Մանկութեան օրերս երբ կը մտաբերեմ, կը գոհանամ Աստուծմէ թէ բախտաւոր մանուկ մը եղած եմ, շրջապատուած բազմանդամ ընտանիքով, սիրալիր հարեւաններով ու թաղեցիներով: Բոլորէն սիրուած, փայփայուած, ես ալ իմ կարգիս, սիրած եւ յարգած եմ զանոնք: Մէկ խօսքով, ուրախ մանկութիւն մը ունեցած եմ, նուազագոյնը իմ յիշատակներս այդպէս են:

Մեր տունը (հետագային մեծ մօրս տունը, երբ մեր փոքր ընտանիքով փոխադրուեցանք այլ շրջան) կը գտնուէր դիպուկ վայրի մը մէջ: Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոցի վրայ Քալիփսօ (Calypso) կօշիկի վաճառատան կողքի թաղին (որ Արաքս պողոտան կը կապէր քաղաքապետարանի հրապարակի լայն պողոտային) եւ դէպի Մեսրոպեան վարժարան տանող խաչմերուկին վրայ, Գարեգին Գասպարեանի շէնքին առաջին յարկը: Այս շրջանի թաղեցիները կարծես մէկ մեծ ընտանիք, համերաշխ կ’ապրէին իրարու հետ:

Վարժարանէն վերադարձիս, հմայուած կը դիտէի Քալիփսօ վաճառատան ցուցափեղկը. ի՜նչ գեղեցիկ եւ գրաւիչ տեսք ունէին տեղական արտադրութեամբ, ձեռքով գործուած կօշիկները: Մօրմէս կը խնդրէի Նոր տարուան կամ Զատկուան առթիւ իմ եւ քրոջս կօշիկները այդտեղէն գնէր:

Քալիփսոյի կողքին բոլոր վաճառատուներու տէրերը ծանօթ ըլլալով, առանց բարեւելու չէի կրնար անցնիլ անոնց մօտէն, իրենք ալ զիս անունովս՝ Փառամիկ կ’անուանէին ու սիրալիր կը բարեւէին փոխադարձաբար:

Կարգով կը հանդիպէի Կրպոյեան եղբայրներուն: Անոնց խանութները կողք կողքի էին, մէկը ոսկերիչատուն, իսկ միւսը՝ ձայնասկաւարակներ կը վաճառէր: Ամբողջ օրը թաղեցիներուն հաճելի մեղեդիներ ու երգեր կը հրամցնէր ժամանակակից հանրածանօթ երգիչներէ: Թաղեցիները իրենց օրը կ’անցնէին խաղաղ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ. կարծես ամէն օր խրախճանք կամ հարսանիք ըլլար թաղին մէջ:

Անոնց քովը կար պրն. Արտոյին նպարավաճառատունը, ապա՝ կօշկակարներու գործարան-վաճառատունները՝ պրն. Աբրահամին, պրն. Կոճիկին, Աբրահամեաններուն եւ ուրիշներու: Չմոռնանք գրախանութը, դերձակը, դերձակուհին, սափրիչը, Ղազարին փուռը, բանջարեղէն վաճառողները, մսավաճառները…

Թաղեցիները բոլորը զիրար կը ճանչնային, պատշգամներէն իրարու կը բարեւէին, օրուան լուրերը կը փոխանակէին: Երբեմն ալ պատշաճ ժամերու զիրար կ’այցելէին, իրարու որպիսութիւնը հարցնելու գաւաթ մը սուրճի շուրջ:

Թէեւ բազմանդամ ընտանիքներու մայր, տիկինները ուրախութեամբ իրենց գործերը դասաւորած, հիւրասիրութեան կը պատրաստուէին: Չեմ մոռնար Տիկ. Ալիսը (Ղամպուր Ալիս կը կոչէին զինք, որովհետեւ կուզ էր), նաեւ նաեւ մատամ Ալիսը, սիրալիր ու ժպտուներես մեր տեղացի դրացին:

Շատ կը սիրէի Տիկ. Վիքթորը, որ մեծ մօր մը պէս հոգ կը տանէր, երբ իրեն այցելէի: Անոնք կը բնակէին մեր շէնքին գետնայարկը՝ փակով տուն մը: Այդ փակը կարծես մերը ըլլար, բոլոր շէնքին մանուկները յաճախ հոն կ’իջնէինք խաղալու: Տիկ. Վիքթորը եւ իր աղջիկները մեզի զովացուցիչ եւ տուրմ կը հիւրասիրէին:

Շէնքի մանուկներուն մեծ մասը տարեկից էինք, մէկ քանին նոյն վարժարանը կը յաճախէինք, նոյնիսկ նոյն դասարանի աշակերտներ: Դպրոցին մէջ սկսած զրոյցները կը շարունակէինք շէնքը, երբ հաւաքուէինք փակին մէջ:

Կեանքով կ’եռար թաղը: Թաղեցիները իրարու հարազատի աչքով կը նայէին, կը սիրէին զիրար, կը խնամէին, օգտակար կ’ըլլային իրարու: Մէկուն ցաւը կամ ուրախութիւնը բոլորին կը պատկանէր:

Ապահով եւ վստահելի մթնոլորտ կը տիրէր թաղին մէջ: Լաւ կը յիշեմ մեծ մայրս եւ ուրիշ կիներ, երբ ճաշի ափսէներ իրենց գլխուն վրայ դրած կ’ուղղուէին դէպի Ղազարին փուռը: Մինչեւ ճաշին եփիլը, անոնք շատ բան ունէին իրարու պատմելիք, իրարու «հալը-քէֆը» հարցնելու, նոր ճաշագրեր փոխանակելու: Երբեմն ալ պատրաստուած ճաշէն հրամցնելով՝ կ’ըսէին. «համտեսէ, եթէ հաւնիս, քեզի կը փոխանցեմ բաղադրութիւնը»:

Նոր Տարուայ շրջանին, «քիւնեֆէի\ղատայիֆի» կամ Զատկուայ «չէօրեկները-պրիոշները-քէղքէները» կը պատրաստէին տան մէջ եւ ափսէները շալկած կ’ուղղուէին «փուռ Ղազար»՝ դարձեալ հերթով եփելու զանոնք:

Այս բոլորը իմ յիշողութեանս մէջ թարմ են տակաւին, կարծես տակաւին երէկ էր: Այդ օրերու կեանքի անմեղութեան ու ճոխութեան համը չենք առներ այլեւս: Կեանքը փոխուած է այսօր:

Ըսել չէ թէ դժուարութիւններ, նեղութիւններ, խնդիրներ կամ չարչարանք չկային այդ օրերուն. կային, բայց ամէն ինչ աւելի հեշտութեամբ եւ համերաշխութեամբ կը դիմագրաւուէին, որովհետեւ բեռը վերցնող, ցաւը կիսող, ուրախութիւնը բաժնեկցող կար:

Երնէ՜կ այդ օրերուն: Ներկայիս մեծ մօրս տունը չկայ, թաղեցիները ցիր ու ցան եղած են, մաս մը մահացած, մաս մը գաղթած օտար երկիրներ, ուրիշներ հեռացած են մեր սիրելի Պուրճ Համուտէն՝ խորհելով թէ բարեկեցիկ ու փարթամ թաղամասեր բնակիլը աւելի պիտանի է:

Տարբեր պատճառներով ընտանիքներ մասնատուած են: Ամէն մարդ մտահոգութիւն մը կ’ապրի: Շատեր իրենց ուրախութիւնը առանձնութեան մէջ կը փնտռեն: Զիրար հանդուրժելու, դիմացինին ցաւերը մեղմացնելու, ուրախութիւնը կիսելու տրամադրութիւն չկայ: Նաեւ ընդհանրացած է փոխադարձը սպասելու վիճակ մը. «զիս յարգեց երբ հրաւիրեց», «ես ցաւակցեցայ, բայց ինքը՝ ոչ», «ես որպիսութիւնը հարցուցի, բայց ան երբեք չհարցուց»…:

Հիմա երբ կը դիտեմ շուրջս եւ կը բաղդատեմ ներկային հետ, շա՜տ փոխուած եւ ցաւալի կը թուի ընկերային կեանքը: Մարդկային միտքն ու հոգին թունաւորուած են: Ինքզինքս համոզելով արդարացի պատճառներ կ’որոնեմ. ճնշումներ, պատերազմներ եւ գաղթի, մտավախութիւններ եւ զանազան ազդակներ: Բայց նաեւ մարդիկ եսակեդրոն դարձած, խոտորած են բարոյական սկզբունքներէն՝ ինքզինք զուարճացնելու, ինքզինք փայփայելու ախտով վարակուած….: Ո՞ւր պիտի հասնինք հայ ժողովուրդ:

Վերջերս այցելեցի մեր հին թաղը. վաճառատուները բոլոր փոխուած էին, թաղեցիներուն մեծ մասը չկար, բայց շատ ուրախացայ, որ տակաւին հոն էր «Փուռ Ղազար»-ը՝ կանգուն ու գործուն: Մեծ հօր Ղազարէն փոխանցուած էր զաւկին եւ թոռան՝ Ժագին: Հաճոյքով ըմբոշխնեցի համեղ մսալոշը՝ «լահմաճուն»-ը եւ թանը:

Տեսնելով փուռ Ղազարը՝ վերակենդանացան մանկութեանս յուշերը, իսկ «Ղազար»-ին ծաղկումը ինծի յոյս տուաւ ապագային նկատմամբ:


Փառանձեմ Ֆագրաճեան Տէմիրճեան
Տարբերակ2

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ