
Սպանիոյ ամէնատարեց կինը, Անխելինա Թորէս, մահացեր է 112 տարեկանին։
«Անցեալ տարի ես բախտ ունեցայ ծանօթանալ Անխելինա Թորէսի հետ, իմաստուն կին՝ բարութեամբ եւ հաւատքով լեցուած, շատ աշխատասէ։ Իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ անոր ընտանիքին»,- գրած է Քաթալոնիոյ ինքնավար մարզի ղեկավար Սալվատոր Իլիա, X միքրոպլոկի իր էջին վրայ։
Անխելինա Թորէս ծնած է 1913ի Մարտ 18ին։ Անոր մահէն ետք ամէնատարեց կինը դարձած է 1914ին ծած 111ամեայ Քարմէ Նոկերա Ֆալկերա։







Մեկնաբանէ