
Արեւմտեան Ամերիկա հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոս հայրապետական շքախումբով այցելած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դամբարան, որ կը գտնուի Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։
Վեհափառին գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարած է ի խաղաղութիւն հայ ազգի քաջամարտիկ նահատակներու եւ մշակոյթի ծառայողներու հոգիներուն, մասնաւորաբար ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին, ինչպէս նաեւ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի եւ Ուիլիամ Սարոյեանի յիշատակներուն։







Մեկնաբանէ