
Այսօր պատմութիւնը կը յիշեցնէ, երբ Սփիւռքահայ կեանքէն ներս տասնամեակներ շարունակ հայութեան շարքերը պառակտող ու մաշեցնող հարց էր Էջմիածնական եւ Անթիլիասական թեմերու անմիաբանութիւնը:
Հպանցիկ ակնարկ մը նետելով յիշենք, 20-դ դարու թրքական աննախադէպ սպանդի հետեւանքով Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հաստատուսծ Արեւմտահայութեան փրկուած բեկորներ,
Անթիլիասի մէջ վերականգնեցին Կիլիկիոյ կամ Սիսի կաթողիկոսութիւնը:
Այդ տարիներուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները իրենց ժամանակի մեր լաւագոյն մտաւորական գործիչներն էին, որոնք նպաստեցին Սփիւռքի լաւագոյնս կազմակերպման:
Իսկ երբ յիսունական թուականներուն սփիւռքահայութեան գաղափարական կեանքէն ներս սկսաւ ձեւաւորուիլ Հայաստանի նկատմամբ ծայրայեղ տրամադրութիւններ, առիթ տուաւ որպէսզի պառակտիչ, քաղաքական ոյժեր գրաւեն Անթիլիասի Աթոռը, զայն հակադրելով Ս. Էջմիածնայ Աթոռին:
Այդ օրերուն քաղաքական բորբոքած կիրքեր հայ գաղութները հարուածող պատուհաս մը դարձած էր, հայ կեանքին պառակտումի վիճակներ պարտադրելու:
Հայաստանեան-հակահայաստանեան ցաւալի վէճեր, հայ զանգուածները իրար դէմ կը հրահրէին, զանոնք մղելով անհաշտ պայքարի:
Այդ տագնապալի օրերուն հայոց եկեղեցին կը դիմագրաւէր ազգամիջեան տխուր եղելութիւններ: Գաղափարականը ատելավառ կռիւներու կ՜առաջնորդէր հայ զանգուածները: Քաղաքականը դարձած էր տիրապետող սփիւռքահայ կեանքի
բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Հատուածական մտածելակերպով բաժնուած էին մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները: Սփիւռքահայ կեանքին քիչ շատ ծանօթ մէկը չի կրնար չյիշել հայ կեանքի ամէնէն փոթորկալից տարիները: Ապրած ենք
մենք այդ խռովայոյզ ժամանակներուն եւ այդ պայմաններուն մէջ, եւ զգացած դառնութիւնը տիրող իրականութեան: Մեր առօրեայ կեանքն էր, որ կը հիւծէր գաղութահայութիւնը: Իւրաքնչիւրը իր պատեանին մէջ քաշուած չէր փորձեր ճանչնալ իր ազգակիցը: Կուսակցական պատկանելիութիւնն էր
գերիշխողը:
Հայ մտաւորականներ ու ազգայի գործիչներ չկրցան սանձել ազգակործան դէպքերուն յառաջխաղացքը, որ հասաւ մինչեւ եղբայրասպան կռիւներու: Այդ տարիները սեւ էջեր արձանագրեցին Սփիւռքահայ մեր պատմութեան մէջ: Երբ մեր ժողովուրդը իր քաղաքական տհաս մտայնութեան եւ միաժամանակ միամտութեան պատճառով, զոհ կը դառնար ազգամիջեան կռիւներու եւ ահաբեկչութիւններուն:
Հայաստանի անկախացունէն ետք, 1995-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կ՜ընտրուէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, յուսատու երեւոյթներէն դատելով, Ս. Էջմիածնոյ գահակալին մէջ փորձեցինք տեսնել երկու թեմերու հաւանական մերձեցումի, երազուած միասնութեան նախանշաններ: Եւ ուզեցինք հաւատալ, թէ ժողովուրդին միութենական ձգտումները պիտի իրականան: Վերջապէս պիտի վերանայ հայութեան ծոցին մէջ բոյն դրած տասնամեակներու պայքարը: Հայ ազգային կեանքը զերծ պիտի մնայ կրքոտ բախումներէ, եւ արիւնալի կռիւներէ:
Դժբախտաբար, մխիթարական հեռանկարները իրականութիւն չէին գտներ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ոյժերէն վեր մնաց չկրցաւ ու չհասաւ իրականացնել եկեղեցական, միութենական հարցը, որ անցաւ ազգային անլոյծ հարցերու շարքին:
Այլ խօսքով, դառն իրողութիւնը մնաց իրողութիւն: Որովհետեւ միշտ չէ որ ցանկութիւններն ու երազները կ՜իրականանան:
Մէկ խօսքով. եկանք այն համոզումին, որ առանց ըմբռնելու հարցին պատմաքաղաքական էութիւնը. առանց թափանցելու անոր ներքին ծալքերուն, նման յուսադրումներ միամտութեան սահմաններէն անդին չեն անցնիր:
Միթէ՞ երէկուան կաղապարուած անցեալն է , որ մեզի կը պարտադրուի այսօր:
Երբ իրարամերժ կեցուածքնրով ճգնաժամային այս
դրութեան մէջ, եկեղեցական սուր պայքար կը մղենք
իրար դէմ:
Սթափիլ է պէտք…
Յատկապէս ազգային ճակատագրի վճռական այս օրերուն, հարկաւոր է հասկնալ մեր եկեղեցական հարցին պատմաքաղաքական բուն էութիւնը: Համոզուելու համար որ այսօր մեր եկեղեցական հարցը, մեր եկեղեցիին եւ մեր հաւատքին դէմ չէ,:
Այլ կան խորքային այնպիսի հարցեր, որ վնասաբեր են եւ կործանարար, կրնան վտանգել մեր Հայրենիքը:
Որովհետեւ անցնող տասնամեակներուն հայ հասարակութեան մէջ տեղի ունեցան հոգեբանական տեղաշարժեր, ազգային ինքնութեան եւ ազգային մտածողութեան արագընթաց փոխակերպումներ, առանց դադար առնելու:
Եւ այդ պատճառով արմատացաւ անկարգութիւնը, հիմնաւորուեցաւ փառքի տենչն ու ընչաքաղցութիւնը, խաթարելով մեր ազգի բարոյական չափանիշները:
Մի՜ պղտորէք հասարակութեան միտքն ու հոգին: Եկէք ըլլանք զգոյշ եւ աչալուրջ գտնելու Հայրենիքի
փրկութեան ճշմարիտ ուղին…
Նուարդ Մատոյեան-Տարաքճեան







Մեկնաբանէ