
Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է «Բրիտանահայ» խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը, կը յայտնէ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Ցուցահանդէսը նուիրուած է հայերու եւ բրիտանացիներու միջեւ դարաւոր յարաբերութիւններուն։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ուշագրաւ ցուցանմուշներ, 1736ին Լոնտոնի մէջ տպագրուած առաջին հայերէն գիրքէն՝ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»էն, մինչեւ հայկական եւ անգլիական պետութիւններու ղեկավարներու առաջին հանդիպման նուիրուած 15-րդ դարու ֆրանսական ձեռագիրը։
«Բրիտանահայ» խորագիրով ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի 22 Փետրուար 2026։







Մեկնաբանէ