէեւ ան իր գործերով փորձեց սիրտդ գրաւել, բայց դուն զլացար տեսնելու ու գնահատելու անոր էութիւնը: Կաղանդ Պապա՛, ես Հայկուշին ոչինչ պիտի ըսեմ, որպէսզի խօսքերս իր սիրտը աւելիով չխռովեն: Իրեն պիտի տամ Յովհաննէս Թումանեանին «Թէ յոգնել ես» բանաստեղծութիւնը: Կը հաւատամ, որ անոր տողերը նախ պիտի զգաստացնեն, խրատեն, ապա բուժիչ բալասանի մը ազդեցութիւնը ունենան, յատկապէս այն համարը, որ կ՚ըսէ.

«Եւ այդ սիրտը քեզ չտուած

Որ դու մաշես ամէն օր,

Այնտեղ պիտի ապրի Աստուած,

Ոչ թէ ցաւեր նորանոր»։

Կաղանդ Պապա՛, չմոռնանք հիւանդ Քնարիկը, անզօր բժիշկները մարած են անոր յոյսը: Տե՛ս անոր մռայլ դէմքը ու փոսը ինկած աչքերը: Ի՞նչ կ՚ըսես, եթէ իրեն պատմեմ Յիսուսի հրաշքներէն մէկը, երբ Հայրոսի մահացած աղջկան Ան ըսաւ. «Տալիթա՛, կումի՛», (Աղջի՛կ, ոտքի՛ ելիր) եւ իսկոյն աղջիկը կանգնեցաւ ու քալեց: Մենք ալ այսօր աղօթենք Քնարիկին համար եւ մեր աղօթքը կ՚ըլլայ ամէնէն խորհրդաւոր նուէրը։

Եկո՛ւր այցելենք Տիկ. Արաքսին, ան այսօր միայնակ ու տխուր նստած է իր ցուրտ տան մէջ: Թէեւ ամանոր է, բայց անոր համար ոչինչ տարբեր է սովորական օրերէն։ Անոր զաւակները յաջողութիւն ու ապրուստ գտնելու համար մէկիկ- մէկիկ ճամբորդեցին հեռու աշխարհներ, իսկ ամուսինը ակամայ լքեց այս աշխարհը: Կը մտածեմ իրեն ամուր ու տաքուկ փաթթուկ մը տանք եւ իր մօտ նստելով լսենք անցեալին ապրած ու վայելած իր օրհնութիւններն ու բարիքները: Կաղանդ Պապա՛, ժպիտդ ինչո՞ւ խամրեցաւ: Գիտեմ որ դուն պարել ու ցատկել կը սիրես: Արդեօք նեղացա՞ր տխուր մարդոց այցելելով: Մի՛ նեղուիր. դուն ի՛մ ստեղծած Կաղանդ Պապուկս ես եւ ես կը հետեւիմ հօրս ոսկեայ խրատին. « Սիլվա՛, աղջի՛կս, ուրախ վայրերը այցելող շատ կ՚ըլլայ, մենք պէտք է այցելենք տխուր մարդոց ու մխիթարութեան կարիքը ունեցողներուն»:

Յանկարծ ինծի թուեցաւ, որ Կաղանդ Պապուկս սեղմօրէն փարուեցաւ ուսերուս: Կարծես, թէ ան կ՚ըսէր. « Ես դժգոհ չեմ մեր շրջագայումէն, պարզապէս յուզումը պատած է սիրտս»:

-Կաղա՛նդ Պապա՛, եկուր մեր շրջագայումը հոս ընդհատենք, քանի, որ շարանը շատ երկար է եւ չենք կրնար այցելել մեր շուրջը ապրող բոլոր անտէրներուն, անկեալներուն, աղքատներուն, ծերերուն, տնանկներուն, որբերուն, սգաւորներուն: Կրնանք նոր շունչ մը տալ քու առաքելութեանդ: ի՞նչ կ՚ըսես, եթէ շնորհակալական եւ գնահատական նամակներ գրենք եւ ուղարկենք բարեխիղճ անհատներու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու, որոնք Աստուծոյ ու քու գործդ կատարեցին ամբողջ տարուան ընթացքին անսակարկ պատրաստակամութեամբ ծառայեցին ու օգնեցին կարիքաւորներուն: Ոմանք իրենց հոգածութեամբ, ուրիշներ նիւթականով, դեղօրայք ապահովելով, պնակ մը տաք ճաշ հայթայթելով, լսող ականջ տրամադրելով…: Անոնք երկրային հրեշտակներ են, որոնք անխոնջ նուիրումով կը գործեն: Անոնց միջոցով Աստուած իր թեւերը կ՚երկարէ ու բարիքներ կը գործէ:

Կաղանդ Պապա՛, չմոռնանք նաեւ յանդիմանական նամակներ ղրկելու «Արդարութեան պաշտպան» հաստատութիւններուն, որոնք չեն գործեր ի տես անարդարութեան եւ լուռ ու մունջ կը ձեւանան, նոյնպէս բռնակալ «մեծերուն», պատերազմներու ջատագովներուն, որոնք մահ ու աւեր կը սփռեն, ժողովուրդներ կը դժբախտացնեն, որպէսզի զէնք-զինամթերք ծախեն եւ իրենց երկրին տնտեսութիւնը բարելաւեն: Անոնց պատժելու համար գաւազանդ պէտք է չարաչար գործածես եւ անոնց խիղճը զգաստութեան հրաւիրես: Սիրելի Կաղանդ Պապո՛ւկս, որպէս վերջին ցանկութիւնս՝ օգնէ ինծի բարի պատգամ մը յղելու իմ աշխարհասփիւռ ազգակիցներուս ու մանաւանդ Հայրենիքիս հողին վրայ ապրող հայրենակիցներուս:

Կաղանդ Պապուկս, երկար չմտածեց եւ անմիջապէս պատասխանեց. « ըլլանք, խոհեմ, դիւանագէտ, միասնակամ եւ մեր ուժերը չսպառենք թշնամանալով մեր եղբայրներուն դէմ, այլ մեր բռունցքը ցցենք միմիայն մեր թշնամիներուն դէմ…»:

Կաղանդ Պապո՛ւկս, կը տեսնեմ, թէ յոգնեցար եւ կարիքը ունիս տաքուկ երթիքի մը ու համով ապուրի մը: Եկո՛ւր, երթանք տուն եւ դէմ դիմաց նստինք ու սպասենք նոր տարուան՝ 2026- ի, ժամանման: Կը խոստանամ, որ երբ կէս գիշերային զանգակները հնչեն, իմ ցանկութիւններս կը փսփսամ ականջիդ ու տաքուկ պաչիկ մը կը դրոշմեմ բարի ճակատիդ:

——————

Իմ համեստ տողերս ընթերցող սիրելի բարեկամ, ամանորի սեմին լաւագոյնն ու բարին կը մաղթեմ քեզի:

Սիլվա Իսքիքեան-Մահրէճեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ