
Ի՞նչ կը նշանակէ պետութիւն չունեցող ժողովուրդի մը համար քաղաքականապէս գործել: Հայերուն համար ասիկա վերացական հարց չէ, այլ ապրուած իրականութիւն մըն է: Առաւել քան մէկ դար Հայկական Սփիւռքը գոյութիւն ունեցած է վեսթֆալեան գերիշխանութեան մը սահմաններէն դուրս, սակայն պահպանած է իր յատուկ քաղաքական ներկայութիւնը` կառավարութիւններու մօտ շահեր պաշտպանելով (lobbying), մշակութային կեանք շարունակելով եւ իր քաղաքական ինքնութիւնը համաշխարհային բեմերուն վրայ արտայայտելով: Այս յօդուածը, որ հայկական ազգային ծրագիր մը հետազօտող փորձի մը շարքին առաջինն է, կը հարցադրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ քաղաքական սփիւռք: Ոչ միայն ազգային-մշակութային ցանց մը կամ նիւթական աջակցութեան աղբիւր, այլ նաեւ ցրուած քաղաքական վարչաձեւ մը (polity)` գործակցութեամբ, նպատակներով եւ ապագային իր տեղը ապահովելու ձգտումով մը: Հայերը կրնա՞ն վերամտածել իրենց գերիշխանութեան եւ քաղաքական պատկանելիութեան մասին` Հայաստանի սահմաններէն անդին: Իսկ կրնա՞յ ըլլալ, որ Սփիւռքը անցնի համայնքային պահպանումէն դէպի փափուկ ուժի ձեւերու կիրարկում:
«Սփիւռք» ըսելով` նկատի ունիմ կազմակերպուած հայկական համայնքները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք գործած են գրեթէ դարէ մը աւելի` հիմնելով եւ պահպանելով կայուն հաստատութիւններ` եկեղեցիներ, դպրոցներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ լրատուական միջոցներ, եւ ոչ թէ` Հայաստանէն դուրս ապրող միլիոնաւոր ցրուած էթնիկ հայերուն ընդհանուր բնակչութիւնը: Այս հաստատութիւնները, ինչպէս կը նշէ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, կը կազմեն Սփիւռքի աւանդական ողնաշարը` կարելիութիւն տալով շարունակականութեան, ներկայացուցչութեան եւ ինքնակառավարման որոշ աստիճանի մը: Այս կազմակերպուած Սփիւռքին է, որ կը դիմէ այս յօդուածը:
Հայերը պահպանած են գերիշխան քաղաքական միութիւն մը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ: Միաժամանակ, 1923ի Լոզանի դաշնագիրէն ի վեր, որ արգիլեց Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն վերադարձը եւ հիմնաւորեց ժամանակակից Սփիւռքը, սփիւռքահայերը պահպանած են ոչ ինքնիշխան քաղաքական իրողութիւն մը, որ պահպանած է համայնքային կեանքը պատմական հայրենիքի սահմաններէն դուրս: Սփիւռքը կիրարկած է ոչ վեսթֆալեան գերիշխանութեան ձեւ մը` որոշուած ոչ թէ տարածքային վերահսկողութեամբ, այլ` համատեղ ինքնութեամբ, կայուն հաստատութիւններով եւ հայրենիքէն հեռու (սահմանէն այլ կողմ) հաւաքականապէս գործելու կարողութեամբ: Այս իմաստով ալ անիկա կը գործէ «անպետական իշխանութեան» մը ձեւով (Խաչիկ Թէօլէօլեանի նշանակած եզրին)` աշխատելով վերասահմանելու հայ քաղաքական կարողութիւնը համաշխարհայնացած (կլոպալացուած) աշխարհի մը մէջ եւ հարցականի տակ դնելով գերիշխանութեան աւանդական ըմբռնումները:
Հայուն գերիշխանութեան ձգտումը հազուադէպօրէն սահմանափակուած եղած է տարածքային վերահսկողութեամբ կամ միայն քաղաքական ինքնավարութեամբ: Դարերու ընթացքին, անիկա գործած է իբրեւ քաղաքակրթական նախագիծ մը` հասկցուած ոչ թէ իբրեւ մշակութային գերակայութեան կամ հաստատուած նուաճումներու յաւակնութիւն, այլ՝ իբրեւ երկարաժամկէտ ճիգ` պահպանելու ինքնութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազգային կառուցային շարունակականութիւնը սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու մէջ:
1375ին, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ի վեր եւ մինչեւ 19րդ դարու ժամանակակից ազգային ազատագրական շարժումի վերելքը, հայերը գրեթէ հինգ դարեր գոյատեւեց առանց պետութեան: Սակայն, անոնք պահպանեցին գործող քաղաքակրթական կարգ մը, ինչպէս ըրած էին աւելի կանուխ, օրինակ` Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք` 428ին եւ նախքան Բագրատունեաց թագաւորութեան վերելքը` 885ին: Սակայն, այս շրջանը նաեւ զարմանալի տոկունութեան շրջան մըն էր մշակոյթի, կրօնի եւ հաստատութիւններու բնագաւառին մէջ: Հայ առաքելական եկեղեցին, առեւտրական-վաճառականական ցանցերը եւ վանական դպրոցները պահպանեցին ցրուած, բայց համահունչ ինքնութիւն մը` հիմնուած լեզուի, կրօնական աւանդութեան, իրաւական սովորութիւններու եւ կրթութեան վրայ:
Թէեւ այլ ժողովուրդներ եւս կրցած են իրենց ինքնութիւնը պահպանել աքսորի մէջ, սակայն, հայկական պարագան յատուկ է` իր կառուցային կեանքի շարունակականութեամբ, հաւատքի եւ ազգութեան միջեւ ուժեղ կապով եւ սրբագործուած հայրենիքի կեդրոնական դերակատարութեամբ` թէ՛ յիշողութեան եւ թէ նպատակակէտի մէջ: Այս շրջանին գերիշխանութիւնը արտայայտուեցաւ ոչ թէ սահմաններով կամ բանակներով, այլ իմաստի, արժէքներու եւ յիշողութեան փոխանցումով` կայսրութիւններու եւ սերունդներու միջեւ: Այս տեսակի ոչ-տարածքային գերիշխանութեան այս ձեւը ձեւակերպեց ժամանակակից հայկական քաղաքական երեւակայութիւնը. անկախութիւնը հետագային պիտի հետապնդուէր ոչ միայն հողը վերահսկելու, այլ վերականգնելու արժանապատուութիւնը ժողովուրդի մը, որ արդէն ապացուցած էր, թէ կրնար առանց պետութեան մը գոյատեւել:
Այսօր, ժամանակակից հայկական վիճակը բարդ է: Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի աշխարհասփիւռ բնակչութիւն մը, որ գերակայ է ոչ-վեսթֆալեան գերիշխանութեան ձեւերով` պահպանելով մշակութային, քաղաքական եւ բարեսիրական կեանք մը, պաշտօնական պետական կառուցուածքներէն դուրս: Այս երեւոյթը կ՛անուանեմ «քաղաքակրթական շարունակականութիւն»` ինքնութեան, արժէքներու եւ գործակցութեան շարունակական փոխանցումը ժամանակի եւ տարածութեան վրայ. տարածութեան վրայ, նոյնիսկ երբ բացակայ է պետականութիւնը: Ասիկա ոչ թէ անխափան պատմական շարունակականութեան պահանջ է, այլ` աւելի խորունկ, ձեւափոխուող համախոհութիւն մը, որ տոկացած է պատմական ընդհատումներու դիմաց:
Քաղաքակրթական շարունակականութիւնը միայն լեզուի, ծէսերու եւ աւանդութեան պահպանումը չէ: Անիկա կ՛առաջնորդէ քաղաքական երեւակայութիւնը, կայուն հաստատութիւններու ապրուած փորձառութիւնը եւ սերունդներու միջեւ լայն համախոհութեան զգացումը` նոյն ատեն յարմարելով փոփոխուող աշխարհի պայմաններուն:
Լեւոն Զէքիեան կը պնդէ, որ հայ ժողովուրդի մուտքը նոր դարաշրջանը պայմանաւորուած է աւանդութեան եւ նորարարութեան մտածուած համադրումով («Հայկական Ճամբան Դէպի Ժամանակակիցութիւն», 1997)` մեկնաբանութիւն մը, որ կը համապատասխանէ այս ըմբռնումին:
Այլ անպետական կամ կիսապետական ժողովուրդներ, ինչպէս` ասորիները, սուրիանիները եւ եզիտիները, ժամանակի ընթացքին շարունակած են պահպանել իրենց կրօնական եւ մշակութային ինքնութիւնը: Սակայն, հայկական փորձառութիւնը յատուկ է` նշանաւորուած ազգային-վերհասարակական հաստատութիւններու կայունութեամբ եւ քաղաքական մտածողութեան ուժեղ աւանդով: Այդ շրջանակին մէջ կարելի է յիշել Մխիթար Գոշի 12րդ դարու «Դատաստանագիրքը», Շահամիր Շահամիրեանի հանրապետական գրութիւնները 18րդ դարու Մատրասի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայ եկեղեցւոյ եւ վանական վարժարաններու քաղաքացիական դերակատարութիւնները: Ասոնք մաս կազմեցին գերիշխանութիւնը վերականգնելու երկարաժամկէտ ձգտումի մը, որ պսակուեցաւ զարթօնքով, ազգային ազատագրական շարժումով եւ 1918ին, դարերու անպետականութենէն ետք, հանրապետութեան հիմնադրութեամբ:
Ի տարբերութիւն մշակութային շարունակականութեան, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ խորհրդանշական կամ բաժնուած ձեւերով, քաղաքակրթական շարունակականութիւնը կ՛ենթադրէ` համահունչութիւն, ճկունութիւն եւ նպատակային կերպով գործելու մնայուն կարողութիւն: Անիկա արմատաւորուած է ոչ թէ կարօտի կամ փառամոլութեան վրայ, այլ կը բխի այն ճիգէն, որ կը ձգտի ապահովել ժողովուրդի մը կարողութիւնը իր սեփական ապագայի կիրարկման ջանքերու մէջ, նոյնիսկ Ցեղասպանութեան պատճառով յառաջացած ցրուածութեան եւ զրկանքներու պայմաններուն մէջ:
Դարեր շարունակ պետականութեան բացակայութիւնը, պատմական ցաւալի փորձառութիւնները եւ կայուն ու յարատեւ քաղաքական կազմակերպութեան մը չգոյութիւնը խորապէս ձեւաւորած են հայ քաղաքական միտքը: Այս փորձառութիւնները յաճախ աղաւաղած են ազգի, պետութեան եւ գերիշխանութեան սահմանները` դժուարացնելով հայ ազգի բարոյական ինքնութեան համադրումը ժամանակակից պետականութեան աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն հետ: Լարուածութիւնը շարունակ անորոշութիւն կը յառաջացնէ` թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ազգ, պետութիւն, կամ երկուքը միաժամանակ, յատկապէս երբ կը փորձենք հաւասարեցնել ցիրուցան ժողովուրդի մը բարոյական ձգտումները եւ փոքր, պատերազմի մէջ գտնուող հանրապետութեան գործնական սահմանափակումներուն հետ:
Այս պարունակին մէջ, հայկական ազգային նախագիծի մը գաղափարը օգտակար շրջանակ մը կը ներկայացնէ ոչ թէ իբրեւ հաստատուած վարդապետութիւն, այլ իբրեւ դիտակէտ մը` վերաիմաստաւորելու համար գերիշխանութիւնը, ինքնութիւնը եւ քաղաքական նպատակը: Հայկական ազգային նախագիծը ներդաշնակ է նաեւ այն հռչակաւոր գաղափարին հետ, զոր Պենետիքթ Էնտըրսըն «երեւակայեալ համայնք» անուանեց. ազգ մը, որ միայն տարածքէ կամ պետական հաստատութիւններէ բաղկացած չէ, այլ` ժամանակի եւ տարածութեան վրայ պահպանուող հաւաքական ինքնութեամբ, լեզուով, յիշողութեամբ եւ խորհրդանշական ներկայութեամբ: Իրենց ժամանակակից պատմութեան մեծ բաժինին մէջ հայերը գործած են իբրեւ այդպիսի համայնք մը` միացուած աւանդական արարողութիւններով, եկեղեցական կարգով, դպրոցներով, հրատարակութիւններով եւ հաւաքական յիշողութեամբ, նոյնիսկ` անկախ պետականութեան պետութեան բացակայութեան ժամանակներուն:
«Diaspora» ամսագիրի հիմնադիր խմբագիր եւ հայկական սփիւռքագիտութեան առաջատար տեսաբան մտաւորական Խաչիկ Թէօլէօլեան կը յիշեցնէ մեզի, թէ հայերը յաճախ կը շփոթեն վարչական ինքնակառավարումը, որ հիմնուած է օսմանեան «միլլէթ» համակարգին վրայ, իրական քաղաքական կարողութեան եւ գործակցութեան հետ: Այս ժառանգութիւնը կը շարունակուի այսօր. թէեւ հմուտ կերպով կը վարենք մեր համայնքային հաստատութիւնները, յաճախ կը խուսափինք ուժի ռազմավարութիւններ մշակելէ կամ հետեւողական, միջազգային քաղաքական մտածումի մէջ ներգրաւուելէ:
Քաղաքականապէս մտածելը կը նշանակէ ուժի յղկուածութիւնը հասկնալ եւ ուսումնասիրել: Անիկա կը հետազօտէ` տիրապետումը եւ գործակցութիւնը, կարգի եւ դիմադրութեան փոխյարաբերութիւնը, եւ այն հակասական տեսլականները, թէ ինչպէ՛ս միասին կ՛ապրինք: Իր էութեամբ, քաղաքական մտածումը բանակցութիւնն է այն ի՛նչ է եւ այն ի՛նչ պէտք է ըլլայի միջեւ: Ինչպէս Միշել Ֆուքօ ըսած է՝ ուժը ոչ թէ կը պահուի, այլ կը գործադրուի: Անիկա կը գործէ յարաբերութիւններու, հաստատութիւններու եւ գաղափարներու միջոցով` սահմանելով, թէ մարդիկ ի՛նչ կրնան ընել կամ դառնալ: Սփիւռքահայութեան համար այս ուժը կ՛արտայայտուի շահերու ջատագովութեան (advocacy), կազմակերպուած ցանցերու (networks) եւ սերունդներ ու սահմաններ անցնող համախմբումի կարողութեան միջոցով:
Քաղաքականօրէն մտածել իբրեւ հայ` կը նշանակէ հարցադրել, թէ ուժը ինչպէ՛ս կը գործէ, ոչ միայն հայկական պետական կառոյցներուն մէջ, այլ նաեւ` սփիւռքներու, մարտահրաւէր նետող պատմութեան եւ պետականութիւն չունեցող գոյութեան մէջ: Հայ քաղաքական միտքը կը ջանայ պատասխան տալ վարչապետութեան, զօրութեան եւ ինքնութեան մասին հասկացողութիւններուն` իրենց յատուկ մշակութային եւ պատմական փորձառութիւններուն մէջ: Անիկա կը ձեւաւորուի` արտաքին ուժերով, ճնշումներով, ներազգային վերանորոգման եւ ազատութեան ձգտումներու միջոցով, ինչպէս նաեւ` գոյատեւման անընդհատ հրամայականով:
Հետեւաբար, ի՞նչ կը նշանակէ, գործնականապէս, Սփիւռքի համար այսօր քաղաքականապէս մտածել եւ գործել: Կ՛առաջարկեմ հիմք հանդիսացող հիմնական նպատակներ, որոնք կը սահմանեն 21րդ դարու հայ քաղաքական սփիւռքի գործունէութեան շրջանակը` անհրաժեշտ, բայց այլեւս բաւարար չեղող ներքին կառավարման եւ մշակութային պահպանման գործունէութենէն անդին՝
Հայութիւնը հաւաքաբար ներկայացնող, ազդեցութեան միջոցով «ոչ-պետական» (փափուկ) ուժի մը ձեռքբերումը եւ գործադրութիւնը.
Հայ քաղաքակրթական յարատեւութեան պահպանութիւնը սերունդէ սերունդ.
Փոխադարձ գործակցութիւն կառուցել հայկական պետութեան հետ` հիմնուած միասնական նպատակի եւ փոխյարաբերական ինքնավարութեան վրայ.
Համաշխարհային հայկական շահերու պաշտպանութիւնը` ներառեալ համայնքներու, իրաւունքներու եւ մշակութային ժառանգութեան ապահովութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերը.
Հայաստանի հետ երկքաղաքացիութիւնը յառաջ մղել, որպէսզի սփիւռքահայերը դառնան գիտակից մասնակցողներ, խորացնեն իրենց մշակութային կապերը, երկարաժամկէտ կերպով ներգրաւուին հայակեդրոն գործունէութեան մէջ եւ ունենան արդիւնաւէտ մասնակցութիւն:
Այս նպատակները կը ներկայացնեն շրջանակի մը ուրուագիծը, սակայն իւրաքանչիւրը կը պահանջէ հետագայ քննարկում եւ գործնական մանրամասնութիւններու մշակում:
Պարզ խօսքով, այս յօդուածը չի պնդեր, որ Հայկական Սփիւռքը պէտք է միատեսակ քաղաքական ինքնութիւն ունենայ: Սփիւռքը է եւ պէտք է մնայ բազմազան եւ բազմակողմանի: Անիկա ձեւաւորուած է տարբեր պատմութիւններով, աշխարհագրութիւններով եւ քաղաքական պայմաններով: Հոս նպատակը կեդրոնացում չէ, այլ` համատեղ ռազմավարական ուղղութեան խթանումը, որ հիմնուած կ՛ըլլայ նուազագոյն համաձայնութեան մը վրայ հիմնական նպատակներու շուրջ, որ իր կարգին կրնայ համադրել բազմազան ջանքեր: Պարտադիր չէ, որ քաղաքական գործակցութիւնը ըլլայ տիրող, անիկա կրնայ ըլլալ ապակեդրոնացուած, յարմարողական եւ ցանցային: Ո՛չ ալ պէտք է այս օրակարգը սահմանուի ուղղակի դասական հաստատութիւններու սահմանափակ, նեղ վերնախաւին կողմէ: Անիկա պէտք է աճի բաց երկխօսութեան, սերունդներու նորոգման եւ գործակցութեան միջոցով` սփիւռքային համայնքներու ներսէն եւ համագործակցութեան միջոցով:
Սփիւռքի կազմակերպուած մարմինին քաղաքական նպատակները սահմանելու գծով փորձը, ինչպէս զայն կը ձեւակերպէ գաղափարական աւագ ընկերս` դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան իր յօդուածին մէջ, կենսական է, որպէսզի դուրս գանք պատահական կամ արձագանգային շարժումի տրամաբանութենէն: Եթէ չկայ ընդհանուր մտածելաձեւ, Սփիւռքի քաղաքական ճիգերը կրնան տարանջատուիլ, հակասական դառնալ, կամ սահմանափակուիլ մշակութային կարօտի: Այս նպատակները պէտք է արտացոլեն ներկայ վիճակը: Սփիւռքի քաղաքական առաջնահերթութիւնները 2025ին զգալիօրէն կը տարբերին 1920ականներէն, երբ գոյատեւումը եւ աքսորը կը սահմանէին օրակարգը, կամ` 1970ական եւ 80ականներէն, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը գերակայէր, կամ` 1990ականներէն, երբ Արցախի եւ Հայաստանի նորահաստատ անկախութեան աջակցութիւնը դարձաւ կեդրոնական:
Այսօրուան իրաւութիւնները կը պահանջեն արդիականացած եւ յառաջադէմ ռազմավարութիւններ: Յստակ քաղաքական նպատակները հնարաւորութիւն կու տան ռազմավարական համահունչութեան, հաստատութիւններու շարունակականութեան եւ առաւել արդիւնաւէտ գործակցութեան` հայկական պետութեան եւ բազմազան միջազգային դերակատարներու հետ: Այսօրուան աշխարհաքաղաքական տատանումներու եւ քաղաքակրթական մրցակցութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ, Սփիւռքի ուժը միայն թիւերու կամ զգացմունքի մէջ չէ մենաշնորհուած, այլ իր կարողութեան մէջ` նպատակով գործելու սերունդներու եւ սահմաններու ամբողջ տարածքին:
Հայաստանի փոթորկալից պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը, դժբախտաբար, կանխորոշեցին, որ ազգին առաւել քան կէսը ապրի իր պատմական բարձրաւանդակներէն դուրս: Ցեղասպանութեան մոխիրներէն ծնած Սփիւռքը գոյատեւումի եւ վերանորոգումի վկայութիւն մըն է, սակայն` առանց քաղաքական գործակցութեան, առանց փափուկ ուժ արտացոլելու կարողութեան, այս առանց պետութեան ազգաբաժինը կը գտնուի վախճանելու վտանգին դիմաց` սուզուելով միայն յիշողութեան մէջ, փոխանակ շարունակելու հայկական քաղաքակրթութիւնը ձեւաւորել եւ հայկական շահերը պաշտպանել:
Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք կարդացին այս գրութեան նախնական տարբերակները եւ օգտակար կարծիքներ տուին նիւթի մը մասին, որ յաճախ դժուար է քննարկել` ակադեմական անտարբերութեան եւ ուժգին ազգայնականութեան միջեւ:
Ասպարէզ
11 Օգոստոս 2025







Մեկնաբանէ