Կը հարցնէք` սա անշահեկան հարցո՞ւմ է, թէ՞ ուրացումի յոյժ վտանգայարոյց կարգախօս-շարժառիթ, որ իր կարգին արտաքին աշխարհին ալ կրնայ խենթացնել եւ ծպտուած է ազգային անարժանապատուութեամբ ապրողի մը` իրեն իրապաշտութեան մունետիկ երեւակայողի ուղեղին մէջ: Արդարեւ «Աշխատասիրութիւնը ձեր ուղեղին մէջ է», ատենին յայտարարած է երկրին վարչապետը: Սա բարբաջանքը ցկնողին ուղեղին «տեղը» յայտնաբերողներուն` շատ բարեւ: Կ՛անցնիմ: Եւ քանի դեռ հայաստանեան իրականութենէն անդին թափառող «իրական» Հայաստանի գտնուելու «վայրը» յիշեալ ուղեղը եւ իւրային ուղեղները գոց գիտեն (Չարենց կ՛ըսէր` «ուղեղային մորմոք»), ուրեմն սարդոստայներով պճնուած ուղեղին տիրոջը յաւելեալ տուայտանքներէն փրկելու փութկոտութեամբ ըսենք` արեւելահայերէն, որպէսզի հասկնայ թերաւարտ համալսարանականը. «Երբ Գիւմրիից քայլարշաւ սկսեցիր, ուղեղային կենտրոններից քո ականջին չփսփսացի՞ն, որ … Հայաստանը սահմաններով է հայրենիք…»:

Հաւանաբար չեն ըսած, վասնզի ըսողները հայրենիքի գիտակցում չեն ունեցած: Անոնց համար յարմար մէկը եղած ես, եւ նպատակներուդ իրականացումներն ալ շահեկան` իրենց հասունցած ուղեղներու համար: Եւ կարծես ծէս մը կազմակերպելու դերակատարի արտօնութիւնը ստանձնած ըլլալով` չես խուսափած տարաբնոյթ խեղկատակութիւններու շքերթն առաջնորդելէ: Շուրջիններդ` շարք մը անմեղսունակներն ալ կը կարծեն, թէ իրենց հոգեհայր-հոգեգարը «իրական» Հայաստանին… Քոլոմպոսն է` մոռնալով, որ խեղճութիւններու ջրհեղեղէն վեր ու վար իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը կը տամկնայ: Յատկապէս իշխանութեան «մատեան գունդ»-ի դերը ստանձնած, Ազգային ժողովի տխրահամբաւ մեծամասնութեան շնորհիւ ժողովրդավարութիւն «խաղցնող» ժողովրդատեացութիւն կը սերմանէ տարիներէ ի վեր:

Պահ մը «կը ստիպուիմ» մոռնալ այս ամէնը: Եւ «շրջմոլիկի» մը ձայնը կ՛արթնցնէ զիս, կը հարցնէ` արեւելահայերէն. «Ինչո՞ւ ես արեւմտահայերէն գրում»: Անվստահելի պէտք չէ ըլլալ, պատասխանս այս է. «Փափաքս սփիւռքին լայն զանգուածներու հետ հաղորդակցիլն է…»:

Ցանկացած առարկայի, երեւոյթի բնորոշող հասկացողութիւն մը կայ, որակի անկում: Բայց ազգային որակի անկում երբեւէ չենք նկատած, երբ Հայաստանին մէջ «կը սրբագործուի»: Ա՛լ չեմ ուզfր անդրադառնալ այն տարաբնոյթ արշաւանքներուն, որոնք զուտ եւ միայն խաչակրաց հեռահար նպատակներ կը հետապնդեն: Եւ … որակազրկումի դուռ կը բանան: Ըսել է, թէ` ոգեզրկումի: Ոգին ալ, յատկապէս ազգայինը, որակաւոր ըլլալու յատկութիւններ ունի, եւ երբ տկար է` անդիմադրողունակ: Հոս է ողբերգութիւնը. Աստուած մի՛ արասցէ, որ շրջածիրը ընդլայնուի ոգեզրկութեան:

Այլ զարգացումներու ալ առերեսուելու առիթ կ՛ըլլայ: Յառաջիկայ օրերուն, ամիսներուն «իրական Հայաստանի» գաղափարի շուքին տակ ականատես կ՛ըլլանք… «իրական խաղաղութեան», «իրական մշակոյթի», «իրական կենցաղի», «իրական գիւղատնտեսութեան», «իրական պիզնեսի», «իրական գիտութեան», «իրական եկեղեցւոյ»: Միով բանիւ,  իրական շքթանք /լրբութիւն/ առ այն ամէնը, որ «Բաւական է նայիմ հայրենիքիս վերելքին` այն իրական չէ, եւ երբեւէ չէ եղած», Նիկողոս Սարաֆեանը օգնութեան կու գայ:

Հայաստանեան նոր ուժերի ստեղծումով միայն կարելի կ՛ըլլայ չարորակ ուղեղներէն արմատախիլ ընել ազգուրացութեան կործանարար սաղմերը. միայն վարնոց վիպապաշտական  նկրտումներով առաջնորդուիլը առ ոչինչ է: Այլ ճամբայ չկայ: Յոռետեսութենէն անյաջողութիւն մէկ քայլ է:

Աւելորդ կը համարենք անդրադարձ մը ընել Տաւոս այցելած վարչապետի այն յայտարարութեանը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան: Կարծեմ Արամ Անտոնեանի անունը լսած պէտք է ըլլայ` «Մեծ ոճիրը» խորագրեալ հատորին առիթով` հրատարակուած` 1922-ին, Վիեննա: Նկատառումով` հայաստանեան ընթերցողներուն մատչելի ըլլալու համար, հատորը արեւմտահայերէնէն վերածած եմ արեւելահայերէնի /«Լուսաբաց» հրատ., Երեւան, 2024/:

Ահաւասիկ՛ «իրական Հայաստան» հարցումին անսակարկելի պատասխան մը, որ այլ հարցումներ կը յարուցէ…

Արթիւր ԱՆնդրանիկեան
Ազդակ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ