Աւարտակէտ չունեցող արդի թուային արհեստագիտութիւններու մեր դարուն մէջ, գերկենսական է մտածել՝ «Ի՞նչ են մեր մշակոյթի ժառանգութիւնը երաշխաւորող, պահպանող ու հաւաստիացնող հիմնական ցուցաձողերը», «Ի՞նչ գործնական որոշումներ պէտք է առնուին անմիջապէս», «Ի՞նչ միջոցներով պիտի լուծուին ելքերու ընտրանքները եւ տարբաղադրումը», մանաւանդ հայ ազգի մտաւոր, ստեղծագործող ժառանգութեան ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ  իմաստաւորելու եւ ամրագրելու համար։ «Ի՞նչպիսի արժէքներու առաջնահերթութեամբ պարտաւոր ենք ծրագրել ու գործադրել» թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութիւններով շրջապատուած մեր սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։

Փորձենք այս պարունակին մէջ խորհրդածել, միասնաբար ելքեր գտնել, որոնք կը պատշաճին 21-րդ դարու թուային արհեստագիտութեան հետ։

Լիբանանահայ մամուլի հանրածանօթ աւանդապահ ներկայացուցիչներէն՝ «Արարատ»-ը լոյս կը տեսնէ 1937 թուականէն, անցեալի «ամէնօրեայ» տպագիր օրաթերթը իր հարուստ ժառանգութեամբ 88 նուիրեալ տարիներու իր ճանապարհը անվարան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլի տիպարներէն մէկը հանդիսանալով, իր տպագիր եւ ելեկտրոնագիր տարբերակներով։ Մօտիկ անցեալին առանց հանգիստ փնտռելու, վճռակամ քայլերով կիրակի օրերուն ալ լոյս կը տեսներ, ժամանակի սահանքին հետ ինչպէս սփիւռքի հայ մամուլի զանազան օրաթերթեր, «Արարատ» օրաթերթն ալ 29 Հոկտեմբեր 2024-էն սկսեալ ամէնօրեայ հրատարակութեան դրութենէ անցաւ երկօրեայ թերթի։ Վստահօրէն կարելի է հաստատել, որ ներկայիս երկօրեայ «Արարատ»-ը, խորքային ու բազմահարուստ բովանդակութեամբ որակային զգալի ոստում մը կատարած է, բայց մայր էջի ճակտին վրայ մեծատառ ԱՐԱՐԱՏ-ի խորագրին տակ տակաւին կը կարդանք «օրաթերթ» յիշատակութիւնը, երեւի Արարատ երկօրեայ թերթը որոշած է չզիչիլ ու պահել անցեալի «օրաթերթ» եղած ըլլալու աւանդութիւնը։

Մեծ խանդավառութեամբ կարդացի ելեկտրոնագիր «Արարատ» երկօրեայ թերթի 27 Մարտ 2025 թիւը։ Բայց ի՞նչն է յատկանշականը այդ թուի բովանդակութեան մէջ, որուն մասին ուզեցի անդրադառնալ։ Պատասխանը շատ պարզ է։ Այդ թիւը նուիրուած էր լիբանանահայ անուանի գրող, գրականագէտ, բազմավաստակ կրթական մշակ, բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, հայ մտաւորական՝ Պեպo Սիմոնեանի առյաւետ բաժանումին՝ այնքան արագ շոգիացած տասնամեակին։ «Արարատ»-ի այս թիւին մէջ յիշարժան է՝ ցայտուն մտաւորական գրիչներու, հրապարակագիրներու, խմբագիրներու գրութիւնները, ինչպէս Պարոյր Յ. Աղպաշեանի՝ «Չմոռցուող կենդանի դէմքերէն խօսող ու խօսեցնող, յիշող ու յիշեցնող՝ անփոխարինելի Պեպոն», Աւետիս Ռազմիկի՝ «Պեպօ Սիմոնեան մարդը», Արմէն Իւրնէշլեանի՝ «Պեպo Սիմոնեան լիբանանցին» եւ հեղինակին տիկինը՝ Ազատուհի Սիմոնեանի՝ «Խոհեր Պեպo Սիմոնեանի մահուան տասնամեակին առիթով», գրիչներ՝ որոնք անգամ մը եւս իրենց հարազատ յօդուածներով, յիշողութեան ամպամած խրամատէն դուրս բերին ու փառատեցին մոռացութեան մշուշին ուղղուող իրենց գրչեղբօր Պեպոյի՝ գրական, մտաւորական ու ստեղծագործական քաջավաստակ յիշատակը, մտաւոր ակներեւ ժառանգը։ Պեպոյի յիշատակին օրինակելի այս վերաբերմունքով, իր գրչեղբայրները տեսանելիութիւն մը յառաջացուցին, հետաքրքութիւն մը աճեցուցին, ընթերցելու շարժառիթ մը մատուցեցին հայ ընթերցողին, անոնց կատարածը հիմնականօրէն զրոյց մըն էր ապագայի հետ։

Անձնաթուղթով՝ Պետրոս Գալայճեան, հասարակութեան ծանօթ գրական անունով՝ Պեպo Սիմոնեան անունը ինծի քիչ ծանօթ անուն մըն էր, տարիներ առաջ սիրելի բարեկամուհիէ մը ստացած էի Պեպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ – Մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» խորագրով տպագիր, թղթեայ գիրքին օրինակը, որ արձակ էջերու հատոր մըն է, 2012 թուականին Պէյրութի մէջ տպուած «Շիրակ» հրատարակչատունէն։

Այդ գեղատիպ գիրքը հետաքրքրութեան կայծ մը, ներշնչող ու տոգորիչ հրաւէր մը դարձաւ ինծի համար Պեպo Սիմոնեանի  գրականութեան հետ աւելի սերտ ու մտերիմ կապ մը ստեղծելու։ Պեպոն ու իր ստեղծագործական աշխարհը, իր մտասեւեռումի աշխարհընկալումի հորիզոնները ինծի համար դարձան աւելի յստակ, պարգեւելով խոհերու բացորոշ ու ականակիտ հոգեկան հրապոյր մը։

Պեպոյի ստեղծագործութիւններուն մէջ գերզգալի է հեղինակին յոյզերն ու ազգային մտմտուքը, հայաբոց ու տաքուկ ազգային շունչը եւ մանաւանդ ինքնութեան ու մտերմիկ ինքնազրոյցը ապագայի հետ, յատուկ ճկունութեամբ մը իր ժամանակէն աւելի հեռու տեսնելու հմտութիւնը, ազգային երկարաժամկէտ ինքնագոյատեւումին անաղմուկ ու երկիւղած զրոյց մըն է, որ ինք արծարծած ու մշակած է, զայն վերածելով հաւաքամարտի մը իր ընթերցող ազգակիցներուն հետ, վստահօրէն անոնց շարքերուն մէջ էի, եւ այդ բոլորը ակներեւ էին ինծի համար։

Մտաւորական մը, որուն պճեղ սիրտը 78 տարի բաբախած է, 55 եւ աւելի տարիներ հայ համադամ գրականութեան խրախճանքի մասնակից դարձած է  վկայելով, պատգամելով, ճառագրելով եւ յատկապէս մատենագրելով հայու ստեղծագործող գոյութիւնը, ոչ միայն հայութիւն երգած է, այլեւ իր հեղինակային ճարտարութեամբ համոզած է կարդացողը, որ ձայնակցի իր ինքնութեան երգին, մղած գոյատեւութեան պայքարին, զգալու սփիւռքահայու տուայտող հոգին, ապրելու ազգային փոթորկող տագնապներուն հետ, արձագանգելով եւ արձանագրելով բոլոր ապրումները, երազներն ու խոկումները որոնք անկասկած Պեպոյին ինքնարտացոլումները չեն միայն (Self-Reflection), մերն են նաեւ, վստահաբար ամէն հայու կը պատկանին ։

Պեպոյի արեւմտահայերէնի գրաւչութիւնը, զուլալ ոճը, խոհերը, պարունակութեան իմաստը, այսօր աւելի հարազատութեամբ կրնամ զգալ, գնահատել ու արտայայտուիլ հեղինակի մտասեւեռումներու տարածքին ու գրական վաստակին մասին։ Հեղինակ մը որուն պարարտ բերքին կը պատկանին, ժանակագրական կարգով Ա) բանաստեղծութիւններ՝ «Նախերգանք» 1968 Պէյրութ, «Կանաչներու Առասպելը» 1977 Պէյրութ,  «Մարդեղութիւն» 1981  Երեւան (Սփիւռքահայ Գրողներու մատենաշար), «Ծառին Ճիչը» 1991 Պէյրութ, «Միջերկրականի Լոյսերուն Դիմաց» 2004, Գէորգ Մելիտինեցի Մրցանակի մատենաշ, Բ) արձակ էջէր՝  «Ծուէն Ծուէն Երիզներ» 1981 Պէյրութ, «Մայրիներու Արմատները» 1986 Պէյրութ, «Ակնթարթներ Մարդու եւ Կեանքի Առօրեայէն» 2012 Պէյրութ, Գ) այլ բնոյթի երկեր՝ «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» 1994 Պէյրութ, «Հայակերտում եւ Մանկավարժութիւն» 1996 Պէյրութ, Դ) գրականագիտական երկեր՝ «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի գրողներու Ե. Համագումարի սեմին» 1966 Պէյրութ, «Էջեր եւ Նիւթեր Գրականութեան» 2007 Հատոր Ա. Պէյրութ, «Էջեր եւ Նիւթեր Գրականութեան» 2009 Հատոր Բ. Պէյրութ, Ե) յետ մահու երկու հատոր Ա- բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ «Գմբէթ Արեգ» 2015, Բ- յօդուածներու հաւաքածոյ «Գրականութեան Ճամբուն վրայ» 2016, նախորդներուն կարելի է աւելցնել՝ ազգային, կրթական, մանկավարժական, ընկերային բնոյթի յօդուածներ, լիբանանահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած գեղարուեստական արձակ էջեր եւ այլն։

Արարատի այդ թիւին մէջ ընդգծելի է գրող տիկին Ազատուհի Սիմոնեանի ծրագրի մը բացայայտումը, թէ Պեպo Սիմոնեանի ամբողջական գործերը անխտիր պիտի ընդգրկուին, մէկտեղուին կայքէջի մը մէջ։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը ստանձնած է հոգալ այդ կայքէջին ծախսերը։ Օրինակելի մօտեցում մըն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէնութեան ցոյց տուած խոր հետաքրքրութիւնը արեւմտահայ հեղինակներու եւ առհասարակ արեւմտահայերէնի նկատմամբ։

Թուայնացնելու միտումը այնքան ժամանակակից իր հնչեղութիւնը, օգտաշատութիւնը ունի մանաւանդ վաստակաշատ հեղինակին գրական եւ հայագիտական պարարտ հունձքը եւ հրատարակութիւնները բոլորը պիտի ընդգրկուին կայքէջին մէջ, ձեռնտու պիտի դառնայ ու ընդարձակուի անոնց հասանելիութիւնը, պիտի օժանդակէ գիտական պեղումներ կատարելու, նոր ուսումնասիրութիւններ, քննարկումներ միացնելու եւ այլն։ Յաջորդ բերկրալի տեղեկութիւնը՝ Պեպo Սիմոնեանի նամականիին հրատարակութիւնն է երկու հատորներով, որուն խմբագրութիւնը յանձնուած է հմուտ պատմաբան եւ արխիւագէտ Գէորգ Եազըճեանին։ Պեպոյի նամականին իր ամբողջութեամբ պիտի զետեղուի կայքէջին մէջ։

Թուային ներկայութիւնը նոյնքան տեւական է, որքան նիւթականը

Արժէ անդրադառնալ թէ ինչպէ՞ս կ՛արժեւորենք մեր ներկայի իրականութեան հետ տեղի եւ ժամանակի սահմանափակումներէն հեռու թուայնացումի, վերոյիշեալ կաքէջի նման ծրագրերը, ի՞նչ ակնկալութիւններով կը նախատեսուին, կ՛ընկալուին նման նախաձեռնութիւնները։

Բնական է որ կայքէջի մը մէջ ամբարուած գիտելիքները հետաքրքրութիւն շարժող առցանց թուային մշակոյթի եւ հմտութիւններու սկզբնաքայլն է, որ վստահաբար ինքնանպատակ չէ։ Այսօր անկարելի է առանց թուայնացումի մաս կազմել, խմբակից դառնալ աշխարհի որեւէ մշակութային, լեզուական, պատմական եւ այլ ուսումնասիրական հարթակներու։ Թուային հայագիտութիւնը, մատենագիտութիւնը որպէս ժամանակակից ու հրամայական ուղղութիւն, գլուխը կը ցցէ որպէս առաջնահերթ, արագ ոստումներով զարգացող ու անյետաձգելի հրամայական ոլորտ, որ արդէն հիմնովին յեղաշրջած է լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան եւ այլ մշակութային ժառանգութեանց ուսումնասիրութիւններու ասպարէզները [1] ։

Թուային արհեստագիտութիւնները ներկայիս անդառնալի, նոյնիսկ անզիչելի կիրարկութիւն կը պարտադրեն, պարտաւորեցնող են, մանաւանդ սփիւռքի մշտափոփոխ պայմաններու հարկադրանքով՝ ըլլայ անհատական արխիւներու թէ հաւաքական մեր բոլոր հայ միաւորներու արխիւներու պարունակով, իբրեւ ժամանակի եւ յիշողութեան պահապան։

Թուային արհեստագիտութեան հնարաւորութիւններու կենսական իրագործումը, անպայման բազմաշերտ ու լայնածաւալ հեռանկարներ կը խոստանան, հայ ազգային մշակոյթի ողջ ներուժի ժառանգութիւնը ամրապնդելու, պահպանելու, տարածելու, եւ յատկապէս եկող սերունդներուն փոխանցելու հեռատեսութեամբ։

Պեպոյի եւ բոլոր մեր մտաւորական տիտաններու վաստակաւոր ժառանգը թուային հնարաւորութիւններու միջոցով առիթը կ՛ընծայէ ստեղծելու թուային տուեալներու, ստեղծագործական կոթողներու, արխիւներու, նամակներու թղթապանակներու, գրառումներու, անդրադարձներու հսկայական շտեմարաններու մէկտեղումը, մատչելիութիւնը, հետազոտողներուն առիթ տալով եւ օգնելով իրականացնելու այնպիսի լայնածաւալ վերլուծութիւններ, ուսումնասիրութիւններ որոնք անցեալին անհասանելի հումք էին, անիրագործելի կամ անհնար միջոց էին։

Թուայնացած մշակոյթի ձեւաչափերով, կը պահպանուին մեր բազմադարեայ ստեղծագործական գանձարանները, աւելի կայուն կը դառնան, կ՛օգնեն  ապագայի սերունդներուն միջգործնական (Interactive) ուսուցուման, կ՛օժանդակեն ուսումնասիրելու եւ մանաւանդ գնահատելու այնպիսի ձեւերով, որոնք անցեալին անհաւանական էին։

Որքան շատ կը թուայնացնենք մեր գրականութեան, արուեստի, երաժշտութեան, եւ հայ դարաւոր մշակոյթի պատմական եւ գեղարուեստական ամբողջական գանձերը ալ աւելի կը դիրքաւորենք մեր թուային ներկայութիւնը, ուստի արհեստական բանականութեան (ԱԲ) կը լիազօրենք ու կ՛օգնենք հասկնալու, տարածելու, վերլուծելու, համադրելու, դասակարգելու, ներկայացնելու եւ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսանկիւնէն արհեստական բանականութեան [1] ճշգրիտ աղբիւրներ կը տրամադրենք (չարափոխութիւններէ, աղաւաղումներէ, սխալ մեկնաբանութիւններէ խուսափելու նպատակով) մեր դարաւոր ժառանգութեան մասին, եւ յատկապէս կը պահպանենք զանոնք քայքայումէ ու կորուստէ։

Թուայնացնելով մշակութային մեր ժառանգութեան նիւթերը հասանելի կը դարձնենք, կը բարելաւենք արհեստական ​​բանականութեան (AI) կարողութիւնը, նիւթերու մանրամասնութեան հասանելիութիւնը, մատուցումի հնարաւորութիւնը, նոյն ժամանակ կ՛ապահովենք ու կ՛ամրագրենք մեր պատմական մշակոյթի եւ հաւաքական ժառանգութեան կայունութիւնը, կ՛ամրապնդենք անոր գոյատեւութիւնը, հնարաւոր կը դարձնենք զանոնք ապագայի տեսլականով, նորարար ու արդի արհեստագիտութիւններու հետ համահունչ համագործութեան ։

Երբեք ուշ չէ, որ մենք նուիրական առաքելութեամբ մասնակցինք թուայնացնելու մեր ստեղծագործ մշակոյթի ժառանգութիւնը։

Թուայնացնենք հաւաքական մեր բոլոր միաւորներու ամբողջական արխիւները եւ նոյնպէս անհատական երկար տարիներէ լքուած, երբեմն խնամքով ու գուրգուրանքով պահպուած արժանի վկայագրերը, հաստատագրերը, յիշատակի անհատական ու խմբային կուտակուած լուսանկարները, ստացուած նամակները եւ այլն։ Այդ բոլորը հայու ինքնութեան, մարդաբանութեան եւ մեր գոյաբանական (ontological) բաղադրիչներն են: Մեր ստեղծագործած, ապրուած կեանքի դիմանկարներու օղակներն են, ապրուած ժամանակահատուածի մեր կենսապատումն է։

21-րդ դարու մշակոյթին թուային արհեստագիտութեան օգտաշատ ներկայութեան յարմարուիլը, լայնածիր կարելիութիւններով ամրագրում մըն է, ոչ միայն Պեպոյական գրականութեան ՄԵՆՔ-ի, այլեւ հաստատագրումն է մեր մշակոյթի արգասալից եւ ինքնուրոյն ժառանգութեան ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ։

Արա Սայեղ
Հայրենիք
30 Սեպտեմբեր 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ