
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք սկսած է շրջագայիլ տեսակէտ մը, որ սփիւռքահայերը` «ճիշդ չէ որ խօսին Հայաստանի քաղաքականութեան մասին, քանի որ չեն ապրիր Հայաստանի մէջ, իսկ կառավարութիւնը ընտրուած է ժողովուրդի կողմէ»։ Անշուշտ հանրապետութեան մէջ յարգելի է թէ՛ քաղաքացիի քուէն, թէ՛ տարբեր գաղափարներու արտայայտումը։
Զարմանալի է սակայն, որ այդպիսի միտքեր չկային «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» առաջ, թէեւ սփիւռքի հայերը շատ խիստ կը քննադատէին յետխորհրդային իշխանութիւնները, նկատելով Հայաստանի բնակիչներու ջախջախիչ մեծամասնութեան չքաւորութիւնը եւ տնտեսական ակնյայտ անհաւասարութիւնը։ Այդ ղեկավարութիւնները հայ ժողովուրդի սրտին մէջ դատապարտուեցան «կոռուպցիայի» մեղադրանքով, թէեւ արդարութեան հիմնական զկբունքն է` «ամէն մեղադրեալ կը նկատուի անմեղ, մինչեւ որ վերջնականապէս դատապարտուի դատարանի կողմէ»։
Իսկ «կոռուպցիան»` միայն յետխորհրդային Հայաստանի երեւո՞յթ է։ Թերթելով համաշխարհային պատմութեան էջերը, հնադարեան պետութիւններու ստեղծումէն, անգամ Ամերիկայի կարմրամորթ «Ինգաս» ցեղի թագաւորութենէն, հասնելով մեր ժամանակակից զարգացած հանրապետութիւնները, յաճախ կը հանդիպինք նման դեպքերու։
Վերջին օրինակը` Ֆրանսայի նախկին ղեկավար Սարգոզիի 5 տարուայ բանտարկութեան դատապարտութիւնը, Քատաֆիի կողմէ կաշառք ստանալու մեղադրանքով։
Մեր արդի ժամանակներու համաշխարհայինացման ոլորտին, ամէն անձ` միայն իր երկրի քաղաքացի չէ, այլ ամբողջ աշխարհի։ Երբ տեղի կ՚ունենան ընտրութիւններ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Թուրքիոյ կամ Ֆրանսայի մէջ, յունական ալիքներուն կողմէ կը սփռուին ուղիղ թողարկումներ եւ հաղորդումներ ուր` լրագրողներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ փորձագէտներ կ՚ուսումնասիրեն արդիւնքները եւ սպասելի զարգացումները։ Յոյն քաղաքացին կը կատարէ քննարկումներ այս երկիրներու քաղաքականութեան մասին, այսինքն պիտի կրնար խօսիլ նաեւ Հայաստանի մասին։ Կա՞մ կը զրկուի այդ «իրաւունքէն» եթէ ազգութեամբ հայ է։
Կազայի պատերազմին, հրեայ մտաւորականներ, որոնք չեն ապրիր իրենց հայրենիքին մէջ, կը քննադատեն Նեթանեահուն, որ ընտրուած է իր ժողովուրդի կողմէ։ Չնայած` պետութիւնը յաղթական դուրս ելաւ, զուգահեռ կռուելով երկու տարբեր ճակատներու վրայ։ Անշուշտ, դատապարտելի է անմեղ ժողովուրդի, մանաւանդ երեխաներու կոտորածը, բայց անհնար է անտեսել, որ 10 միլիոնի Իսրայէլը ծունկի բերաւ 90 միլիոնի Իրանը, ստանալով դիւանագիտական աջակցութիւն հրէական սփիւռքին շնորհիւ։
Իսկ հանրապետութիւններու մէջ բազմաթիւ են ղեկավարներու օրինակները, որոնք չեն իրականացներ իրենց յայտարարած ծրագիրները։ Լաւ է նաեւ չմոռնանք, որ Հիդլերն ալ դարձաւ Գերմանիոյ վարչապետ ընտրութիւններու միջոցով։
Գալով հայկական իրականութեան, սփիւռքի հայութիւնը չէր ան, որ պատերազմէն առաջ որոշեց զերոյի հաւասարեցնել «Ղարաբաղեան հարցի» լուծման բանակցութիւններու գործընթացը, ոչ ալ խաղաղութիւն հաստատելու առաջարկները մերժողը։
Սփիւռքի կազմակերպութիւնները միշտ զերծ մնացած են ռազմատենչ յայտարարութիւններէ։ Իսկ անհատներու խօսակցութիւններուն մէջ կը տիրէ հռետորական հարցականը` «եթէ պատերազմը յաղթելու հնարաւորութիւն չկար, ինչո՞ւ զոհուեցաւ մեր փարթամ երիտասարդութիւնը»։ Անզիջելի է Հայաստանի քաղաքացիին իրաւունքը` ապրիլ խաղաղութեամբ եւ արժանապատուութեամբ, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները։
Սակայն ասոնք կ՚ապահովուի՞ն հրաժարելով ազգային իրաւունքէն եւ խորհրդանիշներէն։
Անդրադառնալով սովետական ժամանակներուն` Հայաստանը ինչքանով հնարաւոր էր, պահեց ազգային խորհրդանիշերը. անգամ սթալինեան դաժան պայմաններուն չուրացաւ Արարատը։ Ծանօթ է Նիկիտա Խրուշչովի խօսակցութիւնը թուրք քաղաքական անձի մը հետ, ստանալով հարցում` «Ինչո՞ւ թոյլ կու տաք հայերուն օգտագործել Արարատը, քանի որ իրենց չի պատկանիր», ռուս ղեկավարը հակադարձեց` «Դուք ալ ունիք լուսինը ձեր դրօշակին վրայ. ձեզի՞ կը պատկանի»։
1980 թուականի Ողիմպիական մրցումներու հանդիսաւոր բացման արարողութեան` Խորհրդային Հայաստանի պարային համոյթը ներկայացուց «Բերդ» պարը։ Ելոյթի պահուն` Մոսկուայի «Լուժնիքի» մարզադաշտին ուրուագծուած էր Արարատը։
Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը անկասկած դժուար է։ Հ.Հ. ներկայ կառավարութիւնը կը հրաժարի Արարատէն իբրեւ ազգային խորհրդանիշ, իսկ Ա.Գ. նախարարի անունը` Արարատ Միրզոյեան։ Վարչապետը իր դիմատետրի էջէն կը ներկայացնէ դրուագներ, ուր ինքը կ՚ընթերցէ Հայոց Պատմութեան գիրք։ Ուսումնասիրելով անցեալը, յայտնի է որ դրացի ոսոխը միշտ անբաւարար է միակողմանի զիջումներու առջեւ, իսկ Արեւմուտքը` շատ հեռու մեր տարածաշրջանէն։
Ժաք Տամատեան
Ազատ Օր







Մեկնաբանէ