
2 Դեկտեմբեր 2025ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակեց Լեռնային Ղարաբաղի միջնորդութեան եւ բանակցութիւններուն վերաբերող 13 խումբ փաստաթուղթեր: Ասիկա իրագործեց մէկ ամիս առաջ տրուած խոստումը՝ տարեվերջէն առաջ հրապարակելու «առանցքային» բանակցային փաստաթուղթեր։ Սակայն, ընտրութիւնը անսովոր էր. կարգ մը փաստաթուղթեր առաջին անգամ հրապարակ եկան, իսկ ուրիշներ տասնամեակներէ ի վեր արդէն հասարակութեան տրամադրութեան տակ էին։
ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ
Ժամանակագրական կարգով թուարկուած, հրապարակուած փաստաթուղթերը կը ներառեն՝
1.ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւեր (1993), հրապարակուած՝ 1993էն ի վեր։
2.ԵԱՀԿի Պուտափեշտի վեհաժողովի փաստաթուղթեր (1994), հրապարակուած՝ 1994էն ի վեր։
3. ԵԱՀԿի Լիզպոնի վեհաժողովի գործող նախագահի յայտարարութիւն եւ Հայաստանի հերքումը (1996), հրապարակուած՝ 1996էն ի վեր։
4. ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի երկու առաջարկներ (1997 եւ 1998), հրապարակուած՝ 1990ականներու վերջերէն ի վեր։
5. 1999ի համաձայնագիրի նախագիծ (տարածքային փոխանակում), որ վերարտադրուած էր 2008ի թերթի մը յօդուածէն եւ ոչ թէ պաշտօնական արխիւներէ։
6. ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի հիմնական սկզբունքներ (2007), մասամբ հրապարակուած 2008էն ի վեր։
7. ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի հիմնական սկզբունքներու Գազանի տարբերակ (2011), մասամբ հրապարակուած 2016էն ի վեր։
8. «Լաւրովի ծրագիրներ» (2014-2015), նախապէս չհրապարակուած։
9. «Լաւրովի ծրագիրներ» (2016), նախապէս չհրապարակուած։
10. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը նախագահ Վլատիմիր Փութինին (2016), նախապէս չհրապարակուած։
11. ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի փաստաթուղթէ մը պարբերութիւններ (2018), նախապէս չհրապարակուած։
12. Ազգային ժողովի նիստի արձանագրութիւն (17 Ապրիլ 2018), հրապարակուած 2018էն ի վեր։
13. ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի առաջարկ (2019), նախապէս չհրապարակուած։
ԲԱՑԱԿԱՅՈՂ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ
Հակառակ այս փաստաթուղթերու հրապարակումին, այդ հոլովոյթը մնաց մեծապէս ընտրովի, եւ կարեւոր փաստաթուղթեր դուրս ձգուեցան։ Նշանակալիօրէն բացակայ են՝
1. 1999 Հոկտեմբերի համաձայնագիրի հարազատ նախագիծը, որ վերարտադրուած էր «Հայկական Ժամանակ» թերթի 2008ի յօդուածէն, երբ Փաշինեան թերթին գլխաւոր խմբագիրն էր, այլ ոչ թէ պաշտօնական արխիւներէն հրապարակուած։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն, 26 եւ 27 Հոկտեմբեր 1999ին արտաքին գործոց փոխնախարար Սթրոպ Թալպոթ գաղտնի փաստաթուղթ մը յանձնեց Պաքուի եւ Երեւանի երկու նախագահներուն եւ անոնց խումբերուն՝ քննարկման համար։
2.Ապրիլ 2001ի Քի Ուեսթի բանակցային փաստաթուղթերը, որոնց գծով կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ անոնք իր տրամադրութեան տակ չեն՝ պնդում մը, որ վստահելիութիւնը կը պակսի, հաշուի առնելով այդ փաստաթուղթերուն կարեւոր նշանակութիւնը։
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
Կառավարութեան յայտարարութիւնը յառաջ կը մղէ հետեւեալ եօթը ոչ համոզիչ փաստարկները, որոնք վարչապետին կողմէ յաճախ կրկնուած են՝
– ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԻԶԱԿԷՏ. Խօսակցութիւնները կեդրոնացած էին եօթը շրջանները Ատրպէյճանին վերադարձնելու եւ Ղարաբաղի կարգավիճակը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ որոշելու վրայ՝ ոչ թէ անկախութեան կամ Հայաստանին միացման վրայ։ Յայտարարութիւնը ապա կը հիմնաւորէ իր եզրակացութիւնը 1996ի ԵԱՀԿի Լիզպոնի վեհաժողովին վրայ՝ անտեսելով նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վեթոն վեհաժողովի ընթացքին։
– ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄ. Յայտարարութիւնը կ՛անտեսէ Ղարաբաղի ինքնորոշման մասին համաշխարհային տեսակէտներու զարգացումը Լիզպոնի վեհաժողովէն ետք՝ ներառելու բաժանումը եւ անկախութիւնը։ Այլապէս, դժուար է բացատրել Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ 2008 եւ 2013 տարիներուն միջեւ կատարուած վեց յայտարարութիւնները, որոնք կը զօրակցէին Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկած «կամքի արտայայտութեան» կամ հանրաքուէին՝ Ղարաբաղին Ատրպէյճանէն հաւանական բաժանման համար։
ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ. Յայտարարութիւնը սխալ կը մեկնաբանէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու հատումը միջազգային օրէնքին մէջ։ Երկու իրաւունքները համակեցութեան մէջ են ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի բազմաթիւ փաստաթուղթերու մէջ եւ պայմանական են. տարածքային ամբողջականութիւնը կախեալ է զայն պահանջող կառավարութեան կողմէ իր տարածքի ամբողջ բնակչութիւնը ներկայացնելէ, իսկ ինքնորոշումը բաժանման միջոցով վերջին միջոցն է։ Ղարաբաղի պարագային, ինքնորոշման պահանջի անտեսումը ցոյց կու տայ միջազգային օրէնքի սահմանափակումները։ Հզօր դերակատարներ կրնան ստեղծել գործնական փաստեր, որոնք կը գերազանցեն իրաւական սկզբունքները՝ ստեղծելով բացութիւն կանոնաւորող սկզբունքներու եւ անոնց գործնական կիրարկման միջեւ՝ «ռէալ փոլիթիք»ի նկատառումներու դիմաց։
ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ՇՐՋԱՆԱԿ. Յայտարարութիւնը կը սխալի պնդելով, թէ որեւէ հանրաքուէ պիտի ներառէր ամբողջ Ատրպէյճանը, մինչդեռ առաջարկները կը նշէին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կողմէ քուէարկութիւն։ Մինսքի խմբակի Յունիս 2019ի առաջարկը յստակօրէն կը նշանակէ «ժողովրդային քուէարկութիւն… Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ազատ կամքը արտայայտելով»։
ՓԱՍՏԱԹՂԹԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. Կը փաստարկէ, թէ նոր առաջարկներ չյայտնուեցան 2018էն ետք, բայց ասիկա մոլորեցնող պնդում մըն է։ Կառավարութիւնը կը փաստարկէ, թէ 2019ի առաջարկը կը վերաբերի «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ ոչ թէ վարչապետին»։ Ասիկա առնուազն ունայն փաստարկ մըն է։ 2019ի առաջարկը 2016ի եւ Ապրիլ 2019ի «Լաւրովի Ծրագիրի» կրկնութիւն էր որոշակի թարմացումներով։ Վարչապետ Փաշինեանի մերժումը Մինսքի խմբակի ժառանգութեան, ներառեալ Մատրիտի սկզբունքները, մեծամտութիւն ապացուցեց՝ բարկացնելով միջնորդները։
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Կը մէջբերէ նախագահ Սարգսեանի նամակը Փութինին՝ ընդգծելով ապահովական վտանգներ եւ բանակցային մարտահրաւէրներ։ Կարելի է տարակարծիլ նախագահ Սարգսեանի հետ նամակին մէջ իր կատարած պնդումներուն գծով, բայց առնուազն ան կառուցողական կերպով կ՛աշխատէր Մինսքի խմբակի համանախագահներէն մէկուն՝ Ռուսիոյ հետ, առաջարկելով ապահովական մտահոգութիւններու լուծման միջոցներ եւ բանակցելով, այլ ոչ թէ անտեսելով կամ բացարձակապէս մերժելով առաջարկը, ինչպէս Փաշինեան ըրաւ 2019ին։
ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ. Կը պնդէ, թէ միջանկեալ կարգավիճակի եւ հանրաքուէի քննարկումները քանդեցին Ղարաբաղի անկախութիւնը, ինչ որ հիմնաւորուած չէ առաջարկներուն մէջ։ Մատրիտի սկզբունքները եւ 2019ի Մինսքի խմբակի առաջարկը կ՛առաջադրէին Լեռնային Ղարաբաղի համար միջանկեալ լայն կարգավիճակ՝ խարսխուած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի լիազօրութեամբ, որ զգալիօրէն պիտի կայունացնէր անոր «տէ ֆաքթօ» անկախութիւնը եւ զայն վերածէր միջազգային օրէնքի առարկայի։
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐ ԵՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Այս ընտրովի բացայայտումները կ՛երեւի զուգադիպած են ներքին քաղաքականութեան վրայ ազդելու համար՝ Յունիս 2026ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։ Անցեալի բանակցային ձախողումները ընդգծելով, կառավարութիւնը կը ձգտի Լեռնային Ղարաբաղի կորուստի պատասխանատուութիւնը բեռցնել նախորդ վարչակարգերուն վրայ։ Աւելի՛ն, կառավարութիւնը հաւանաբար կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներքին լարումներուն մէջ շարունակական եւ բարձր վիճահարոյց միջամտութենէն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան յստակ խախտում է։ Նաեւ, կառավարութիւնը կը փորձէ շեղել ուշադրութիւնը երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու քայքայուող պայմաններէն, ներառեալ ընդդիմութեան տասնեակներով առաջնորդներու եւ կողմնակիցներու ձերբակալութիւնները եւ նախաքննական կալանքի չարաշահումը։
Հրապարակուած փաստաթղթերը հասարակական բուռն քննարկումներ եւ նշանակալի հակազդեցութիւն յարուցեցին հայկական ընդդիմութեան մօտ, որ ներկայ կառավարութիւնը կ՛ամբաստանէ փաստաթուղթերու ընտրովի հրապարակման յանցանքով՝ իր պատումին աջակցելու համար։ Նաեւ, ընդդիմութիւնը կը փաստարկէ, թէ 2020էն առաջուան առաջարկները շատ աւելի լաւ էին, քան ներկայ իրականութիւնը։
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՌԻԹ
Յունիս 2019ի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի առաջարկը կը ներկայացնէր հիմնական առիթ մը խաղաղ լուծումի համար՝ առաջարկելով միջանկեալ կարգավիճակ եւ միջազգային երաշխիքներ Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Հայաստանի կառավարութեան ձախողումը արձագանգելու այս առաջարկին յանգեցուց ապրիլ 2020ին անկէ հրաժարման, ինչ որ պատճառ դարձաւ Սեպտեմբեր 2020ի պատերազմին։
Յունիս 2019ի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի առաջարկը կը նախատեսէր հետեւեալը՝
– Լեռնային Ղարաբաղի արագ ռազմազերծումը եւ ռազմական հարթակի փոխարէն միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով լիազօրուած: Այդ ուժերու լիազօրութեան պայմանաժամը բաւական երկար պիտի ըլլար, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին որոշումը։
– Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող եօթը շրջանները՝ բացառութեամբ Քարվաճառի եւ Լաչինի, կը վերադարձուէին Ատրպէյճանին։ Քարվաճառ եւ Լաչին միջոց մը կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան տակ՝ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումէն ետք։ «Մինչեւ անոնց դատարկ մնալը պարզուի», Հայաստանի վերահսկողութիւնը այս երկու շրջաններուն վրայ պիտի շարունակուի։
– Կողմերը «պիտի պարտաւորուին ուժ չգործածել իրարու դէմ» եւ շրջափակումները պիտի վերցուին։ «Լեռնային Ղարաբաղը, մինչեւ որ իր վերջնական կարգավիճակի հարցը լուծուի, Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն աջակցութեամբ պիտի ճանչցուի իբրեւ իրաւունքներ ունեցող շրջան՝ երաշխաւորելու լիիրաւ կենսագործունէութեան կազմակերպումը։ ․․․ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը նաեւ պիտի երաշխաւորուի Ատրպէյճանի պարտաւորութեամբ՝ շրջանին դէմ ուժ չգործածելու, միջազգային խաղաղապահ ուժերու գործողութեամբ, Հայաստանի կողմէ իր յատուկ յարաբերութիւններուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ՝ իբրեւ մարմին, որ լիազօրեց միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը»։ Այստեղ յիշուած չէ, թէ փոփոխութիւն չի պահանջուիր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերու կարգավիճակին մէջ։
Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրներու (բոլորն ալ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ) նախագիծ յայտարարութեան մէջ, վերոյիշեալ առաջարկուած պայմանները աւելի յստակութեամբ բացատրուեցան։ Միջանկեալ կարգավիճակի ընթացքին, մինչեւ վերջնական կարգավիճակի որոշումը, Լեռնային Ղարաբաղը պիտի վայելէր «ժողովրդավարական կազմուածք եւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու գործունէութիւն ու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կողմէ ընտրուած տեղական ինքնակառավարում, հիմնական մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պահպանում, քաղաքական եւ տնտեսական մակարդակի վրայ ապրելու պայմաններ եւ ապահովութիւն իր սեփական ինքնապաշտպանական եւ իրաւապահ ուժերուն միջոցով. օտար պետութիւններէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն օգնութիւն պիտի տրամադրուէր, պայմանով որ անիկա նպատակ ունենայ խթանել մարդկային իրաւունքները, խաղաղ տնտեսական եւ ժողովրդավարական զարգացումը, մշակութային եւ առեւտրային համագործակցութիւնը, կամ մարդասիրական նպատակներու համար. ուղղակի ներդրում ապահովելու եւ միջազգային շուկաներու մատչելիութեան կարելիութիւն»։
Աւելի՛ն, երեք համանախագահող երկիրները պիտի երաշխաւորէին «Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը ԵԱՀԿի այն հանդիպումներուն, ուր Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող նիւթեր կը քննարկուին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին յարաբերութիւնները կ՛իրագործուին»։
Փաշինեան չարժեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի կայունացման եւ Ատրպէյճանէն տէ ֆաքթօ (իրողական) անկախութեան միջազգային ճանաչման ձեռքբերման նշանակութիւնը՝ հաւանութեամբ ԵԱՀԿի մասնակից պետութիւններուն, ներառեալ Ատրպէյճանի, եւ աւելի նշանակալիօրէն՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին հաւանութեամբ։ Կարգաւորումը Լեռնային Ղարաբաղին պիտի շնորհէր Քոսովոյի միջանկեալ վարչակարգին նման կարգավիճակ, որ ատենին դուռը բացաւ վերջինիս անկախութեան միջազգային ճանաչման։
Մինսքի խմբակի համանախագահներու 2019ի առաջարկը պիտի «օրինականացնէր» Լեռնային Ղարաբաղի գոյութեան կարգավիճակը միջազգային հանրութեան աչքերուն մէջ, եւ չճանչցուած տէ ֆաքթօ հանրապետութիւնը պիտի օժտուէր անկախութեան բոլոր յատկութիւններով, բացի ՄԱԿի անդամակցութենէն, ճանչցուած միջազգային փաստաթուղթի մը մէջ, որ կը վայելէ հաւանութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, մինչեւ վերջնական կարգավիճակի հետագայ որոշումը, որեւէ չորոշուած թուականին, եթէ երբեք այդ մէկը ըլլար։ Առնուազն, Հայաստան կրնար ընդունիլ առաջարկը իբրեւ հիմք հետագայ քննարկումներու համար, ինչ որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն մասնակից պիտի դարձնէր յաջորդող բանակցութիւններուն։
2019ի առաջարկը նման էր Մինսքի խմբակի Սեպտեմբեր 1997ի առաջարկին, զոր Ատրպէյճան ընդունած էր, ապա նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը յորդորէր ընդունելու զայն։ Սակայն, այն ատենուան վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեան եւ նախարարներ Սերժ Սարգսեան ու Վազգէն Սարգսեան մերժեցին՝ հարկադրելով նախագահին հրաժարականը։ Լեռնային Ղարաբաղն ալ մերժեց այս առաջարկը։ 1997ի առաջարկը նաեւ նման էր Քոսովոյի միջանկեալ կարգավիճակին, որ ի վերջոյ դուռը բացաւ անկախութեան միջազգային ճանաչման։ Ասիկա պատմական կորսուած առիթ մըն էր 1997ին, յատկապէս հաշուի առնելով այն ժամանակ Ատրպէյճանի հազուադէպ ընդունումը առաջարկին։
2019ի Մինսքի խմբակի առաջարկին մերժումը հաւասարապէս եթէ ոչ աւելի պատմական կորսուած առիթ մըն էր։ Վարչապետ Փաշինեան ամիսներով չարձագանգեց 2019ի Մինսքի խմբակի առաջարկին, բայց անոր վարքը եւ խօսակցութիւնը մերժում ցոյց կու տային։ Առաջարկին անոր մերժումը Ապրիլ 2020ին առնուազն անպատասխանատու էր, յատկապէս հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճան չէր մերժած առաջարկը։
Հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանի պատրաստութիւնները բանակցուած համաձայնութեան այլընտրանքի համար (ուժի գործածում) որոշապէս թեքած էին ուժերու հաւասարակշռութիւնը իր օգտին, Հայաստան պէտք էր աւելի զգուշաւոր ըլլար։ Ան պէտք չէր օտարացներ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրները եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութիւնը։ Փոխարէնը, ոչնչացնելով մեծապէս բարենպաստ կարգաւորում մը հայկական կողմին համար եւ մերժելով Մինսքի խմբակի ամբողջ ժառանգութիւնը, Հայաստան ըստ էութեան վիրաւորեց միջազգային հանրութիւնը եւ աւելի մեկուսացուց ինքզինք կարեւոր պահու մը։ Ամէնէն զարմանալին այն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խուսափեցաւ բովանդակային բանակցութիւններէ (2019ին Մինսքի խմբակին կողմէ առաջարկուած) փաթեթին վրայ՝ Ատրպէյճանին տալով առիթ օրինականացնելու իր… յարձակումը։ Ասիկա է հիմնական տարբերութիւնը ներկայ կառավարութեան եւ նախորդ բոլորին միջեւ։
Ի վերջոյ, 2019ի Մինսքի խմբակի առաջարկին մերժումը միակ պատճառը չէր Լեռնային Ղարաբաղի աղէտին։ Երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած բանակցային գործընթացի բազմաթիւ ձախողումներ նպաստեցին ատոր, ներառեալ երկու կողմերու առաւելապաշտական մօտեցումը, համաձայնութեան համար հանրային պատրաստութեան պակասը, հայկական կողմին՝ իր բանակցային դիրքին գերագնահատումը, Ատրպէյճանի համակարգուած ամրապնդումը պատերազմ վարելու իր կարողութեան, իր այլընտրանքը բանակցութիւններուն, 2018էն ետք Հայաստանի անպատասխանատու խօսոյթը եւ արարքները, ինչպէս նաեւ Մինսքի խմբակի միջնորդութեան կառուցուածքային տկարութիւններ եւ հակադիր շահերը։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Այս քննութիւնը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս սխալ հաշուարկները, առաւելապաշտական պահանջները, առանցքային շահակիցներու բացառումը, համաձայնութեան համար հանրային պատրաստութեան պակասը եւ անարդիւնաւէտ միջնորդական մօտեցումները համատեղօրէն յանգեցան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ցեղային զտումին՝ 2023ին։ Ի վերջոյ, կարելի էր խուսափիլ Լեռնային Ղարաբաղի աղէտալի ելքէն։ Դէպքը ծառայեց իբրեւ լուրջ դաս՝ ցոյց տալով աղէտալի մարդկային հետեւանքները, երբ միջնորդներ չկրնան հաւասարակշռել տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը ինքնորոշման սկզբունքին դէմ, առանց խոցելի բնակչութիւններու համար վստահելի ապահովական երաշխիքներու։
* Հրայր Պալեան հակամարտութեան լուծման եւ մարդու իրաւունքներու մարզերուն մէջ գործած է 35 տարիներէ ի վեր Պալքաններու, Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ։ Անոր գիրքը՝ «Խաղաղարարութեան Վերլուծութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւն Եւ Կորսուած Առիթներ»* (Anatomy of Peacemaking: Nagorno-Karabakh Conflict and Missed Opportunities) պիտի հրատարակուի Անգլերէնով (Փետրուար 2026, Palgrave Macmillan) եւ հայերէնով (Մարտ 2026, «Նիւմեկ»)
Հրայր Պալեան
Ասօարէզ







Մեկնաբանէ