
Թայլանտի վարչապետ Անութին Չարնվիրաքուլ յայտնած է որ ԱՄՆ նախագահ Թրամփի հետ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է եւ քննարկած է Քամպոտիոյ հետ հակամարտութիւնը։
Ան ընդգծեր է որ Թայլանտ պարտաւոր է պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնը, իր սահմանները, իր քաղաքացիներուն եւ ժողովուրդին կեանքը։
Նշենք որ 2025ի Յուլիսին երկու երկիրներու միջեւ պատերազմի հետեւանքով սպաննուած էր 48 հոգի, իսկ 300 հազար տեղահանուած էին։
Դեկտեմբեր 9ին նախագահ Թրամփ խոստացած էր գործադրել բոլոր ջանքերը, Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ միջեւ հակամարտութիւնը լուծելու համար։







Մեկնաբանէ