Ինչպէս բոլոր հանրութիւններու պարագային, Ռիչմընտի հայկական փոքրաթիւ գաղութն ալ բաժնուած է իրարմէ տարբեր տեսլականներով եւ գաղափարներով գործող խմբաւորումներու ու ենթակառոյցներու, որոնք կառչած կը մնան իրենց համոզումներուն ու տեսլականներուն, ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներուն ու խաչմերուկներուն, շարունակելով իրենց գոյութեան պայքարը եւ գործելակերպը։

Գաղութին հին հայերը մեծ մասամբ բոլորուած են ազգային միակ կառոյցին՝ Հայ եկեղեցւոյ շուրջ եւ անտագնապ՝ կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը, առանց մտահոգուելու ու պայքարելու ամերիկեան կեանքի մարդակուլ էութեան դէմ՝ համոզուած ըլլալով, թէ որեւէ փոքրամասնութեան մը համար անդուլ կերպով ընթացող հեզասահ այդ հոսանքին ձեռքէն փրկութիւն եւ ազատում չկայ։

Գաղութին մէջ գոյութիւն ունի երկրորդ խաւ մը, որ գիտակից է իր շուրջը սաստկացող եւ ազգային իր ինքնութեան սպառնացող վտանգին, սակայն վհատած՝ ձեռքերը լուալով, բան մը պատահած չըլլալու պէս կը շարունակէ իր հեզասահ երթը դէպի այլասեռում։

Փառք Աստուծոյ, կայ նաեւ գիտակից հայերէ բաղկացած երրորդ խմբակ մը, որ առանց ոեւէ մէկու մը զգացումները վիրաւորելու՝ վարպետ դիւանագէտի զգայնութեամբ, լծուած է անդուլ աշխատանքի՝ փրկելու համար ազգային ոգին, մշակոյթը եւ մայրենի լեզուն։

Կ՛արժէ օրինակներով խօսիլ. երբ նորեկի մը հետ կը փորձես մայրենիով հաղորդակցիլ, ապշահար երեսդ կը նայի՝ «զիս անուսի տե՞ղը կը դնես կոր…» ըսելու պէս, ապա մեքենաբար՝ տեղական լեզուով՝անգլերէնով. կը պատասխանէ քեզի։ Չես ալ կրնար ենթական այպանել։ Ան պարզապէս հրապարակը տիրող մտայնութեան եւ հոսանքին կը հետեւի:

Իսկ այդպիսի պարագաներու, երբ անոնցմէ ամէնէն երջանիկը մեր գիտակից ընկերներէն մէկուն հետ անգլերէն կը սկսի բարբառիլ ազգասէր մեր  հերոսը առանց դիմացինը վիրաւորելու՝ քաղաքավար կերպով հայերէն կը պատասխանէ՝ լուռ պատգամ մը փոխանցելով իր հայկական ինքնութիւնը աճուրդի հանած հայորդիին։

Երբ Քալիֆորնիայէն Ռիչմընտ տեղաշարժ կը կատարէինք, որոշ չափով վերահասու էինք մեր նոր բնակավայրին մէջ տիրող կացութեան, սակայն ոչ ներկայի իր սաստկութեան մէջ։ Հոն, ուր ազգային կեանքին սիրտին աշխոյժ տրոփը կը բացակայի, կամ դատապարտուած է կանգ առնելու, երբ գիր եւ գրականութիւն, լեզու ու մշակոյթ, հետեւաբար՝ ընթերցող հասարակութիւնը տեղատուութեան վտանգին ենթակայ է, դժուար կը դառնայ զուտ ազգային ոգիով շնչելը եւ գոյատեւելը:

Ներկայ ախտաճանաչումը կը կատարենք՝ խորտակուած հոգիով ու տրամադրութեամբ։ Ոեւէ գերզգայուն հայ անհատի մը համար, երբեք դիւրին չէ եղած անհոգ հանդիսատեսի թեթեւութեամբ ականատեսը եւ անտարբեր վկան դառնալ այլապէս կայտառ համայնքի մը դէպի հալոց հեշտալի երթին:

Սակայն, ընդունինք, որ գաղութին մէջ հազար ջանքերով հայութիւնը կենդանի պահող բուն կառոյցը՝ Հայ եկեղեցին կը մնայ։ Մեր երիտասարդ հովիւը՝ տէր Սամուէլ Նաճարեան, եւ անոր նոյնքան նուիրուած եւ գործունեայ կողակիցը, երէցկին Տանիէլան՝ իրենց միատեղ, ջանքերով, ճիգ եւ զոհողութիւն չեն խնայեր, հայ գաղութը աշխոյժ ու կանգուն պահելու մարտահրաւէրին դիմաց:

Ներկայ փորձագրութեան նպատակը մեր շրջապատին մեր անձնական համոզումները եւ կեանքի փիլիսոփայութիւնը պարտադրելը չէ, հեռու մեզմէ այդ գաղափարը, այլ՝ զուտ ազգային-հայրենասիրական մտահոգութիւններէ մղուած անաղարտ հայ գոյատեւելու մտահոգութեամբ կը կատարենք ներկայ ախտաճանաչումը, նաեւ՝ թելադրանք-ցուցմունքը։

Սակայն, միայն ախտաճանաչումով չբաւարարուելով եւ խօսքի սահմանէն դուրս գալով՝ մանչուս՝ Հրաչ Ռաճըրին հետ, որ հանրութեան ծանօթ է իբրեւ Օսկարի տիրացած շարժանկարի արուեստագէտ, անոր հետ որոշեցինք վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստել Ռիչմընտի հնամենի հայ գաղութի պատմութեան նուիրուած, անոր ծագումէն մինչեւ մեր օրերը երկարող կեանքին եւ զարգացման մէջ յատուկ դերակատարութիւն ունեցած կուսակցական ղեկավար անհատներու, Տիկնանց միութեան անդամուհիներու, հոգեւորական դասուն ու հայ եկեղեցւոյ վերապահուած դերին, ինչպէս նաեւ կրօնական արարութիւններուն ու երգչախումբին, մանուկներու պարախումբին, տարեկան տօնավաճառներու կազմակերպիչներուն մասին եւ բոլոր անոնց մասին, որոնք կեանք մը ամբողջ ծառայած են եւ մօտիկ եղած են հայութեան զարկերակին ու սիրտի տրոփին։ Հոն ծրագրուած էր նաեւ կեանքի կոչել հայերէնի ուսուցման համար խիստ կարեւոր եւ անհրաժեշտ շաբաթօրեայ հայկական դասընթացքներ։

Ուրախ ենք տեղեկացնելու, թէ տէր Սամուէլը արդէն ձեռնարկած է անոր կազմութեան:

Պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ մեզի մեծ հաճոյք պիտի պատճառէ գործակցիլ գաղութիս շատ քաղաքավար եւ յառաջադէմ ղեկավարութեան  հետ:

Մենք՝ հայր եւ որդի, միացեալ ուժերով կը փորձենք վերակենդանացնել խոստմնալից, գեղեցիկ այս գաղութը եւ հաւաքականութիւնը, որպէսզի անիկա իր զուտ ազգային, նաեւ մարդկային դիմագիծը պահէ եւ պահպանէ:

Ցանկալի եւ փառաւոր վերադարձ մը կը մաղթենք բոլոր անոնց, որոնք ժամանակի ընթացքին եւ պարագաներու բերումով, հեռացած են ազգային կեանքէն եւ եկեղեցիէն։ Վստահ ենք մեր վաւերագրականը պիտի իրականացնէ բոլորիս սիրտին մօտիկ այդ մաղթանք-ծրագիրը:

Եկէ՛ք լայնախոհութեամբ մօտենանք այս ծրագիրին՝ իբրեւ ազնիւ փորձ մը՝ վերադառնալու ազգային մեր ժառանգութեան ու ինքնութեան, հայ եկեղեցւոյ եւ գաղութի միւս ենթակառոյցներուն շուրջը բոլորուելով։

Միացեալ ուժերով կրնանք իրականացնել եւ յաւերժացնել այդ երազը։

Պօղոս Գուբէլեան
Ասպարէզ
17 Սեպտեմբեր 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ