
Հայ մեծանուն քանդակագործ-արձանագործ, նկարիչ Երուանդ Քոչարի 125ամեակի առիթով Թիֆլիսի Պուշկին փողոցի N 13 հասցէին վրայմ ուև 1899-1922 թուականներուն ապրած է Քոչար, բացուած է յուշատախտակ:
Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարանին մէջ մինչեւ օրս կը պահուի անոր հեղինակած՝ Շոթա Ռուսթավելիի արձանը եւ անձնական նամակագրութիւնը նկարիչներ Լատօ Կուտիաշվիլիի, Էլենէ Ախվլետիանիի, Դաւիթ Կակապածէի եւ ուրիշներու հետ։
Յուշատախտակը բացուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան, Թիֆլիսի քաղաքային իշխանութիւններուն, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:







Մեկնաբանէ