
Ռուսիոյ նախագահի վարչակազմին մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Հոկտեմբեր 30-31ին Հունգարիոյ մէջ կայանալիք Փութին-Թրամփ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները արդէն սկսած են։ Վլատիմիր Մետինսէի, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան գծով Ռուսիոյ գաղափարախօսական ուղղութեան հիմնական ճարտարապետներէն մէկն է, ներկայ պիտի չըլլայ։
Ալասքայի վեհաժողովին, Ուքրանիոյ գծով պատմական ապացոյցներու մարտավարութիւնը արդիւնք չտուաւ։ Թրամփ սպառնացած էր լքել հանդիպումը։
Պուտափէշտի վեհաժողովին, ռուսական կողմը պիտի ներկայացնէ առկայ իրողութիւնները եւ ուքրանական հակամարտութեան լուծման իր պատկերացումները, նոյնիսկ որոշ զիջումներ ընելու պատրաստակամութեամբ։







Մեկնաբանէ