
Պաքուի մէջ աւարտեր է ապօրինի կերպով պահուող 15 հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը։ Մեղադրողները մինչեւ Նոյեմբեր 3 ժամանակ խնդրած են մեղադրական ճառը պատրաստելու համար, կը յայտնեն ատրպէճանական լրատուամիջոցները։
Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 3ին, որու ընթացքին մեղադրողները հանդէս կու գան մեղադրական ճառով, որմէ ետք ելոյթներ կ՛ունենան կեղծ մեղադրանքներով դատապարտուող հայ գերիները։
Յիշեցնենք որ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատական գործը առանձնացուած էր. Վարդանեանի կեղծ դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենայ առանձին եւ տակաւին չէ աւարտած։







Մեկնաբանէ