Ուքրանիոյ Դերնոփոլ մարզին մէջ յայտնաբերուած է 414 տարուայ հայկական յուշարձան։ Եազլովեց գիւղին մէջ հետազօտողները պատահաբար գտած են 1611ին կառուցուած հայկական ջրհոր։ 

Կառոյցի մեծ մասը կը գտնուի գետնին տակ:

Աղբիւրի պատին վրայ մնացած է փորագրուած քարէ սալ, լատիներէն եւ հայերէն արձանագրութիւններով, ուր գրուած է «Հայ Յակոբը սա կառուցել է 1611 թուականին հասարակութեան բարօրութեան համար։ Այս խաչն ու կառուցուած աղբիւրը Յակոբի եւ նրա եղբայր Ստեփանի աշխատանքն են։ Աբրահամը՝ քարագործ վարպետը, կատարեց իր գործը նուիրուածութեամբ»։

Հետազօտողները կ՛ենթադրեն որ Եազլովեցի հայ արհեստաւորները փորագրուած զարդանախշեր ստեղծած նաեւ տեղւոյն եկեղեցիի եւ հին ամրոցի դարպասներուն համար։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ