
Հայոց Հայրենիքի վերջին բեկորը Հայաստանի հանրապետութիւնը, բնական է որ մնայուն օրակարգ ըլլայ, ոչ միայն երկրին մէջ, այլ նաեւ, ամենուրեք ուր հայեր կան:
Բեկորի պաշտպանութիւնը չի նշանակեր ԱԶԳԻ ԻՐԱՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔը մոռնալ եւ զայն կոչել «պատմական», արձանագրել պատմութեան շահ-վնասի ցուցակին վրայ որպէս զգացական յիշողութիւն: Ըսել, որ աստ եւ անդ «հայեր կան», մեզ կը կանգնեցնէ ընկերաքաղաքական անորոշութեան դիմաց: Աճող, նօսրացող եւ դիմափոխուող հայկական խմբաւորումները մէկ գլխու տակ դնելով ըսինք ՍՓԻՒՌՔ, որ անհայրենիքներու իր անունը չըսող գաղթականութիւն է, ինչ որ ալ ըլլան զայն հայութիւն պահելու եւ կոչելու ճիգերը: Ժամանակը այլ ձեւ պիտի վճռէ:
Սփիւռքը ա՞զգ է, ազգի հատուա՞ծ, թէ՞ ապաստան փնտռող գաղթողներու եւ իրարմէ հեռացողներու խումբեր:
Մարդիկ սովորաբար իրենց ցանկութիւնները իրականութիւն կը համարեն, իրենց կարծիքները՝ քաղաքական վերջնական եւ ընդհանրական տեսութիւն, որ ըստ պահու ու վայրի կը փոխուի: Եթէ հնարաւոր ըլլար, խօսողներու, լսողներու եւ հետեւողներու թիւերը ճշդել, կը հասկնայինք թէ ո՞վ որո՞ւ կը խօսի, ո՞վ կը լսէ, ըսուած եւ գրուած կարծիքները իրատեսութեամբ կը գնահատէինք, աղմուկը խօսքի ազատութիւն չէինք համարեր, ազգասիրութեան կամ հայրենասիրութեան հետ չէինք շփոթեր:
Սփիւռք կացութեան, անոր ազգային-քաղաքական դերի եւ գալիքի մասին կարծիք յայտնելէ առաջ, ճիշդ պիտի ըլլար գիտնալ, թէ Հայկական Սփիւռք բնորոշումով ի՞նչ կը հասկնանք որպէս ընկերաբանական, մշակութային, քաղաքակրթական իրողութիւն, ո՞ւր կը գտնուի ան, աշխարհագրական, ծագման, լեզուական, մշակութային, քաղաքական ի՞նչ մէկութիւն ունի:
Սփիւռքը ինքզինքին ի՞նչ ապագայ կը սահմանէ, ի՞նչ ըլալու , ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր երթալ-հասնելու համար:
Հայրենանուածներու Սփիւռք մահէ ճողոպրածներով, հալածուածներով եւ հայրենահանուածներով կազմուած էր, քաղաքական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրի հետեւանք էր, կամաւոր գաղթականութիւն չէր, Բռնագաղթի հետեւանք էր: Կը դիմագրաւենք Սփիւռքի թիւի աճ, որ հետեւանք է հայրենալքման, աշխատանքի գաղթականութիւն է: Ան հալածանքի կամ հայրենահանման հետեւանք չէ, գաղթ է, միջազգային ընդունուած եզրով՝ migration է: «միկրացիա»:
ՍՓԻՒՌՔը ենթադրաբար մէկ է, անսահմանելի եւ յոգնակի անորոշութիւն, այսինքն՝«Սփիւռքներ : Բազում հին, նոր կազմուող եւ նորանուն համայնքները, իրարու բաղդատած, հասարակաց եւ միացնող ի՞նչ ունին, իւրաքանչիւր նոր խմբաւորում ինք իր մէջ հասարակաց ի՞նչ ունի: Հասարակաց ի՞նչ ունին Թուրքիոյ հայերու եւ Հայաստանէն արտագաղթածներու «հայկական» կոչուած Գերմանիոյ, «պելգիական«, կամ «նետերլէնտական» համայնքները, անոնք հասարակաց ի՞նչ ունին Կիպրոսի կամ Ուրուկուայի «հայկական» համայնքներուն հետ: Այս բազում գաղթականական համայնքները կը խմբենք ՍՓԻՒՌՔ» եզրի տակ, կը կարծենք մէկութիւն ստեղծել եւ մենք մեզ կը խաբենք: Գտնուեցաւ նաեւ գոհունակ ապազգայնացման ընթացքը բնորոշող այն արտայայտութիւնը, որ «մենք համաշխարհային ազգ ենք»: Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, պատմութեան բեմին վրայ ո՞ր գոյութենական իրաւութեան համար, կամ ո՞ր իրականութիւններէն խոյս տուող ինքնախաբէութեան վիճակ, ճիշդ այնպէս, երբ հոգեբանը կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ մեծ եւ ահազդու կացութեան դիմաց, մարդիկ երբ վտանգը չեն կրնար անհետացնել, իրենց ուշքը կը կորսնցնեն, մեր պարագային, դիմագրաւելով ազգի դէմ ցցուող վտանգը, կը պատսպարուինք «համաշխարհային ազգ» մշուշին մէջ:
Ի՞նչ ըրած ենք եւ կ’ընենք, որպէսզի տեւաբար յոգնակիացող Սփիւռք(ներ)ը շարունակութիւն եղող ինքնութեամբ հայրենատէր ազգ ըլլայ: Նոյնիսկ եթէ Սփիւռքի հայերը կը թուին որպէս անհատներ կայունացած ըլլալ նոր պարունակներու մէջ, տուն-տեղ եղած, ազգ ըմբռնումի տեսակէտէ անոնք միշտ գաղթականութիւն են, քանի որ իրենց բնակավայրի տէրը իրենք չեն, հոն եղած մշակոյթը, լեզուն, կրօնը, պատմութիւնը իրենց չեն պատկանիր, իրենք անոնց մէջ չեն եղած: Երբ զանոնք իւրացուցած կ’ըլլան, ո՛չ միայն գիտցած, իրենց տարբերութիւնը կը կորսուի: Թերեւս կը մնայ «ծագում» յիշեցնող զարդարանքը, ուրիշներու շարքին՝ որպէս «էթնիք կրուբ»-ի:
Հայրենահանուածի եւ հայրենաթողի սփիւռքները նոյն ծննդոցը չունին, չունին նոյն զգացողութիւնը, հեռանկարները եւ ապագայի պատկերացումը: Ոմանք կ’ըսեն, որ այս ըսելով «սեպ կը խրենք» խմբաւորումներու միջեւ, որոնք պատեհապաշտութեամբ զիրար կ’ընդունին եւ կը գոյակցին: Յոգնակի Սփիւռքը հասարակաց կազմակերպութիւն չունի, չունի հասարակաց հեռանկար, չունի նաեւ «հասարակաց ղեկավարութիւն», որ առաջնորդէ, ըլլայ բանբեր եւ ուղեցոյց:
Հանրապետութիւնը, իր կարգին, չունի Սփիւռքը որպէս ազգ ընդունող քաղաքականութիւն: երթեւեկները եւ օժանդակութիւն տեղայնական մանրուք քարոզչութիւն են: Ո՛չ ոք ազգային իրաւ քաղաքական հիմնաւորումով կ’ըսէ, թէ ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ պէտք է պահել: Այս հարցման համար կայ, պէտք է ըլլայ գաղափարական մէկ իրաւ պատասխան. ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ, որոնք ամբողջական տեսիլք կը պահանջեն, որուն հասցէն հայրենիքի բեկոր ներկայ հանրապետութիւնն է, բայց նաեւ այն աշխարհը, որուն համար օրին Ամերիկա լոյս տեսած գիրքի մը կողքին գրուած էր Ravished Armenia: Առեւանգուած Հայաստան: Առանց ազգի եւ հայրենիքի ամբողջականութեան հետապնդուող նպատակին, Սփիիռքը կը դատապարտուի ըլլալու եւ մնալու եղէգնեայ սրինգ մը, որ օր մը կը դրուի պատմութեան թանգարանը:
Այն պահէն սկսեալ, երբ քաղաքական օրակարգէն հեռացուած կը մնան հայրենադարձութիւնը եւ «ravished Armenia»-ի վերադարձը ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու իրաւատէր յետնորդներուն, որոնք հայկական սփիւռքն են, ան կը դառնայ անինքնութիւն եւ հայ ազգին հետ առնչութիւն չունեցող ամբոխ մը, որ կը զուարճանայ փուճ շօ-երով (show), ազգին համար անկարեւոր դիրքերով եւ շինութիւններով: Կը մնան ինքնագոհ տեսակաւոր երգող եւ պարող հին եւ նոր «ծագումով հայեր», եւ նոր «քաղաքացիութիւն»ներով: Անցեալին կ’ըսուէր՝ «հպատակութիւն»:
Այսօր, եւ ո՛չ վաղը, արեւուն տակ սփռուած ՀԱՅԵՐը, որպէս ազգ պատմութեան բեմէն չվերնալու համար, արթնութեան պահու մը, պէտք է իրականացնեն ինքնութեան տէրի եւ հայրենատէրի ներազգային ինքնամաքրման յեղափոխութիւնը: Եթէ այսօր ուշ չէ, վաղը անվերադարձ կերպով ուշ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ անհատներ ունենան տիտղոսներ, «ժագուզի»ով ապարանքներ եւ այդպէս բաներ, Հոնոլիւլիւ, Կապուտակ ծովափ, Լոսի պէս տեղեր, ինչո՞ւ ոչ Թոկօ կամ Զանզիպար, միշտ հետեւելով մերօրեայ «լաւ ապրելու իրաւունք» նոր կրօնին, որուն համար նոր հայրենիք պէտք է գտնլ եւ կերտել «համաշխարհային ազգը»: Այդ ընելու համար կարծէք ընտրած ենք աջի եւ ձախի «հեղինակազրկում»-ներու ռազմավարութիւնը, որ բազմագլխանիութիւն կը յառաջացնէ է, կամ՝ անգլխանիութիւն:
Կը յիշեմ, Երեւանէն մեկնող օրդանաւին մէջ հայ մօր մը իր աղջնակին ըսածը, թէ զինք կը տանէր «իր նոր հայրենիքը»…
Հայրենիք եւ ինքնութիւն քու՞րջ են, զորս կարելի է փոխել, դնել ճամբեզրի աղբամանին մէջ եւ հագնիլ նորը, ուրիշը:
Առանց ճապկումներու կրնա՞նք յեղափոխուի՛լ՝ մենք մեզի դէմ, որպէսզի մենք եւ մեր յետնորդները չարձանագրուին մեռած ժողովուրդներու անլոյս մատեանին մէջ:
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ, ո՞ր համախմբող գաղափարով, որ չըլլայ ԵՍԻ, «EGO»-ներու աղմուկ եւ թատրոն :
Յիշե՛լ մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպին որ ըսած է. «Ազգերըչենմեռնիր, անձնասպանկ’ըլլան»:
Որպէսզի ազգի մահուան մեղսակից չըլլանք, զիրար լսելու եւ ազգի իրաւունքի վերակագնման ձգտող առաքինութեամբ, միասնաբար աշխատելու ընդունակութիւն հարկ է նուաճել:
Եւ մտածել, թէ ի՞նչ ըրինք եւ կ’ընենք, ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չենք ըրած ԱԶԳին եւ ԱՆՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՀԱՅԵՆԻՔԻՆ համար եւ, ունենալ հռոմէացիի ըմբռնումով ընթացիկ կիրակնօրեայ բարոյախօսութենէ տարբեր առաքինութիւն, «վիրթուս», հոգեկան ուժ, գերանցել եսերը, ըլլալ իրատես, միշտ մտածելով եւ գործելով այնպէս, որ Սփիւռքը ազգ չէ, ազգի ապագայ չի կրնար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ արտադրէ, ուրիշի աւազանին մէջ եւ ուրիշի համար՝ հռչակ եւ յաջողութիւն: Ազգը Հայրենիք է, նախահայրերու ինքնութիւն եւ շարունակութիւն:
Պարտուած պիտի մնանք եթէ այսօր եւ վաղը շարունակենք թաղային հեղինակութեան արշաւներով սնանիլ եւ հաւաքականութիւնները սնուցել շաբաթավերջի աղմուկ-իրարանցումներով:
Կը սիրենք «զանգուածներ» եւ «հայրենիք» բառերը: Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ո՞ւր են այդ զանգուածները, անոնք ո՞ւր կ’երթան, ո՞ւր կը տարուին: Իսկ հայրենիքը սոսկ «արձակուրդի հասցէ՞ է:
Կը յիշե՞նք ամերիկեան ժապաւէնի մը անունը. «Օդանաւի ղեկին օդաչու մը կա՞յ»… Համացանցի անձայն եթեր եւ տպուած թուղթ կ’ըսեն, թէ ազգի ղեկին առջեւ կան ուսադիրներով բազում ղեկ բռնելու համար զիրար հրմշտկող օդաչուներ, զորս պէտք է դատել ըստ արդիւնքի: Անոնք ո՞ւր կը կարծէք, որ պիտի հասցնեն օդանաւը եւ ուղեւորները: Ո՞ր ովասիսը…:
Յակոբ Պալեան







Մեկնաբանէ