
Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Ճափոնի դէմ չինական եւ խորհրդային բանակներու յաղթանակի 80-ամեայ յոբելեանը։
Այս առիթով Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լի Սինվէյ իր խօսքին մէջ խորին յարգանքով խօսած է անոնց մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են պաշտպանելու անկախութիւնը, արժանապատուութիւնը, միջազգային արդարութիւնն եւ համաշխարհային խաղաղութիւնը։
Լի Սինվէյ ընդգծած է որ հայերը հզօր ազգ են, իսկ հայ զինուորներն աշխարհի ամէնախիզախ եւ ամէնանուիրեալ մարտիկներէն։
Անոր բնորոշումով խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւն չէ։ Խաղաղութիւնը չի հիմնուիր հակառակորդին սպառնալու եւ զիջումներու վրայ։ Լի Սինվէյի գնահատմամբ, խաղաղութիւնը բարձրագոյն արժէք է, մարդկութեան համար աւելի լաւ ապագայի հասնելու ճանապարհին։







Մեկնաբանէ