
Շատ կը խօսուի սփիւռքեան կառոյցները վերաթարմացնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Այս թեման աւելի հրատապ կը դառնայ, որովհետեւ հայկական համախմբումները (սփիւռքները)՝ իբրեւ ամբողջութիւն եւ իբրեւ առանձին գաղութներ, արդի ժամանակներուն կը տառապին կազմակերպական թուլացումէ։ Կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ անցած ենք «համախմբումի փուլէն» դէպի «անհատականացման փուլ»․ այսօր անհատը—աւելի ճիշդ, «անհատ հայը» եւ ոչ «հայ անհատը»—կը գերակշռէ։ Ընդհանրապէս ինք կը տնօրինէ իր կեանքի ընթացքը՝ եւ միայն եթէ տրամադիր է, կը մասնակցի իր նմաններուն հետ համատեղ աշխատանքի։
Այս պայմաններուն մէջ, ինքնութիւնը վերածուած է անհատական ընտրանքի, իսկ պատկանելիութիւնը՝ աւելի պատահականութիւն։
Յաճախ կը խօսուի այս մասին: Կը բանաձեւուին առաջարկներ, բայց յետոյ, աւանդական պահպանողականութեան ճնշումները մատնանշելով, խօսքէն անդին շատ քիչ գործ կը տեսնենք:
Անցնող աւելի քան մէկ դարուն, սփիւռքի տարածքին հայկական համայնքային կեանքը ձեւաւորած են աւանդական կուսակցութիւնները, եկեղեցական հաստատութիւններ եւ տարբեր կազմակերպութիւններ։ Այս կառոյցները վճռական դեր խաղցած են ինքնութեան, մշակոյթի պահպանման եւ գոյատեւման մէջ։ Բայց այդ նոյն համակարգերը, որոնք յատուկ ժամանակներու մէջ գոյատեւում ապահոված էին, այսօր շատ յաճախ կը վերածուին խոչընդոտի, երբ նոր մարտահրաւէրներ կը պահանջեն ստեղծագործութիւն, ճկունութիւն եւ նորարարութիւն։ Շատ յաճախ նոր գաղափարները կը խեղդուին, երիտասարդները իրենք զիրենք դուրս դրուած կը զգան, իսկ «փոփոխութիւնը» կը մերժուի որպէս սպառնալիք, փոխանակ ընդունուելու իբրեւ հնարաւորութիւն։
Ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ սկսինք մտածել ընկերային փոփոխութեան մասին այնպէս, ինչպէս գործարար աշխարհը կը մտածէ «սթարթափներու» (startup) մասին։
Գործարար աշխարհին մէջ, ըստ մեր պրպտումներուն, սթարթափը պարզապէս փոքր ընկերութիւն մը չէ: Ան փորձառական նախաձեռնութիւն մըն է՝ ճկուն, ստեղծագործ ու նորարար եւ կեդրոնացած առկայ համակարգերու վերափոխման վրայ: Ի տարբերութիւն կայունութեան ձգտող գործարար աւանդական ընկերութիւններուն, սթարթափը կ’որոնէ կրկնելի եւ աճելու փաստացի ձեւաչափ մը, որ շատ անգամ կ’առաջնորդէ ամբողջովին նոր համակարգերու ստեղծումին՝ յաճախ ճամբուն վրայ կառուցելով նոր ցանցեր կամ արդիւնաբերութիւններ: Նոյնիսկ երբ արդէն իսկ հաստատուած ընկերութիւնները կը դիմադրեն փոփոխութիւններուն, ստարթափները կը պարտադրեն փոփոխութիւն՝ ցոյց տալով այլընտրանքներ, նոր արտադրութիւններ, որոնք կարելի չէ անտեսել։ Յաջողած սթարթափներու շարքին կարելի է նշել Էլոն Մասքի «Թեսլա»-ն, ֆիլմաշխարհի մէջ՝ «Նեթֆլիքս»-ը, Uber-ը, Airbnb-ն, ինչպէս նաեւ Ափըլ ընկերութեան մէջ ծնած «iPhone»-ը, որ սթարթափ մտածողութեամբ յեղաշրջեց ամբողջ համաշխարհային շուկան։
Ինչպէս կրնայ գործել «սթարթափ տրամաբանութիւնը» հաւաքականութեան մէջ
Սթարթափի տրամաբանութիւնը հիմնուած է երեք ուղղութիւններու վրայ՝ փորձարկում, ճկունութիւն եւ ստեղծագործ լուծումներ։ Գործարար աշխարհին մէջ սթարթափը կը փորձէ, յաճախ կը ձախողի, կը սորվի ու նոր փորձառութեամբ վերստին կը փորձէ, մինչեւ որ գտնէ աճող ու կրկնելի ձեւաչափ մը։ Նոյնը կրնանք կիրառել հաւաքականութեան կամ համայնքին մէջ:
Համայնքային կառոյցները սովորաբար կ՚աշխատին ծանր եւ աւանդական ձեւերով․ կուսակցութիւններ, միութիւններ, եկեղեցի։ Սթարթափ տրամաբանութիւնը կը թելադրէ փոքր փորձառական նախաձեռնութիւններ ստեղծել՝ մշակութային, կրթական, միութենական նոր մոտելներ, որոնք կը փորձուին «փոքր չափով» եւ եթէ յաջողին՝ կ’ընդարձակուին։
Մինչեւ որ աւանդական կառոյցները արձագանգեն (երբեմն տարիներ կրնայ տեւել), «սթարթափ» մտածողութեամբ նախաձեռնութիւնները անմիջապէս կը գտնեն միջոցներ։ Օրինակ՝ սփիւռքի մէջ լեզուի պահպանման նոր միջոց մը (թէ՛ խաղեր, թէ՛ թուային ծրագրեր) կրնայ ստեղծուիլ անհատներու կողմէ առանց երկար կազմակերպական ժողովներու եւ իշխանաւորական միջամտութիւններու (օրինակ ազգային վարժարանները մէկ եւ արդիական համալիրի մէջ համախմբելու ծրագրին գործադրութիւնը, անկախ ճիշդ կամ սխալ ըլլալէն, յաջողած կամ ձախողած ըլլալէն, տեւեց աւելի քան քսան տարի)։
Սթարթափ տրամաբանութիւնը կը փորձէ տեսնել այն «բացթողումները», որոնք կան համակարգին մէջ։ Եթէ դասական կառոյցները չեն ներառեր երիտասարդները կամ կիները, նոր նախաձեռնութիւններ կը կոտրեն այդ սահմանափակումները՝ ստեղծելով մասնակցութեան նոր ձեւեր։
Համայնքին մէջ ալ սթարթափ տրամաբանութեամբ սկսած շարժումները կը ձգտին արագ ցանցի վերածուելու՝ ներգրաւելով նոր մարդիկ եւ նոր գաղափարներ։ Արդիւնքը՝ փոքր ծաւալով սկսած նախաձեռնութիւն մը կը վերածուի նոր մշակոյթի, որ փոփոխութիւն կը պարտադրէ հին կառոյցներուն։
Սթարթափ տրամաբանութեան օրինակներու շարքին կարելի է ընդգծել արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման հրամայականը: Աւանդական մեթոտը հայկական վարժարան յաճախելն է, բայց սփիւռքեան պայմանները այլ կացութիւն ստեղծած են։ Սթարթափ տրամաբանութիւնը բջիջային խաղեր ու յաւելուածներ կ’առաջադրէ, ուր ուսուցումը կը դառնայ խաղ եւ մրցանք։ Նոր գիւտ մը չէ որ կ’ընենք: Արդէն բազմաթիւ յաւելուածներ կամ սթարթափային տրամաբանութեամբ գործող նախաձեռութիւններ կան:
Աւանդական կառոյցները ընդհանրապէս կը դանդաղին նոր գաղափարներ ընդունելու կամ կը մերժեն նոյնիսկ առանց քննարկելու։ Օրինակ՝ երիտասարդ մը կրնայ ստեղծել փոքր առցանց հարթակ մը, ուր թաղին բնակիչները ուղղակի կը քուէարկեն նշելու իրենց թաղային առաջնահերթութիւնները՝ աղբ, կենսոլորտ, աղմուկ եւ այլն։ Այս պարզ փորձարկումը կրնայ տարածուիլ եւ դառնալ նոր մոտել մը համայնքային մասնակցութեան։
Սթարթափ տրամաբանութիւնը հաւաքականութեան մէջ կը գործէ այնպէս, ինչպէս գործարարութեան մէջ․ փորձառական ու ճկուն նախաձեռնութիւնները արագ ցոյց կու տան իրենց արժէքը, մասնակցութիւն կ’ապահովեն եւ վերջապէս կը յաջողին համակարգային փոփոխութիւն պարտադրելու։
Սփիւռքը չի կրնար այլեւս միայն գոյատեւման հոգեբանութեամբ առաջնորդուիլ։ Անցեալին կենսական դեր ունեցած սփիւռքեան աւանդական կառոյցները այսօր այլեւս բաւարար չեն՝ դիմագրաւելու ձուլման, մասնատումի եւ վերանորոգման հրամայականները։ Այս պայմաններուն մէջ ըստ երեւոյթին մեզի պէտք են «ընկերային սթարթափներ»՝ փոքր, համարձակ նախաձեռնութիւններ, որոնք յարգելով հանդերձ մեր աւանդն ու ժառանգութիւնը, անցեալը կը կամրջեն ապագային, կը փորձարկեն նոր ձեւեր՝ մշակոյթի, ղեկավարութեան եւ համայնքային կեանքին մէջ։ Նման ճիգեր թէ՛ լեզուի վերաշխուժացման, թէ՛ քաղաքացիական-քաղաքական մասնակցութեան, թէ՛ մշակութային-ստեղծագործական մարզերուն մէջ կը բանան նոր դռներ՝ ներգրաւուածութեան եւ փոփոխութեան։ Եւ այս բոլորը կը վկայեն, որ իսկական փոփոխութիւնը գրեթէ կամ երբեք կը սկսի վերէն. ան կը ծնի փոքր միջավայրի մէջ, խիզախ փորձերով, ու կը մեծնայ այնքա՛ն, որ նոյնիսկ ամենէն աւանդական ու պահպանողական համակարգերը այլեւս չեն կրնար զայն անտեսել։
Վարուժան Թենպէլեան
Տարբերակ 21
31 Օգոստոս 2025







Մեկնաբանէ