
Խառնաշփոթ եւ ցաւոտ ժամանակներ էին..:
Վերապրած hայ ժողովուրդը իր վերջին շունչով կարծէք կը փորձէր գոյատեւել…
Սփիւռքը ցիր ու ցան, բայց կեանքի կոչուած էր արդէն: Թէեւ անկարելի թուելու չափ դժուար կը թուէր ըլլալ վերականգնումը, սակայն ամէն գնով կարելի դարձաւ եւ հրաշքով մը, Սփիւռքը նոր շունչ ստացած գործեց եւ կանգնեցաւ նոր հողերու վրայ եւ ժամանակի ընթացքին հայրենիքի մակարդակով իսկ պահպանեց ինքզինք, ծաղկեցաւ ու ծաղկեցուց նոր կեանք ստացած իր ազգը, ամրապնդեց ու ամրապնդուեցաւ եւ աւելին՝ թիկունք կանգնեցաւ հայրենիքին զանազան ձեւերով եւ առիթներով, երբ կարիքը կար..:
Սակայն այդ բոլոր տարիներուն, մենք բոլորս, դոյզն անգամ իսկ չէինք մտածած եւ կամ պատկերացուցած, թէ արդեօ՞ք կարելի էր, որ օր մը հայրենիքը՝ հայրենիք ըլլալէ դադրէր եւ «սփիւռքանար»․․․
Այսօր բոլորս կը վկայենք, թէ արդէն օտար ազգերով ողողուած է մեր հայրենիքը, եւ աւելի՛ն, մեզ իսկ կ՛օտարացնեն մեր հայրենիքէն, երբ դեռ «երէ՛կ» մօտիկ անցեալին՝ հայրենիքը մեծ երազն էր աշխարհացրիւ հայերուս համար:
Սփիւռքահայերը շփման մէջ եղած էին եւ տակաւին են օտարներու եւ օտար մշակոյթներու հետ, սակայն կրցած են դէմ դնել ձուլման՝ պահելու համար մեր ազգութիւնը:
Այսօր, կարուսելի մը նման կը դառնանք ու կը դառնանք ազգովին, ո՛չ սկիզբը կը յիշենք ո՛չ նաեւ վերջը կը պատկերացնենք: Կորսուած յիշողութեամբ եւ անզգայ դարձած ներկայով ու անհասկնալի եւ անտեսանելի ապագայով մը տարուած կը քաշքշենք զիրար ապերախտօրէն, «բախտաւոր պարագային»՝ դէպի անորոշութիւն եւ կամ անդունդը մոռացութեան: Եւ այսպէս «պտտուիր, պտտուի՛ր կարուսել, սակայն ես քո այս երգը երբե՛ք չէի ուզեր լսել»:
Կ՛ըսեն, թէ «առաջին հարուածը ցաւցնող է, երկրորդը վարժութիւն է, երրորդը անզգայութիւն կը դառնայ»: Այո՛, մենք ազգովին կը հաստատենք այսօր, թէ մեր ամենօրեայ ցաւը ամենօրեայ աւարտով կ՛աւարտի եւ նորոգուելով կրկին կը դառնայ հին եւ ապա նոր «հիներ» ու «հիներ» եւ այսպէս… անզգայութիւն. Երբ այսպէս «շունը կը հաչէ, հովը հը փչէ, իսկ կարաւանը կը քալէ իր գծած ճամբան…»:
Կրկնութեան գնով, իսկ «ես մեր ազգը այսքան մոլորուած եւ խեղճացած չէի պատկերացուցած տեսնել..»:
Ցեղասպանութենէն իսկ մազապուրծ եղած ու ճողոպրած մեր ժողովուրդը, հայուն յարիր եւ յատուկ նոր կամքով եւ նոր շունչով կրցաւ յառաջանալ եւ հասնիլ մինչեւ այս դարու բարդ ծալքերը՝ յարատեւ նորոգուելով եւ յարմարելով՝ տեղին եւ ժամանակին… իսկ այսօր, ո՛չ միայն ուժը չունինք, այլ անհրաժեշտ բարոյական գիտակցութիւնն իսկ կորսնցուցած ենք կարծես եւ կամքն իսկ չունինք վերականգնելու եւ վերագտնելու մեր կորսնցուցած ուժը, իսկ աւելի՛ն, անհաւատալիօրէն դարձած ենք անփոյթ եւ անհաւատ ազգային եւ հայրենական մակարդակներով «հովը ուր որ տանի» կ՛երթանք եւ ապշած ու շուարած մնալով կը շարունակենք մեր «մոլորած» ճամբան եւ նոր յենարաններ փնտռելով, բախտաւոր պարագային՝ «որեւէ անձէ որեւէ վերլուծում»ով մը, մենք մեզ համոզելով կը հանգստանանք…:
Ի դէպ, այսօր աշխարհ մը սուտ լուրերով պատուած՝ «թոյն կը շնչե՛նք ու կ՛արտաշնչենք»… «վա՛յ մեզ, վա՜յ մեզ նման դարաւոր ու մեռելներէ յառնող ազգին եւ ժողովուրդին» կը մտորեմ․ ա՞յս պիտի ըլլար մեր ճակատագիրը եւ մեր իսկ «ձեռքո՞վ»…:
Մեր անցեալէն վերապահուած ջանքերն ու յոյսերը, նոր սերունդին փոխանցելու մեր բաժինը ա՞յս պիտի ըլլար…:
Այսօր, երբ պարտուողի դիմակը հագած կը թափառինք եւ յոյս մը, կամ նուազագոյն լուծում մը կը փնտռենք, առաւել վախով կը մտածեմ, դեռ ո՞ւր պիտի հասնինք եւ ինչե՜ր պիտի տեսնենք արդեօ՞ք:
Ի դէպ, այս մեր սպասած «վախճան»ը չէ՛ր եւ այս պէտք չէր որ ըլլար, երբե՛ք, քաջ հաւատալով, որ մեր անցեալի տառապանքներն ու կորուստները մեզ զօրացուցած էին, սակայն ափսո՜ս… այսօր կը մտածեմ, թէ արդեօ՞ք ճակատագիրի հեգնա՞նքն է այս… եւ ինչո՞ւ..:
Ձայներն ու խօսքերը շա՜տ են, սակայն «իրական եւ լուրջ» գործը կը պակսի, որ պիտի կարենայ փոխել մեր «աշխարհ»ը, հայուն երազած աշխարհը, որ դար մը ամբողջ եւ աւելի երազեցինք, գործեցինք եւ յուսալով սպասեցինք «որ գարունը մօտ է…», սակայն գարուն չեկած եկաւ «ձմրան բուքը» եւ համատարած «սառնամանիք» տեղաց ներքին եւ արտաքին մեր աշխարհին վրայ: Կանգ առին մեր երազներն ու յոյսերը եւ մեռաւ հաւատքը հաւատացեալին… նոյնի՛սկ անհաւատին:
Այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի եւ անմիջական կարգով, Հայաստան աշխարհն ու Հայկական Սփիւռքը համաժողովրդային եւ ազգային առողջ մօտեցումով, սիրով եւ արդար ջանքերով զինուած՝ «բարի եւ մաքուր» համազգային յեղաշրջումի մը կը կարօտին:
Յոյսը վերջինն է որ կը մեռնի, սակայն գործն է եւ միայն արդար գործն է անոր ապրելու ապացոյցը:
Սոնա Մատարեան
Ասպարէզ







Մեկնաբանէ