Իւրաքանչիւր պետութիւն իր ստեղծած կառոյցներէն՝ բանակէն, օրէնքներէն եւ տնտեսութենէն զատ ձեւաւորուած է շատ աւելի խորունկ արմատներու վրայ։ Այդ արմատները գաղափարախօսութեան մէջ են, ազգային մշակոյթի եւ լեզուի մէջ։ Առանց այդ բուն՝ ներքին հենքին, պետութիւնը կը դառնայ փխրուն, անկայուն եւ արտաքին հոսանքներուն դիմաց անպաշտպան։

Հայաստանի պարագային, որ օժտուած է հինէն եկող դիմադրողականութեամբ (այսօր փխրուն՝ իր կայունութեամբ) հարցը, թէ ինչո՞վ պէտք է սնանի պետականութիւնը, կենսական հրատապութիւն կը ներկայացնէ։

Գաղափարախօսութիւնը յաճախ կ’ընկալուի որպէս քարացած դոկմա կամ քաղաքական քարոզչութիւն, սակայն խորքին մէջ ժողովուրդի մը համայնական տեսլականն է․ արժէքներու եւ գաղափարներու այն համակարգը, որով հարկ է որ առաջնորդուին թէ՛ ղեկավարները եւ թէ՝ քաղաքացիները։

Մշակութային ինքնագիտակցութիւնը ազգի մը ինքնաճանաչումն է՝ իր արուեստով, աւանդոյթներով եւ աշխարհայեացքով։ Իսկ լեզուն, որ այս բոլորին հիմքերու հիմքն է, անխզելիօրէն կը կապէ անցեալն ու ապագան։ Այս երեքը միասին՝ գաղափարախօսութիւն, մշակոյթ եւ լեզու, անտեսանելի ճարտարապետութիւնն են ամուր պետականութեան։

Հայկական դարաւոր փորձը մեզի ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն վտանգաւոր է անտեսել այդ հիմքերը։ Հայ ժողովուրդը դարերով գոյատեւեց ոչ թէ բանակի կամ հարստութեան շնորհիւ, այլ իր մշակոյթի ոյժին։

Երբ բացակայ էր պետութիւնը, ինքնութեան պահապաններ դարձան եկեղեցին ու դպրոցը։ Երբ կորսուեցաւ հող-հայրենին, լեզուն ու գրականութիւնն է որ հայրենիք դարձան օտար ափեր նետուած հայութեան բեկորներուն համար։ Ուստի, Հայաստանի այսօրուան պետականութիւնը չի կրնար սնանիլ օտար համակարգերով, այլ «դատապարտուած է» ամրապնդուելու, հիմք ընդունելով  սեփական մշակութային աղբիւրները։

Պատմութիւնը նաեւ կը նախազգուշացնէ արտաքին ազդեցութեանց վտանգին մասին։

Ֆաշիստական Գերմանիան, օրինակ, իր գաղափարախօսութիւնը կառուցեց մշակոյթի խեղուած մեկնաբանութեան վրայ։ Ռիխարտ Վակների երաժշտութիւնը, որ ընդամէնը մէկ մասն էր եւրոպական ժառանգութեան, վերածուեցաւ ազգայնական եւ ցեղային առասպելներ սնուցանող աղբիւրի։ Արդիւնքը եղաւ ոչ թէ արարում, այլ՝ կործանում։

Այլ է վտանգը փոքր պետութիւններու պարագային, ինչպիսին, օրինակ, մերն է։ Այստեղ վտանգը ոչ թէ ուրիշները մեր մէջ լուծելու մոլորութիւնն է, այլ ինքնուրոյն ձայնի կորուստը եւ արտաքին հոսանքներուն յանձնուիլը։

Ուրեմն ո’չ պէտք է կուրօրէն ընդօրինակել Արեւմուտքի ազատական մօտեցումները, եւ ոչ ալ՝ Արեւելքի բռնապետական կաղապարները։

Իսկ ի՞նչը պէտք է սնուցէ հայկական պետականութիւնը։

Պատասխանը աւելի քան յստակ է. այն՝ ինչը դարերով պահեց մեզ։ Նախ եւ առաջ՝   լեզուն։

Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ երակն է մեր մտածողութեան ու երեւակայութեան։ Ամէն փորձ՝ տկարացնելու կամ մոռացութեան տալու հայերէնը յօգուտ որեւէ այլ լեզուի, չքմեղանք է, եւ ոչ միայն մշակութային կորուստ, այլեւ քաղաքական յետընթաց։

Երկրորդը մեր պատմութիւնն է, որ կը նախազգուշացնէ եւ կ’ոգեշնչէ միաժամանակ։ Աւարայրի ոգին, Սարդարապատի յաղթանակը, 90-ականներու յաղթական ելքով  Արցախեան գոյամարտը կը վկայեն, որ հայ ժողովուրդը ունի կարողութիւնը դիմանալու, դիմակայելու եւ վերածնելու, երբ համախմբուած է իր արժէքներուն շուրջ։

Ահա այդ յիշողութիւնն է, որ պէտք է վերածել քաղաքացիական առաքինութեան՝ պատասխանատուութեան, խիզախումի եւ կամքի։

Երրորդը հայկական մշակոյթն է, որ պէտք է դառնայ բարոյականութեան հենք ու հիմք։ Ստեղծարարութիւնը, հիւրընկալութիւնը, գիտելիքի հանդէպ ծարաւը, ձգտումն ու յարգանքը, առաքինութեանց չափանիշներու ամբողջականութիւնը, որ այսօր խաթարուած է, ցաւօք, պէտք չէ մնան որպէս անցեալի նկարագրութիւններ, այլ պէտք է վերածուին ժամանակակից պետականութեան գաղափարախօսութեան։

Մաշտոց, Դաւիթ Անյաղթ, Նարեկացի, Քուչակ, Չարենց, Կոմիտաս, Վարուժան ու Թումանեան, Այվազովսքի եւ Արշիլ Կորքի ծնած ժողովուրդը պարտաւոր է պահպանել իր պետութեան արմատներն ու միաժամանակ թեւեր առնել։

Այսօրուան մեծագոյն վտանգը ոչ միայն դուրսի ներխուժումն է, այլ նաեւ ներսէն դէպի դուրս փախուստը։ Շատ աւելի դիւրին է երթալ, ապաստանիլ «ագռաւաքար», խուսափիլ սեփական խնդիրներէն եւ օտար ափերուն՝ հեռու ամէն տեսակ պատասխանատուութենէ, փոքր Մհերին պէս ըսել.

Քանի աշխարք չար է,

Հողն էլ ղալբցեր (ծուլացել) է,

Մէջ աշխարքին ես չեմ մնայ:

 Շատեր գացած են ու կը շարունակեն երթալ այն հաստատ համոզումով, որ լուծումը դուրսն է։ Բայց պետութիւնը չի կրնար ամրապնդուիլ փախուստով։ Մենք բոլորս կարիք ունինք դիմելու ճշմարտութեան հայելիին եւ առերեսուիլ ներքին բազում խնդիրներուն՝ գանձագողութեան, անհաւասարութեան եւ ընդհանրապէս վստահութեան կորուստին։

Միայն այդ խնդիրներու յաղթահարումն է, որ կ’ամրացնէ մեր երկիրը։

Այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած է հրատապ ու մեծ առաջադրանք մը․ ստեղծել արժէքային այն համակարգը, որ միաժամանակ բխի մեր պատմութեան վաղնջական շրջանէն եւ ըլլայ արդիական։ Այդ համակարգին կրանիթեայ հիմքը պէտք է ըլլան մեր լեզուն ու պատմութիւնը։

Անպայման արդիական՝ քանի որ ուղեցոյց պէտք է ըլլան արդարութիւնը, կրթութիւնը եւ քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը։

Նաեւ ազգային՝ քանի որ սնուցողը պէտք է ըլլայ հայկական առանձնայատկութիւնը։

Նաեւ համամարդկային՝ քանի որ բաց պէտք է ըլլալ արժանապատուութեան եւ յառաջընթացի դիմաց։

Ահա այսպիսի համակարգն է, որ կրնայ Հայաստանը դուրս հանել միայն գոյատեւելու տխուր փուլէն եւ տանիլ  դէպի զօրացումի, հզօրացումի նոր շրջան։

Եզրափակելով, կրնանք ընդգծել, որ ժողովուրդները կը սնանին ոչ թէ օտար գաղափարախօսութիւններով, քաւ լիցի, այլ իրենց հոգեւոր ներուժով։

Ֆաշիստական Գերմանիան սնանեցաւ խեղուած առասպելներով եւ աշխարհը տարաւ կործանումի։

Հայաստանը պիտի սնի ճշմարտութեամբ՝ իր լեզուով, պատմութեամբ, մշակութային հանճարով։

Միայն այդպէս հայկական պետականութիւնը կը վերածուի ոչ միայն գոյատեւումի, այլեւ ստեղծարար հզօրութեան մարմնացումի։

Այս ճամբուն վրայ պատասխանատու ենք բոլորս, եւ այսօր ժամանակն է ընտրելու ոչ թէ փախուստի, այլ ամրացումի ուղին։

Անի Թորանեան
Արարատ
4 Սեպտեմբեր 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ