Համայն աշխարհը կ’ապրի աշխարհաքաղաքական թոհուբոհի օրեր: Կարծես հին աշխարհը կը քանդուի եւ նորի ստեղծման ճանապարհին ենք: Եթէ մեր հայեացքը սեւեռենք մեր տարածաշրջանին, աշխարհի վերաբաժանման կամ վերաձեւման ծրագիրը սկսաւ դեռեւս արաբական գարուններէն, շարունակուեցաւ Իրաքով, Լիպիայով, վերջերս՝ Սուրիայով եւ այսպէս շարունակ: Աշխարհի գերհզօր ոյժերը մրցավազքի մէջ են տիրանալու «փոքր» երկիրներու հումքային պաշարներուն՝ նաւթի, կազի, վառելիքի, հանքանիւթի…եւ իրենց ախորժակները ուտելով կը բացուին շարունակ եւ անյագուրդ են:

Մեր մի բուռ մնացած երկիր Հայաստանը եւս յայտնուած է այս մրցավազքի խաչուղիներուն վրայ: Մենք կորսնցուցինք Արցախը, ունեցանք հազարաւոր զոհեր եւ հաշմանդաներ, որդեկորոյս մայրեր, քանդուած օճախներ…Պատճառը այս ահաւոր աղէտին կարելի է փնտռել ի մասնաւորի Ատրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Բրիտանիա-Ռուսաստան երկիրներու շահամոլ եւ ծաւալապաշտ նկրտումներուն մէջ: Չմոռնանք որ մեր երկիրը կը գտնուի նաւթի եւ այլ պաշարներու փոխադրութեան ճանապարհին վրայ: Աւելին, ան ունի կարեւորագոյն հանքանիւթեր, ոսկի, պղինձ, մոլիպտէն, արժէքաւոր հանածոներ…եւ այլ, որոնց վրայ աչք տնկած են գաղութատէրերը, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մեզ խեղճացնելու, տկարացնելու, նոյնիսկ ի չիք դարձնելու, որպէսզի տիրանան մեր հողին, անոր ընձեռած ճանապարհներուն, անոր հողի ու ընդերքի հարստութեանց: Ի զուր չէ որ Անգլիան՝ իր աղուէսային եւ մաքիավելեան քաղաքականութեամբ ձեռք դրած է Ամուլսարի ոսկիին՝ իր թագաւորին իսկ ձեռամբ…

Այս բարդագոյն եւ պայթիւնավտանգ իրավիճակին մէջ ընթացաւ Իսրայէլ-Իրան յունիսեան 12-օրեայ պատերազմը, որուն աւարտին Իրանը բարեբախտաբար չպարտուեցաւ եւ ծունկի չեկաւ: Քանզի այդ պարտութեան պիտի յաջորդէր վստահաբար «ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»ի առգրաւումը, միջանցք՝ որ կարմիր գիծ է յայտարարուած Իրանի կողմէ, ելլելով մեր զոյգ երկիրներու հասարակաց շահերէն: Պատերազմի աւարտը սակայն վերջնական չէ, այլ հաւանաբար՝ զինադադար, որ նաեւ հնարաւորութիւն պէտք է ընձեռէ մեզի հզօրանալու ռազմականօրէն, ձեռքբերելու կամ արտադրելու ամէնէն ժամանակակից զէնքեր, տրոններ եւ այլ ռազմական թեքնիք սարքեր, որպէսզի կարենանք պաշտպանել մեր ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ եւ ամբողջ երկիրը գալիք հաւանական պատերազմէ, պատերազմներէ:

Մենք պիտի չտարուինք եւ չխաբուինք Էրտողանի երկարած ձեռքի սեղմումէն եւ կեղծ ու դաւադիր, մոլորեցնող ժպիտներէն, ոչ ալ մեծ ակնկալութիւն ունենանք 10 Յուլիս 2025-ին՝ Ապու Տապիի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումէն, թէեւ ընդունինք որ անիկա Հայաստան-Ատրպէյճան ուղղակի երկխօսութեան քաղաքական նշանակալից քայլ էր, անկախ ամէն ինչէ: իսկ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի առաջարկած Մեղրիի ճանապարհներու կամ կապուղիներու հարիւրամեայ վարձակալութեան հարցը՝ ԱՄՆին, նկատառելի զիջում է ՀՀ ինքնիշխանութենէն եւ յղի է լուրջ վտանգներով: Հայաստանի որեւէ տարածք պէտք է վերահսկուի միայն ու միայն հայկական ոյժերու կողմէ:

Յիշենք Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի խօսքերը, որոնք ի զօրու են նաեւ ու յատկապէս այսօր. «Զինադադարի սկզբունքները, որոնք մենք փոխանցել ենք հայերին, պէտք է ուղղուած լինեն ոչ թէ մեր Հայաստանից հեռանալուն – այլ Եւրոպայի առջեւ խաղաղ երեւալուն եւ հայերին մոլորեցնելուն։ Ներկայումս խիստ անհրաժեշտ է հայկական բանակի զօրացրումը և զինամթերքի առգրաւումը` դրանով իսկ կանխելով նրանց ռազմական կառուցուածքի վերականգնումը։ Երկաթուղիները պահպանելու եւ մահմեդական բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով, անհրաժեշտ է Հայաստանի ողջ տարածքում հաստատել մեր ռազմական վերահսկողութիւնը և այդպիսով վերահսկել նաեւ Թուրքիան Ազերպայճանի հետ կապող բոլոր ճանապարհները»։ (Հատուած «Պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ» գիրքէն):

Յիշենք մեծն զօրավար Անդրանիկի խօսքերը, որոնք ճշմարտացի կը հնչեն այսօր եւ ընդմիշտ. «Երբեք չվստահիլ թուրքին»: Միշտ յիշենք եւ երբեք չմոռնանք թուրանական ծրագիրը, որուն իրականացման ճամբուն վրայ ՍԻՒՆԻՔԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ խնդիրն է դրուած:

Յիշենք մեծ ցեղասպանագէտ դոկտ. Վահագն Տատրեանի խօսքերը փանթուրանականութեան մասին. «Փանթուրանականութիւնը իսկական վտանգ կ’ըլլայ, երբ որ Ռուսիա բոլորովին տկարանայ եւ քանդուի: Այն ատեն, Թուրքիոյ ասպարէզ կը բացուի: Թուրքիա հզօր կայսրութիւն մը կ’ըլլայ, ճամբաները կը բացուին դէպի Կեդրոնական Ասիա…»:

Մեծ իրաւաբան-քաղաքագէտ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կ’արձանագրէ որ համաթուրանական կամ փանթուրքական ծրագրին բուն հեղինակները սիոնափանթուրք ոյժերն են, որոնք այս ծրագիրով ծառայութիւն կը մատուցանեն Արեւմուտքի կայսերապաշտական տէրութիւններուն, անոնցմէ ստանալով տարբեր նպաստներ ու հատուցումներ:

Ներկայիս եւս, ճիշդ այն օրերուն երբ Էրտողան «բարեկամութեան» ձեռք կ’երկարէր ՀՀ վարչապետ Փաշինեանին, Իսթանպուլի մէջ կայացաւ 57 իսլամական երկիրներու համաժողովը, եւ կեանքի կոչուեցաւ համաձայնագիր մը՝ հինգ կէտերէ բաղկացեալ, ուր Ալիեւ Հայաստանի դէմ կը բարձրացնէր Խոճալուի, «արեւմտեան ատրպէյճան»ի, Ատրպէյճանին Հայաստանի իբր ունեցած պարտքերու, մուսուլմանական արժէքներու պահպանման եւ այլ շինծու եւ յերիւրածոյ հարցեր: Յետոյ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ 13 իսլամ պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովը, մասնակցութեամբ նաեւ Իրանի…Օրակարգերը կրնան տարբերիլ, բայց Հայաստանի դէմ ուղղուած ալիեւներու նկրտումները նոյնը կը մնան:

Մենք որքան ալ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ուզենք ու տենչանք, ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ իրականացման ըլլանք հետամուտ, միեւնոյնն է, Ալիեւի բուն նպատակը Հայաստանի ոչնչացումն է: «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅԵՐՈՒ»: Վկայ՝ իր շարունակական ոտնձգութիւններն ու մեզի պարտադրած զիջումները՝ Հայաստանն ու հայութիւնը խեղճացնելու, բարոյազրկելու, տկարացնելու նպատակով:

Այս խորապատկերին վրայ յատկապէս, մենք հարկադրուած ենք բռունցքուելու եւ թոյլ չտալու, բացառելու որեւէ ներքին պառակտում մեր երկրէն ներս:

Մեզի համար կործանարար է որեւէ ընդհարում պետութեան իշխանաւորներուն եւ հայոց եկեղեցիի սպասաւորներուն միջեւ: Սահմանադրութեամբ ընդունուած է որ եկեղեցին միջամուխ չըլլայ քաղաքականութեան, ինչպէս որ պետութիւնն ալ միջամուխ չըլլայ եկեղեցւոյ իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն: Իսկ Սահմանադրութեան կամ Օրէնքին ենթակայ են բոլորը՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, կառոյց թէ անձ: Եթէ իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ, ապա միայն քուէարկութեամբ, հայրենի ժողովուրդին ազատ եւ արդար կամարտայայտութեամբ:

Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին ծննդավայրն է, ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը, ան է որ դարերու մէջ պահած-պահպանած է ազգային մեր ինքնութիւնը, հոգեմտաւոր ու բարոյական արժէքները, աւանդութիւնները, ան միշտ կ’ապրի մեր հոգիներուն մէջ, եկեղեցին մենք ենք ազգովին: Հայութիւնը ոգիի, հաւատքի ժողովուրդ է: Սակայն եւ այնպէս, եկեղեցին, աւելի ճիշդ՝ անոր բոլոր սպասաւորները կամ եկեղեցականները, պիտի զբաղի մեր հոգեւոր-բարոյական արժէքներու վերանորոգման եւ զօրացման հարցերով գերազանցօրէն, հոգեւոր մխիթարութիւն պարգեւէ մեր ժողովուրդին, պիտի պայքարի յատկապէս օտար ու խորթ աղանդներուն դէմ որոնք ներխուժած են մեր երկիրը յետ վերակախութեան տարիներուն եւ կը վխտան անսանձ կերպով, իրենց աւերը տարածելով…Իսկ պետոթիւնը պիտի զբաղի քաղաքականութեամբ՝ ներքին թէ արտաքին, ազգային անվտանգութեան եւ բազում-բազում խնդիրներով…«ՏՈՒՐ ԶԿԱՅՍԵՐ՝ ԿԱՅՍԵՐ ԵՒ ԶԱՍՏԾՈՅՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ»:

Հիմա առաւել քան երբեք, ԶԳԱՍՏԱՆԱԼՈՒ, ՍԹԱՓԵԼՈՒ, ԼՐՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ պահն է, ամրանալու եւ հզօրանալու պահն է, երբ կը գտնուինք գոյութենական, լինել-չլինելու ճակատագրական եւ օրհասական խնդրի առջեւ: Իսկ հզօրանալու եւ ոգեզինուելու գլխաւոր նախապայմանը՝ մեր միութիւնն է, մեր համախմբուածութիւնը: ՄԵՐ ՆԵՐՔԻՆ ԱՄՐԱԿՈՒՌ ՈՒ ԱՆՍԱՍԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ:

Երան Գույումճեան
Ազատ Խօսք
19 Յուլիս 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ