
Ռուսիա մտահոգուած է Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի հետ սահմանին զինադադարի համաձայնագիրի խախտումով, յայտարարեր է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։
Ռուսական կողմը տարածաշրջանային եւ միջազգային գործընկերներու հետ գործակցութեամբ պիտի շարունակէ ջանքերը՝ «Լիբանանի շուրջ եւ ընդհանուր առմամբ, Միջին Արեւելքի մէջ իրավիճակը հաստատուն կայուն պահելու համար»։
Միաժամանակ, Զախարովա նախընտրած է ձեռնպահ մնալ լիբանանեան լրատուամիջոցներու այն լուրերուն եւ մեկնաբանութիւններուն, որոնց համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իբրեւ թէ զգուշացուցած էր Լիբանանը Իսրայէլի կողմէ հաւանական յարձակման մասին։







Մեկնաբանէ