Տասնեակ տարիներ պետականութիւն կառուցելու մեր ճիգին մէջ կայ հայու ճակատագիրին խռովքը, որ ծանր նստած է քաղաքական մեր միտքերուն մէջ։ Այսօր, դարձեալ գերիշխան Հայաստանի մը գոյութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովելու պատմական հրամայականն է որ կը ներկայանայ իբրեւ հայութեան ներկայ քաղաքական մարտահրաւէրը։ Պահը անկիւնադարձային է եւ հնարաւորութիւն կու տայ դէպի պետականութիւն ուղղուելու եւ հոն հաստատուելու։   

Առանց  անտեսելու պետականութեան հաստատման անհրաժեշտ պայմանները՝ հարցը այսօր, եւ մեր պարագային, իշխանութեան իրաւականութիւնն է։ Քաղաքական ի՞նչ միջավայրի մը մէջ կ՛ապահովուի ժողովուրդին անվերապահ հաւատարմութիւնը եւ յօժարակամ հաւանութիւնը պետական կառոյցներուն նկատմամբ։ Ինչ պայմաններու մէջ երկրի առօրեայ քաղաքական կիրարկումները եւ օրինաւորութիւնները իրենց բնական իրագործման ընթացքը կը գտնեն։ Հոս, պետական հեղինակութեան օրինականացման հարցն է, որուն մէջ իշխանութեան իրաւականութիւնը կը նոյնանայ եւ բնականաբար կրնայ ընդունելի ըլլալ ժողովուրդին համար։ Մանաւանդ ընդդիմութիւնը, բանականացած պայմաններով, կրնայ ընդունիլ իշխանութեան իրաւականութիւնը եւ կը գործէ անոր հետ՝ իբրեւ ժողովրդավար եւ կառուցողական դիմագիծով ճանչցուած ընդդիմութիւն մը։

Ընդունինք, որ պետութիւնը եւ իշխանութիւնը միակցուած միտքեր են եւ այս երկու միտքերուն հաշտեցման եզրերը նաեւ կը հիմնաւորեն պետականութիւնը։ Միտքերու այս եզրին մէջ կարելի է հետեւցնել, որ իշխանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճանաչողական կարողութիւնները կը համարկին նաեւ պետական հաստատութիւններու իրաւականութեան հետ։ Հետեւաբար, կարելի չէ այսօր նայիլ իշխանութեան եւ չտեսնել պետութիւնը։ Պետականացած ժողովուրդն է որ անվարան կ՛ընդունի երկրին օրէնսդրական, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ամբողջ համակարգը։ Վերջին հաշիւով, պետականացած ժողովուրդը կը նայի, օրինակ, ընտրուած խորհրդարանին եւ կը տեսնէ անոր քաղաքական արժէքը, հետեւաբար՝ կ՛արժեւորէ զայն իբրեւ պետական հիմնական հաստատութիւն։

Նկարագրային յատուկ իրողութիւն է արդէն հայ ժողովուրդին մօտ այն երեւոյթը, որ պետական հաստատութիւնները դժուար թէ յաջողին իրաւականութիւն շահիլ եւ իմաստաւորուիլ՝ առանց հայ զանգուածին գիտակից եւ մտային-ճանաչողական ներդրումին։ Պետական հաստատութիւններու եւ զանգուածային ճանաչողութեան համարկման այս միտքը մօտէն կապուած է հայ ժողովուրդի նկարագիրին հետ, կապուած է նաեւ ազգային գաղափարախօսութեան հետ, որ վերջապէս բանական ամբողջացումն է ազգ-պետութիւն յղացքին թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան տեսանկիւնէն։

Պետականացման ընթացքն է ներկան, եւ այս ընթացքին մէջ Հայաստանի իշխանութիւնը իր գործուն, ամբողջական ու իրաւականացած դերը եւ տեղը չէ գտած տակաւին, հետեւաբար, ընդդիմութիւնը նաեւ իր լրումին չէ կրցած հասնիլ։

Բարեբախտաբար, այսօր երկրին մէջ գոյութիւն ունի պետական կառոյցը, կամ իշխանութիւնը, գոյութիւն ունի նաեւ ենթակառոյցը, որ ժողովուրդն է՝ իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Այս երկուքը, կառոյց եւ ենթակառոյց, կամ իշխանութիւն եւ ժողովուրդ իրարու շաղկապուած միտքեր են եւ ունին անհրաժեշտ գոյակցութեան տուեալներ, որոնք բանական ընթացքով մը կ՛առաջնորդեն երկիրը դէպի պետականութիւն։

Ընդունինք նաեւ, որ պետականութիւնը իշխանութիւն, օրէնքներ կամ երկիր-պետութիւն մը ըլլալէ վեր  ունի նաեւ զգայնութիւններ, որոնց հետ ժողովուրդը կը կապուի հինէն եկած ազգային իր գիտակցութեամբ, կ՛ընդունի գոյութիւն ունեցող ներկան եւ նոյն ատեն կառչած կը մնայ այն միտքին, որ իրապաշտ քաղաքական ներկան միշտ չէ որ կը փրկէ հայրենիքը եւ ազգային իտէալները։ Մեր ներկան փորձի շրջանն է ապագայ կայուն պետականութեան համար։ Անկախութեան տարիներու փորձառութիւնը ապրած ժողովուրդը իրաւունք չի տար ոեւէ մէկուն խանգարելու բանական այս ընթացքը եւ քաջութիւն կը պահանջէ քաղաքական ներկան ընդունիլը՝ ապագայ կայուն պետականութեան համար։

Հետեւաբար, Հայաստանի վերանկախացման տարիները ներքին քաղաքականութեամբ պետականութիւն կերտելու պայքարի տարիներ եղած են, եւ այդ պայքարին մէջ ամէնէն բուռն ճակատը իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն պայքարի ճակատը եղած է։ Ընդունինք սակայն, որ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իրար ամբողջաcնող միտքեր են, որովհետեւ երկուքն ալ քաղաքական կազմակերպ արտայայտութիւններ են եւ երկուքն ալ ունին իրենց՝ դէպի պետականութիւն զարգացման եւ յառաջդիմական դիմագիծը։

Վերջին հաշիւով, ինքզինք հաստատելու եւ գոյատեւելու համար երկիրը անհրաժեշտ ներքին քաղաքական պայմաններ ունի հաւասարապէս ընդունելի թէ՛ ընդդիմութեան եւ թէ իշխանութեան կողմէ։ Այդ պայմանները ամբողջացնելու համար, նախ անհրաժեշտ է հաստատել իշխանութեան իրաւականութիւնը։

Ռազմիկ Շիրինեան
Ասպարէզ
30 Հոկտեմբեր 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ