
Հայկական յիշողութեան եւ պատմական գիտակցութեան դաշտին մէջ քիչ ջանքեր կը փայլին այնքան յամառութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ յուզական արձագանգով, որքան «Յուշամատեան»ը: 2010-2011 թուականներու սահմաններուն որպէս յիշողութեան վերականգնման նախագիծ ծնած «Յուշամատեան»ը թերեւս դառնար պարզապէս թուային արխիւ մը, սակայն ան ինքզինք հաստատեց որպէս մշակութային հոգատարութեան կենդանի գործողութիւն, վերականգնումի քրտնաջան աշխատանք եւ վկայութիւն մը, թէ ինչերու կարելի է հասնիլ, երբ կը միաւորուին գիտութիւնը, արուեստը, նուիրումը, գիտական կեդրոններն ու աշխարհասփիւռ հայ գաղութները:
Պատմաբան Վահէ Թաշճեան մտայղացաւ «Յուշամատեան»ը ընել այնպիսին, որ չկար մինչ այդ եւ զոր քիչերը պիտի համարձակէին ընել. վերականգնել Օսմանեան պետութեան հայոց կեանքի ապրուած փորձը` ցեղասպանութենէն առաջ եւ յետոյ: Նախագիծը առաջադրեց վերականգնել եւ պահպանել այդ պետութեան հայոց կեանքին յիշողութիւնը` մանրակրկիտ հետազօտութիւններու, ցրուած աղբիւրներու հաւաքման, թուայնացման, թարգմանութեան, ընտանեկան պատմութիւններու, նիւթական արժէքներու, բարբառներու, երաժշտութեան, պարերու, բանաւոր վկայութիւններու, քարտէսներու եւ այլնի ներկայացման միջոցով:
«Յուշամատեան»ը գործի դրաւ իր համոզումը, որ յուշագրութիւնները, ընտանեկան պատմութիւնները, համայնքային տարեգրութիւնները եւ տեղական թերթերը ոչ թէ երկրորդական, այլ կարեւոր նշանակութիւն ունին օսմանցի հայոց պատմութեան մեր ըմբռնումին համար: Այս աղբիւրները, որոնք յաճախ կ’անտեսուին աւանդական օսմանագիտութեան մէջ, լոյս կը սփռեն հայ մարդոց եւ համայնքներու առօրեայ կեանքին, մշակութային փոխազդեցութիւններուն, տեղական իւրայատկութիւններուն, ընկերային փոխուող զարգացումներուն, լեզուական բազմազանութեան եւ համայնքային ներքին կառուցուածքներուն վրայ:
Բալուի մասին իր հիմնադիր էջերէն մինչեւ Խարբերդի, Մարաշի, Սիսի, Մուսա լերան, Եոզղաթի եւ այլ վայրերու ուսումնասիրութիւնները, «Յուշամատեան»ը քարտէսագրեց օսմանցի հայոց յիշողութիւնն ու մշակութային աւանդը, որ սկսած էր խամրիլ ընդհանուր յիշողութեան մէջ՝ հայ սփիւռքի թէ Հայաստանի յարափոփոխ պայմաններուն բերումով:
Լաւագոյնս ծառայելու համար իր լայն լսարանի պահանջներուն՝ «Յուշամատեանը» կը հրապարակուի եռալեզու. ան բոլոր նիւթերը կը ներկայացնէ հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն (երբեմն՝ նաեւ բարբառային թարգմանութիւններով): Թրքերէն թարգմանութիւնները կը քաջալերեն թրքախօս ընթերցողները նշանակալի դիտանկիւններէ տեղեկանալու Թուրքիոյ շերտաւորուած անցեալի այնպիսի փաստերու, որոնք քիչ հասանելի կամ առհասարակ անհասանելի են։
Հրապարակուած նիւթերուն ծաւալն ու որակը կը վկայեն «Յուշամատեան»ի պատասխանատու խմբագիր Վահէ Թաշճեանի եւ գործակիցներու կայուն նուիրուածութեան մասին: Տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ գիտնականներ, թարգմանիչներ, արխիւագէտներ, բանաւոր պատմութիւններու հեղինակներ, քարտէսագէտներ եւ արուեստագէտներ կեանք տուին անոր էջերուն: Յօդուածներուն որակը, գիտական, լեզուական եւ խմբագրական չափանիշներուն նկատմամբ հոգատարութիւնն ու խստապահանջութիւնը, տեսանիւթերով եւ լուսանկարներով հարուստ ներկայացումը հիացմունքի մշտական աղբիւր են: Այս աշխատանքներէն շատերը բնօրինակ հետազօտութիւններ են եւ վերականգնուած ընտանեկան նիւթեր՝ խանդավառ անհատներու եւ սփիւռքեան գաղութներու ներդրումներով:
Բացի նոր նիւթերով մշտապէս նորոգուող իր կայքէն (https://www.houshamadyan.org), «Յուշամատեան»ը կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ եւ աշխատախումբեր։ Ան ոգեշնչած է համագործակցութիւններ զանազան երկիրներու մէջ՝ ընդգրկելով ակադեմական հաստատութիւններէն մինչեւ աշակերտական շրջանակներ: Ծրագիրը համակարգչային պաստառներուն ետեւ պահուըտած անփոփոխ արխիւ մը չէ. ան աշխուժ կը ճանապարհորդէ գաղութներու, դպրոցական դասարաններու, բազմաբնոյթ կեդրոններու, հանրային տարածքներու եւ նոյնինքն հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Քիչ է ըսել, թէ սա կոթողական նուաճում մըն է: «Յուշամատեան»ը պարգեւ մըն է թէ՛ իրենց անցեալը հասկնալ փափաքող հայոց, թէ՛ օսմանեան եւ համաշխարհային պատմութեամբ հետաքրքրուած այն գիտնականներուն համար, որոնք կ’ուսումնասիրեն տուեալ տարածաշրջանի ու ժամանակի ժողովուրդներուն բազմաշերտ կեանքը:
Որպէս ընկեր եւ աշխատակից, հետեւած եմ, թէ ինչպէս Վահէ Թաշճեան լուռ, յամառօրէն եւ խոնարհաբար կը ղեկավարէ այս ջանքերը: Փարիզի Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցէն (EHESS) պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան դոկտորական աստիճան ստացած գիտնականը շատոնց յաղթահարած է մասնագիտական ու կազմակերպական աշխատանքներու, գաղութային գործակցութիւններու հաստատման ու զարգացման լարուածութիւնը:
«Յուշամատեան»ին մէջ Վահէին ներդրումը բազմազան է՝ գլխաւոր խմբագիր, համակարգող, գիտնական, կամուրջներ կառուցող, երիտասարդ ուժերու ուսուցիչ…: Անոր իրագործածը արդէն իսկ պատմական է: Ան ղեկավարած է տարբեր գիտնականներու ինքնայատուկ ոճերով աշխատութիւններու թարգմանութիւններ, համադրած է տասնեակ միքրօպատմութիւններ, համակարգած է աշխարհի չորս կողմերէն ստացուած հսկայաքանակ նիւթեր, նախագծած ու կազմակերպած է ցուցահանդէսներ, ելոյթներ ունեցած է գիտական ու հանրային բազմաթիւ միջոցառումներու՝ իր հոգեզաւակ «Յուշամատեան»ը միշտ պահելով նուաճած բարձրութեան վրայ, հաւատարիմ՝ գիտական եւ բարոյական սկզբունքներուն:
Բարեբախտաբար, ան երբեք մինակ չէ եղած: Պէտք է խոր երախտագիտութիւն յայտնել «Յուշամատեան»ի ամբողջ խումբին` կազմակերպութեան ներկայացուցիչ դոկտ․ Էլքը Հարթմանին, տեսողական գեղեցկագոյն լեզուի տէր՝ ձեւաւորող Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանին, աշխատակից գիտնականներուն (որոնց հրապարակումները երաշխաւորեցին ծրագիրին բազմազանութիւնը եւ գիտական գերազանց արժէքը), վարչական գործիչներուն, կայքի արհեստագէտներուն, խմբագիրներուն, թարգմանիչներուն, բանահաւաքներուն, հովանաւորներուն, նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն: Անոնց հաւաքական աշխատանքին շնորհիւ ժամանակին կողմէ լռեցուած բազմաթիւ ձայներ վերագտան իրենց ազատութիւնը, լուսաւորուեցան պաշտօնական պատմութիւններէն դուրս մնացած բազմաթիւ կեանքեր, վերագտնուեցան շատոնց մոռցուած տեղանուններ: Յատուկ շնորհակալութեան արժանի են աշխարհի չորս կողմերէն այն բազմաթիւ մարդիկ եւ ընտանիքները, որոնք նուիրաբերեցին լուսանկարներ, յուշագրութիւններ, նամակներ, զանազան փաստաթուղթեր եւ առարկաներ։ Անոնք ոչ միայն հարստացուցին կայքը, այլեւ ձեւաւորեցին յիշողութեան կենդանի համայնք մը: Այս բոլորին շնորհիւ է, որ 15-ամեայ «Յուշամատեան»ը այսօր կը մտնէ իր կեանքի նոր փուլը՝ անընդհատ ընդլայնուելով։
Եւ հիմա այս պանծալի պատմութեան մէջ կը բացուի նոր եւ ոգեւորող էջ մը: 27 հոկտեմբեր 2025-ին, Պէյրութի Սէն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ (USJ) պիտի բացուի «Արա Հրեշտակեան հայագիտութեան ամբիոն»ը։ Ես ուրախ եմ, վստահ եմ՝ նաեւ շատ-շատեր, որ Վահէ Թաշճեան պիտի ծառայէ որպէս ամբիոնի գործադիր տնօրէն։ Այս՝ ճակատագիրի շրջադարձ է: Բարձրագոյն ուսման համար Պէյրութէն Փարիզ մեկնած, ապա Պերլին հաստատուած Վահէի՝ հայկական յիշողութեան վերականգման վերաբերեալ Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ խմորած ու մեծցուցած նախագիծը այժմ կը հատուի Միջին Արեւելքի գիտական հեղինակաւոր կեդրոնի այս ողջունելի նախաձեռնութեան հետ՝ Վահէի ծննդավայրին մէջ: Կասկած չկայ, որ USJ-ի մէջ, լիբանանահայոց եւ Միջին Արեւելքի գիտնականներու շրջանակներուն մէջ Վահէ Թաշճեան կը ձեւաւորէ նոր միջավայր մը իր առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար. դասաւանդել, խորհրդատուութիւն տրամադրել, հաւաքել, հրապարակել եւ խորացնել հայագիտութեան ազդեցութիւնը նոր միջավայրին մէջ:
Կը շնորհաւորենք Վահէ Թաշճեանը այս նշանակումին առիթով։ Այս նոր պաշտօնին մէջ պէտք է տեսնել աւելին, քան պարզապէս Վահէի անցեալի աշխատանքներուն արժեւորումը. Վահէի ղեկավարելիք հայագիտական ամբիոնը պէտք է ընկալել կարեւոր հարթակ մը, որ արժէքաւոր ներդրումներով պիտի հարստացնէ արեւելեան հայագիտութիւնն ու լիբանանահայ գիտական-մշակութային կեանքը: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել USJ-ի ղեկավարութեանը եւ շնորհաւորել զայն, որ որոշեց վեց տասնամեակ ետք վերածնել արժանայիշատակ Հայր Յովհաննէս վրդ․ Մսըրեանի (1888-1965) հիմնած հայագիտական ուսմանց ամբիոնը ու անոր ղեկավարումը վստահեցաւ Վահէ Թաշճեանին: Այս նորոյթէն մեծապէս պիտի օգտուին Լիբանանը, լիբանանահայ գաղութը եւ առհասարակ հայագիտութիւնը:
Շնորհաւո՜ր 15-րդ տարեդարձդ, «Յուշամատեա՛ն»: Թող քու բացայայտած յիշողութեան ուղիները շարունակեն բազմապատկուիլ եւ ընդլայնիլ, եւ թող քու կեանքի բերած ձայները դեռ երկար, շա՜տ երկար տասնամեակներ շարունակեն խօսիլ սահմաններէն, համայնքներէն եւ ժամանակներէն անդին:
*****
Վարդան Թաշճեան
Գեղարդ
14 Հոկտեմբեր 2025







Մեկնաբանէ