Աֆղանիստանի արեւելեան երկու նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է 6 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ։ Նախնական տեղեկութիւններով կան հարիւրաւոր զոհեր եւ աւելի քան 2500 վիրաւորներ, կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։

Իշխանութիւնները վիրաւորներուն ուղղաթիռներով տեղափոխած են ապահով վայրեր, իսկ փրկարարները կը շարունակեն փլատակներու տակ ողջ մնացածներու որոնումները։

Կունարի նահանգին մէջ երեք գիւղ ամբողջութեամբ քանդուած է իսկ բազմաթիւ գիւղեր մեծ վնասներու ենթարկուած են։ Մեծ վնասներ կրած է նաեւ Նանկարհարի նահանգը։

Reuters կը յիշեցնէ որ Աֆղանստանի մէջ յաճախ  երկրաշարժներ տեղի կ՛ունենան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ