
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Թրամփին առաջարկած է Քիեւին տրամադրել ապահովութեան երաշխիքներ 30-50 տարի ժամկետով։
Ան նշած է որ բարձրացրուցած է աւելի երկարաժամկէտ երաշխիքներու հարցը։
Անոր խօսքով՝ Սպիտակ տան ղեկավարը պատասխանած է որ «կը մտածէ այդ մասին»։
Ֆլորիտայի մէջ Դեկտեմբեր 28ին կայացած հանդիպման ընթացքին Թրամփ եւ Զելենսքի քննարկած են 20 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրը: Կողմերը նշած են առաջընթացի մասին, սակայն նաեւ արձանագրած են որ կան խնդրայարոյց հարցեր: Խօսքը՝ տարածքային զիջումներու մասին է:







Մեկնաբանէ