
«Ես հօրս՝ Եղիա Քահուէճեանին տուած խոստումս կատարեցի, որուն համար խիղճս հանգիստ է»․ թորոնթոհայ Յարութիւն Քահուէճեան
Վերջերս Երուսաղէմի հրապարակներէն մէկը անուանակոչուեցաւ սաղիմահայ յայտնի լուսանկարիչ Եղիա (Էլիա) Քահուէճեանի անունով։ Ասիկա աննախադէպ իրադարձութիւն է, երբ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը քաղաքի վայր մը կ’անուանակոչէ հայու մը անունով։ Տեղադրուած ցուցանակը եբրայերէնով կը հաղորդէ. «Էլիա Քահուէճեանի հրապարակ. Երուսաղէմին սիրահարուած, Ցեղասպանութիւնը վերապրած լուսանկարիչ»։ Այս տողին մէջ կ’ամփոփուի յայտնի լուսանկարիչին ամբողջ կեանքը։ Հինգ տարեկանին ցեղասպանութենէն մազապուրծ ուրֆացի որբը կը յայտնուի Երուսաղէմ եւ կը դառնայ քաղաքին ամենէն նշանաւոր լուսանկարիչներէն մէկը։ Ան իր ոսպնեակով կը վաւերագրէ Սուրբ երկրի տրամատիկ պատմութիւնը՝ կենցաղը, բնապատկերները, մարդիկ։ 1924-էն մինչեւ 1993 թուականներուն անոր լուսանկարած պատկերները կը համարուին Սուրբ երկրի պատմութեան լոյս սփրող եւ անոր թատերական կենցաղը ներկայացնող կարեւոր վկայութիւններ, որոնք առ այսօր զբօսաշրջիկներու եւ ուխտաւորներու մօտ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն եւ կը վաճառուին հին քաղաքի իր լուսանկարչական արհեստանոցին մէջ։
Յայտնի լուսանկարիչին որդին՝ թորոնթոհայ նկարիչ, համալսարանի գիտաշխատող եւ գրադարանի աշխատակից (library technician) Յարութիւն Քահուէճեանի համար այս իրադարձութիւնը մեծ անակնկալ էր եւ հպարտութիւն առթող։ «Հպարտ եմ, ուրախ եմ», կ’ըսէ ան «Թորոնթոհայ»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին՝ աւելցնելով․ «Ես Թորոնթօ գտնուելով անուանակոչութեան առիթէն տեղեակ չեմ, բայց 1986-էն ի վեր հօրս մասին հետաքրքրութիւնը մեծցաւ, անոր մասին բազմաթիւ լեզուներով՝ հայերէն, եբրայերէն, արաբերէն, անգլերէն, նոյնիսկ թրքերէն, ճափոներէն եւ չինարէն յօդուածներ գրուեցան, հեռատեսիլէն տեսանիւթեր ցուցադրուեցան»։
Յարութիւնը հօր մասին պատմելու ատեն իր յուզումը չի կրնար զսպել։ «He was a legend» (համբաւաւոր էր), կ’ըսէ՝ նշելով, որ Ցեղասպանութեան զրկանքներու հետեւանքով հայրը կորսնցուց ընտանիքը, հարազատները, համերկրացիները, սակայն կրցաւ աստուածային նախախնամութեամբ ողջ մնալ։ «Ասիկա պատճառ մը ունէր եւ անկասկած առաքելութեան մը համար էր, որ ան պատուով կատարեց», զգացուած կ’ըսէ զրուցակիցս։ Ջարդի ճանապարհ, որբութիւն, գերութիւն, մարդակերներու ձեռքէն մազապուրծ փրկուիլ, «Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց» կազմակերպութեան որբանոց յայտնուիլ, Հալէպ, Պէյրութ, Նազարէթ, այնուհետեւ Երուսաղէմ տեղափոխուիլ։ Անոր կեանքը իսկական ոդիսական մըն է, ուր կը ցոլայ տառապեալ հայու պայքարող ոգին, հայու չվահատող ու կորովի տեսակը։
Որբանոցին մէջ, նազարէթցի ուսուցիչը իրեն լուսանկարել կը սորվեցնէ, հակառակ անոր որ իր նախասիրութիւնը գծագրութիւնն էր։ Տասնչորս տարեկանին Երուսաղէմի մէջ կը սկսի աշխատիլ հռչակաւոր Hanania Brothers Studio-ին մէջ եւ առիթ բաց չի ձգեր լուսանկարելու Երուսաղէմի քաղաքային կեանքը։ 1942-ին կը գնէ խանութը եւ կ’անուանէ Elia Photo-Service: Համաշխարհային Բ․ պատերազմին անգլիական բանակին եւ RAF-ի (Թագաւորական ռազմաօդային ուժեր) լուսանկարիչը (Military photographer) կը դառնայ մինչեւ 1947 թուականի վերջը, երբ կը սկսի արաբեւիսրայէլեան պատերազմը։ Կորսնցնելով տունն ու խանութը երկու պայուսակով ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Հայոց վանքը։ «Հայրս սնանկացաւ, տուն ու խանութներ կորսնցուց, բայց ջանք եւ ճիգ ըրաւ, նորէն ոտքի ելաւ։ Ան միշտ մեզի կ’ըսէր․ «Թուրքին ուզածը պիտի չըլլայ։ Փորձեցէք ձեր կրցածին չափ զաւակ ունենալ եւ յաջողիլ։ Եթէ յաջողեցաք, արդէն մեծ յաղթանակ է մեզի», հօր խօսքերը մեջբերելով՝ կը պատմէ որդին։ 1949-ին, հին քաղաքին մէջ կը բանայ իր նոր խանութը:
Եղիան թէեւ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ իր արհեստին մէջ, սակայն անոր կեանքի գլխաւոր առանցքը մնացին մանկութեան սարսափներն ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին ծանօթացնելը։ Ան ամէն առիթ կ’օգտագործէր խօսելու մանկութեան կրած սարսափներուն եւ Ցեղասպանութեան դաժանութեան մասին։ 1986-ին ամերիկեան National Geographic հեռատեսիլը «Jerusalem within these walls» մասնաւոր տեսանիւթ մը պատրաստեց Երուսաղէմի եւ այնտեղ ապրող փոքրամասնութիւններուն մասին։ Հայ ազգը ներկայացնողը եղաւ Եղիա Քահուէճեանը։ «Շաբաթ մը ետք, տասներկու փրոֆեսորներ եւ հնագէտներ մասնաւոր օդանաւով մը կը մեկնին Երուսաղէմ հօրս շնորհաւորելու, ըսելով՝ «Եղիա՛, եթէ դուք՝ հայերդ, հարիւր միլիոն տոլար ծախսէիք՝ ձեր հայ դատի մասին երկու վայրկեան խօսելու համար, այսքան չէիք յաջողեր, որքան դուն ներկայացուցիր»։ Հայրս այդ հաղորդման ընթացքին կրնար որեւէ բանի մասին խօսիլ․․․ սակայն ան մենակ ջարդին մասին խօսեցաւ, թէ թուրքը ինչ ըրաւ մեզի», նկատել կու տայ անոր որդին։
Եղիային՝ ցեղասպանութեան մասին խօսելու ու աշխարհը իրազեկելու պայքարը շարունակեց Յարութիւնը, որ հօր մասին գրեց «Կարմիր անապատէն մինչեւ Երուսաղէմ» (From the Red Desert to Jerusalem) գիրքը։ Երկու հարիւր իննսուն էջնոց գիրքին մէջ հեղինակը ամփոփեց հօր մասին իր յիշողութիւնները եւ հօր գրած «Յուշեր Ուրֆայի 1915թ․ հերոսամարտի ու յետագայ իրադարձութիւններու մասին» (Երեւան, 1995թ․) գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը։ «Տասնինը տարի տեւեց այս գիրքս գրելը, արցունքներէս գրամեքենան աւրուեցաւ։ Բժիշկը արգիլեց, որ աշխատիմ այս գիրքին վրայ, որովհետեւ ճնշումս կը բարձրանար», կը պատմէ Յարութիւնը։ Սակայն, ան իր հօրը տուած խոստումը կատարեց եւ անոր պայքարը շարունակեց ու կը շարունակէ։ Հեղինակը գիրքէն օրինակներ նուիրեց հրեայ բազմաթիւ փրոֆեսորներու։ Յայտնի ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնի նամակով մը շնորհաւորեց Յարութիւնը կարեւոր այս աշխատութեան համար եւ խնդրեց, որ գիրքէն հատուած մը ներառէ իր գիրքին մէջ։ Յատուկ հրաւէրով մը Երուսաղէմի քաղաքապետարան այցելութեան ժամանակ հրեայ պաշտօնեայ մը Յարութիւնին ըսաւ․ «Եթէ հայրդ հրեայ ըլլար, անոր մասին տասը ֆիլմ կը պատրաստուէր»։
Եղիային յաջողութեան բանալին այն համոզումն էր, թէ ոեւէ հայ որ կ’ուզէ վրէժ լուծել թուրքէն` պէտք է իր կեանքին մէջ յաջողի եւ շատ զաւակներ ունենայ։ Ան յաջողեցաւ իր արհեստին մէջ, ամուսնացաւ ուրֆացի Ազնիւ Տէւէճեանի հետ եւ բախտաւորուեցան հինգ զաւակներով՝ երեք դուստր, երկու որդի, ապա՝ տասնչորս թոռով եւ տասնչորս ծոռով։
Եղիա Քահուէճեանը դարձաւ «Երուսաղէմի աչքը» եւ իր երկարամեայ կեանքի ընթացքին վաւերագրեց Երուսաղէմի 20-րդ դարու ծաղկուն եւ խաղաղ ժամանակաշրջանը, այնուհետեւ պատերազմական իրավիճակները։ Անոր աւանդը եւ կեանքի ոդիսականը աշխարհին ծանօթացնելու գործը ստանձնեցին իր սերունդները։
Երուսաղէմի իր արհեստանոց-խանութը կը տնօրինէ իր թոռը, որ կը վաճառէ անոր պատմական լուսանկարները։ Յարութիւնը ստանձնեց ցեղասպանութեան ճանաչման հօր առաքելութիւնը եւ իր աշխատութեամբ ակադեմական շրջանակները կ’իրազեկէ Ցեղասպանութեան թողած խոր հետքը վերապրողներուն եւ անոնց սերունդներուն վրայ։
«Ես հնարաւորին չափ հօրս խոստումը պահեցի․ Ցեղասպանութեան մասին պատմելու իր աշխատանքը շարունակեցի, հայ մեծցուցի երկու զաւակներս, որոնք ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանը աւարտեցին։ Մեծս՝ Գանատայի թագաւորական ռազմաօդային ուժերու (RCAF) օդաչու է՝ հազարապետի աստիճանով, իսկ փոքրս՝ լեզուաբան», հպարտանքով՝ իր խօսքերը կ’ամփոփէ զրուցակիցս՝ Յարութիւն Քահուէճեանը։
Սալբի Սաղտըճեան
Թորոնթոհայ
Սեպտեմբեր 2025
Լուսանկարը տրմադրած է Յարութիւն Քահուէճեանը:







Մեկնաբանէ