Հոկտեմբերը հայոց օրացոյցին մէջ արտասովոր խորհուրդ մը կը հաղորդէ մեր ժողովուրդին: Ան հայ մշակոյթի ամիսն է: Այս ամիսը առիթ մըն է` խոկալու, արժեւորելու մեր անցեալի ժառանգութիւնը, ուսումնասիրելու ներկայի մարտահրաւէրները եւ վերանորոգ պատասխանատուութեամբ դիմագրաւելու ապագան:

Մշակոյթը մարդկային քաղաքակրթութեան հնագոյն եւ ոգեղէն շունչն է: Դարերու ընթացքին եղած է ժողովուրդներու ինքնութիւնը ամրագրող հիմնական զէնքը: Ժողովուրդի մը ինքնութիւնը կը կազմուի ոչ միայն սահմաններով եւ բանակով, այլեւ` լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեւոր ժառանգութեամբ: Պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդը բազմիցս կորսնցուցած է հող, պետականութիւն, իշխանութիւն, բայց գոյատեւած է շնորհիւ իր մշակոյթին: Հայ մշակոյթը եղած է մեր ինքնութեան ձայնը:

Անցնող դարերուն մեր մշակոյթը հարստացած է մատենագիրներու, բանաստեղծներու ու մտաւորականներու ստեղծագործութիւններով:

Մշակոյթը` իբրեւ հոգեկան կեանքի արտացոլանք, կը շղթայէ սերունդները, կը պահպանէ յիշողութիւնը եւ կը սերմանէ ապագայի հաւատքը: Լեզուն, գիրքը, երաժշտութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը այն անտեսանելի գործօններն են, որոնց միջոցով ժողովուրդ մը կը գոյատեւէ իբրեւ ինքնուրոյն եւ ամբողջական հաւաքականութիւն:

Երբ կորսնցուցինք մեր թագաւորութիւնները, երբ մեր պետականութեան հիմքերը փլուզուեցան, մեզ պահեցին գիրն ու գիրքը: Մեսրոպեան գիրերուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ անպարտ բանակ մը: Ան դարձաւ մեր հոգեւոր պետականութիւնը: Եթէ Հայոց պատմութիւնը ողողուեցաւ կորուստներով, մեր մշակոյթի կանթեղը դարձաւ յարատեւութեան փարոս: Գիրերու գիւտը եղաւ ոչ միայն կրթական կամ գրական իրագործում, այլեւ` մեր գոյութիւնը աւանդը պահպանելու եւ աւանդը ամրագրելու վճռական քայլ:

Այսօր, սակայն, մտահոգիչ երեւոյթներու ականատեսն ենք: Անտարբերութիւնը կը սպառնայ մեր դարաւոր գանձերուն: Հայ մշակոյթը, ի մասնաւորի` մայրենին, այսօր կը բախի անողոք սպառնալիքի մը` մեր անտարբերութեան: Յաճախ անգիտութեամբ, յաճախ` անփութութեամբ:

Մայրենի լեզուն, որ մեր ինքնութեան սիրտն է, այսօր կը դիմագրաւէ աննախադէպ սպառնալիք: Յա՛տկապէս արեւմտահայերէնը, այսօր կանգնած է գոյութենական ճակատագրի դիմաց:

Անո՛նք, որոնք պէտք էր ըլլային մշակոյթի պահապանները, յաճախ կը դառնան անտեսողը: Հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու անունները չեն հասնիր նոր սերունդի ականջին: Չեմ խօսիր գրական գիտելիքներու, ուղղագրութեան եւ քերականութեան մասին: Երբ չխնամենք մշակոյթի պարարտ հողը, անպտուղ ծառի կը վերածուինք բոլորս:

Աւանդական հայկական վարժարաններու մէջ անարդար եւ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով կը կրճատուին հայերէնի, հայ գրականութեան եւ Հայոց պատմութեան դասապահերը: Ոմանք դադրեցուցած կրօնի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդութիւնները: Վարժարան մը, երբ հայերէնը կը մղէ երկրորդական դաշտ, արդէն կը դադրի լիովին հայկական ըլլալէ: Լեզուն է մեր ինքնութեան բանալին, մեր գոյութեան գրաւականը: Արդարացումները բազմաթիւ են եւ բազմազան` «արդի, ժամանակակից գիտութիւն», «օտար լեզուներու պահանջ», «գործնական արդիւնաւէտութիւն». բայց բոլորը կեղծ պատրուակներ են: Ժողովուրդ մը, երբ կը նսեմացնէ իր լեզուն, կը նսեմացնէ իր իսկ գոյութիւնը:

Հաւաքական պատասխանատուութիւն կը կրենք բոլորս:

Հայոց լեզուի պահպանութիւնը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է` վերադաս, կրթական մարմիններ, ուսուցիչ թէ ծնողք: Վարժարաններուն մէջ հայերէնը, գրականութիւնը եւ պատմութիւնը պէտք չէ դիտուին իբրեւ ծանրաբեռնող առարկաներ, այլ` մեր ինքնութեան գրաւականը: Երբ մեր զաւակները, թոռները կը հեռանան մայրենիէն, ինքնութեան գիտակցութիւնը աստիճանաբար փուլ պիտի գայ անոնց մէջ:

Մայրենի լեզուն հայ մշակոյթի ոսկեայ բանալին է: Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն ճիւղերը միասին կը կազմեն այն հզօր ծառը, որուն արմատները կը հասնին հազարամեակներու խորերը: Առանց լեզուի պահպանութեան` ազգը կը կորսնցնէ իր դիմագիծն ու հոգին: Հայոց լեզուն այն սրբավայրն է, ուր կը կոփուին մեր ինքնութիւնը, հոգեբանութիւնը, մտածելակերպը եւ կեանքի ընկալումը:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայկական վարժարաններու մէջ հայերէնի ուսուցումը պէտք է դառնայ առանցքային: Ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է աւելի ամրապնդել հայերէնի ուսուցումը սփիւռքի մէջ: Իւրաքանչիւր հայկական վարժարան հայեցի դաստիարակութեան տաճար պիտի դառնայ իսկութեան մէջ…

Շատ անգամ կը բողոքենք` օտարները չեն ճանչնար մեր մշակոյթը:

Բայց արդեօ՞ք մենք կ՛արժեւորենք զայն: Մամուլը քանի՞ տող կը յատկացնէ հայ գրողներուն: Քանի՞ ծնող կը քաջալերէ իր զաւակը` լսելու Կոմիտաս: Քանի՞ ուսուցիչ կը ներշնչէ աշակերտը, որ մայրենի լեզուի իմացութիւնը կենսական է: Անտարբերութիւնը այս ընթացքով կրնայ երկրորդ ցեղասպանութեան վերածուիլ` մշակութային ինքնասպանութեան:

Մեր մշակոյթի ապագան կախեալ է մեր հաւատքէն եւ մեր մարտունակութենէն: Վաղուան հայը պիտի ըլլայ այնքան` հզօր, որքան անոր ժառանգած արմատները: Ուշացած ենք արդէն: Ազգային ահազանգը վաղուց հնչած է, բայց ո՞վ է լսողը… Կը մնայ ծրագրել եւ գործել: Մշակոյթը միայն անցեալին փառքը չէ, այլ նաեւ` ապագայի կենսագրութիւնը:

Հոկտեմբերը` Հայ մշակոյթի ամիսը հրաւէր մըն է մեր բոլորին` պահպանելու մեր ինքնութեան խորքը եւ մեր ազգի անփոխարինելի ժառանգութիւնը:

Հայոց լեզուն բանալին է` հասկնալու մեր մատենագիրներուն պատգամը, լսելու Նարեկացին իր իսկ լեզուով, զգալու Սայաթ Նովայի անաղարտ մեղեդին: Այն անքակտելի կապն է, որ նախնիներու կտակը կը փոխանցէ մեր զաւակներուն: Լեզուի կորստեան հետ կը կորսուի նաեւ մշակոյթը: Իսկ ժողովուրդ մը, երբ կորսնցնէ իր մշակոյթը, կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր դիմագիծը:

Այս բոլորը մեզ կը դնեն լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ: Պատասխանը կախեալ է մեր ընկալումէն: Մեր մշակոյթը պիտի ճառագայթէ, եթէ մենք արժէք տանք լոյսին:

Ժողովուրդներ կրնան ապրիլ տնտեսութեամբ: Ուրիշներ կ՛իշխեն ռազմական հզօրութեամբ, դիւանագիտութեամբ: Հայ ժողովուրդը յարատեւած է իր մշակոյթով:

Միջնադարուն, երբ թագաւորութիւնները փուլ կու գային, հայ գիրն ու գրականութիւնը դարձան շարունակականութեան երաշխաւոր:

Օսմանեան բռնատիրութեան դարերուն հայ դպրոցն ու մամուլը պահեցին ազգային ոգին, մինչդեռ հարիւրաւոր ժողովուրդներ բնաջնջուեցան առանց հետք ձգելու:

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հակառակ գաղափարական ճնշումներուն, հայ մտաւորականութիւնը յաջողեցաւ զանազան միջոցներով պահպանել մեր ազգային ոգին:

Այս պատմական օրինակները ցոյց կու տան, որ երբ հայը կառչած է իր լեզուին ու մշակոյթին, պահպանած է ինքնութիւնը:

Մայրենի լեզուին հանդէպ անտարբերութիւնը կը նշանակէ հրաժարիլ մեր նախնիներուն պատգամէն: Երբ հայ պատանին չի լսեր, չի գրեր մայրենիով եւ չի կարդար իր մայրենին, ան աստիճանաբար կը դառնայ «հայակերպ» անհատ:

Ազգ մը, որ կը դադրի մայրենիով խօսելէ, իր մշակոյթը պահպանելէ, կ՛ուրանայ իր գրականութիւնը, փառաւոր պատմութիւնը, ի վերջոյ կը դառնայ միայն գոյատեւելու դատապարտուած անգոյ հաւաքականութիւն:

Ահարոն Շխրտըմեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ