Մեր թաղը ցերեկով շատ կենսունակ էր: Պուրճ Համուտի սիրտը գրաւող այս հայահոծ թաղը մնայուն եռուզեռի մէջ էր ցերեկը. ինքնաշարժերու աղմուկ, դպրոցի զանգ, փերեզակներու բարձրաձայն կանչ, բանջարեղէն վաճառող խանութպաններու հրաւէր ու յատկապէս հեծանիւով հաց վաճառողի զանգակն ու անոր թարմ հացին բուրմունքը: Դեռ կային եռուզեռի համեմունքներէն՝ պատշգամներէն տանտիկիններու անվերջ պատմութիւնները. մինչ մէկը լուացքը կը հաւաքէր, միւսը իր զաւակները կամ ամուսինը կը սպասէր, անդին ուրիշ երկու տիկիններ իրենց առօրեան արդէն պատմած կ’ըլլային, մէկը կ’ըսէր՝ «այսօր լոլիկին քիլոն շատ սուղ է», ուրիշ մը հպարտութեամբ իր ճարպիկութիւնը կը յայտարարէր եւ ուղղութիւն տալով կ’ըսէր,«ներսի շուկան պիտի երթաս, հոն շատ յարմար գինով գտայ ես»: Այս բոլոր «տեղական լուրերը» ամբողջ թաղը արդէն կ’իմանար: Անդին դրացիներ տաք ճաշ կը փոխանակէին՝ «համտեսէ՛ դրացի եւ կարծիքդ տո՛ւր»: Կը յաջորդէր աւելի հետաքրքրականը՝ անոնք զիրար կը հրաւիրէին սուրճի, որ «թաղին վերջին լուրերը» վերլուծեն ու զրուցեն անոնց մասին: «Շո՜ր» կար «շ՜որ» եւ աւելի գաղտնի բաներ, որ սուրճի գաւաթին շուրջ եւ չորս պատերու մէջ պէտք էր մնային: Բայց մեր թաղին մէջ պատերն ալ ականջ ունէին: Քանի մը ժամ ետք, արդէն կը տարածուէր վերնագիրը, որ ընդհանրապէս կ’ըլլար մէկ գիշեր առաջ մութ գիշերուան ուշ ժամերուն պատահածներ…

Մեր թաղի գիշերային պատմութիւնները տարբեր էին: Անոնք, մեզի՝ պատանիներուս եւ պարմանուհիներուս համար ամօթ էին եւ խիստ գաղտնի, որոնց մասին ո՛չ պէտք էր լսէինք, ո՛չ ալ տեսնէինք: Այդ ալ ո՜վ, մենք չլսէի՞նք, մենք չտեսնէի՞նք: Հետաքրքիր պատանիներ, մենք մեզի քնացած կը ձեւացնէինք եւ երբ տնեցիք կը քնանային, երկու քոյրերս եւ ես մեր անկողիններուն մէջ լուռ ու արթուն կը հսկէինք, որ տեսնէինք անցած-դարձածը: Կը սպասէինք գիշերուան ուշ ժամերու հեծանիւի կամ ինքնաշարժի մը ձայնին, որ լոյսերը մարելով կը մտնէր մեր թաղը: Ննջարանին պատուհանը նեղ էր ու հազիւ երկու հոգի դժուարութեամբ կրնային փողոցը դիտել, իսկ մենք երեք քոյր էինք, կը սկսէինք զիրար հրել, որ տեսնէինք եկողը: Մենք՝ թաղեցիները այդքան լաւ կը ճանչնայինք զիրար, որ նոյնիսկ գիշերուան մութին մէջ, աղջկան գլխուն, մազերուն եւ մարմինին ձեւէն կը կռահէինք ով ըլլալը: Իրարու նշաններ տալով, անմիջապէս քնանալ կը ձեւացնէինք, իսկ մնացեալ մանրամասնութիւնները…ցերեկուայ կը պահէինք:

Առաւօտուն կը սկսէր մեր լուրջ գործը: Կը հետապնդէինք մեր դրացիին աղջիկը, թէ երբ պատշգամ ելլէր ո՞ր ուղղութեամբ կը նայէր, ո՞ր պատշգամը երկար կը դիտէր եւ կամ ո՞ր երիտասարդը մէկէ աւելի անգամներ այդ վայրկեաններուն մեր թաղէն կ’անցնէր: Այսպէս, պատանեկան անմեղ հետաքրքրութեամբ՝ ականատես կ’ըլլայինք սիրոյ պատմութիւններու, որոնք ծնունդ կ’առնէին երբեմն երկու թաղեցիներու միջեւ, երբեմն ալ մօտակայ թաղէն մէկու մը հետ: Բաւական պատմութիւններ գիտէինք, որոնք երբեմն երկար կ’ապրէին: Շատ անգամ, գիշերներու վերադարձը կը պսակուէր փունջ մը վարդով, ծրարով կամ ալ բաժանումի արագ համբոյրով մը: Լաւ կը յիշեմ, երբ տանտիկինները սկսէին աչքի ու յօնքի շարժումներով խօսիլ պատշգամներէն. այս կը նշանակէր որ սիրահարներու լուրը բաւական տարածուած է: Երբեմն, մեր տան մէջ հաւաքուած դրացիներէն մէկը փսփսալով կ’ըսէր, «գիտէ՛ք մեր դրացի Մարոյին տղան Յակոբը, տէր հօր աղջկան սիրահարած է», ուրիշ մը կ’ըսէր, «յարմար են իրարու», ուրիշ մըն ալ կ’աւելցնէր, «աղջկան ծնողքը լուր ունի՞» եւ այսպէս կլոր սեղանի շուրջ, իրարու գաւաթ կարդալով ու տեղական լուրերը հաղորդելով՝ մեր թաղի տիկինները ամէն բան գիտէին, կը լուծէին ու երբեմն ալ ապագան կը գուշակէին՝ այս օրերու համացանցէն ալ արագ ու վստահելի: Այս բոլորը չորս պատի մէջ պահելու յոյսով: Ամէն բան խօսուելէ ետք, դրացի տիկինները կը խոստանային «այս բոլորը մեր մէջ թող մնայ». իրենց մէջ եւ…մե՛ր մէջ:

Այս սիրոյ պատմութիւններէն շատեր յաջողութեամբ կը պսակուէին: Մեր թաղեցի պատանիներէն շատեր, որոնք իրարու հետ հասակ առած էին, երբեմն ալ միասին թաղին մէջ խաղընկեր դարձած, մեծնալէ ետք կը դառնային կեանքի ընկերներ, որոնց սիրոյ պատմութիւնը ոչ միայն իրենցն էր, այլ նաեւ՝ մերը: Մենք մասնակից էին պատշգամներէն գաղտնի նշաններուն, կը ճանչնայինք դրացի մանչուկները, որոնք սուրհանդակ կը դառնային նամակներ փոխանցելու կամ հանդիպումի վայրեր ու ժամեր ճշդելու: Կային նաեւ քիչ մը ծիծաղելի դրուագներ՝ օրինակ մեր տարեց դրացին Ապու Հաննան, որ առանձին մնացած էր իր կնոջը մահէն ու զաւակներուն հեռանալէն ետք, դժբախտաբար ան սկսած էր մոռացկոտութենէ տառապիլ եւ շատ անգամ սխալ շէնք կը բարձրանար, երբեմն ալ իր ապրած շէնքին մէջ սխալ դուռ կը փորձէր բանալ. ան արդէն հասած էր խոր ծերութեան: Օր մը, ան դիմեց մօրս միջնորդութեան, որ դիմացի ամուրի մեծ տարիքով դրացուհիին ձեռքը խնդրէ իրեն համար: Մենք նկատած էինք արդէն, որ ան պատշգամ կ’ելլէր ու անդադար դիմացի շէնքը կը դիտէր, ուր մեր դրացուհի Զարմինէն կը բնակէր: «Ազդակ» օրաթերթը ձեռքին, Զարմինէն քիչ մը կը կարդար, քիչ մըն ալ անցնող-գացողը կ’ուսումնասիրէր: Կարծես քաջալերուած մեր թաղի սիրահարներու պատմութիւններէն, մեր ծերուկ դրացին կը փորձէր վերապրիլ այն երիտասարդութիւնը, որ հեռացած էր իրմէ. արդեօ՞ք ինքն ալ ունէր յուշեր, պատանեկան թաղային առաջին սիրոյ կիսատ մնացած պատմութիւն մը, որ վերջին փորձ մը կ’ուզէր զայն կենսաւորել: Ո՞վ ըսաւ որ երկու սիրահարներ միշտ յաջողած են միանալ ու կեանքի ընկերներ դառնալ. եթէ այդպէս ըլլար, սիրոյ պատմութիւններ չէին ստեղծուեր: Երբեմն այդ անաւարտ դրուագներն են որ կը համալրեն սիրոյ գերագոյն իմաստը՝ մեր յիշողութեան մէջ կենդանի պահելով անբիծ ու անսակարկ սիրոյ նշանակութիւնը: Այս բոլորին կողքին կար սիրոյ պատմութիւն մը, որ ցնցած էր մեր թաղը:

Թաղային այս անմեղ սիրոյ մէկ գլուխ գործոցն էր Սիլվային ու Սեդրակին պատմութիւնը: Պատանի Սեդրակը մեր թաղէն քանի մը փողոց անդին կը բնակէր, սակայն անոր մտերիմ ընկերները մեր թաղեցիներն էին: Սեդրակ գրեթէ մեր թաղը մեծցած էր եւ բոլորս լաւ գիտէինք, որ իր սիրուհին մեր թաղին ամենէն գեղեցիկ աղջիկը՝ Սիլվան էր: Թաղին բոլոր պարմանուհիներն ու պատանիները լաւ գիտէին անոնց պատմութիւնը: Մենք՝ թաղի պատանիներս միշտ պատրաստ էինք օգնելու այս զոյգին. մէկը իրենց նամակները կը փոխանակէր, միւսը Սիլվային կ’ընկերակցէր, որ ան ընկերովի տունէն ելլէր պտոյտի մը եւ հոն հանդիպէր Սեդրակին: Նոյնն ալ կ’ընէին Սեդրակին ընկերները: Եթէ պատահէր որ թաղային հարսանիքի, ուրախութեան մը, ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, զանազան մրցաշարքերու կամ թատրոնի ու խրախճանքի մը ընթացին նշմարէին Սիլվան, անմիջապէս լուրը կը հասցնէին Սեդրակին. առիթ մը հանդիպելու: Այսպէս մեր թաղին իւրաքանչիւր անկիւնը եւ մայթին ամէն մէկ քարը ունէր իր յատուկ, անմեղ ու պատանեկան անկեղծ սիրոյ պատմութիւնը: Թաղին անկիւնի մեծ թզենիին վրայ փորագրուած էին բազմաթիւ անուններ ու խոստումներ, եւ անոր խոշոր տերեւներուն շուքին տակ երգուած էին լուռ երգեր, որոնց մեղեդին կը տարածուէր շրջակայքը, թէեւ անոնց շուրթերը չէին որ կը շարժէին երգին հետ, այլ աչքերն ու հոգիները: Մեր թաղին ուրախութիւնը պատանիներուն ու մանուկներուն  ոտնաձայններն էին ու անոնց բարձրաձայն կանչերը, երբ անոնք կը մեծնային մեր աչքերուն դիմաց՝ մեր թաղին մէջ, բոլորին հսկողութեան ներքեւ։

Այս երկու սիրոյ թռչուններուն պատմութիւնը օր մը պիտի հասնէր իր աւարտին եւ մենք բոլորս գիտէինք այդ մէկը, բայց կարծես չէինք ուզեր տեսնել աւարտը այդ մոգական գեղեցիկ պատկերին, զոր մենք ալ կը կ’ուզէինք ապրիլ, սակայն ափսո՜ս…: Օր մը փեսացու մը ներկայացաւ Սիլվային, որ բոլոր թաղեցիները ափիբերան ձգեց եւ այդ օրերուն, թաղին ամենէն կարեւոր պատմութիւնը դարձաւ. տիկինները պատշգամներէն իբրեւ թէ կը փսփսային, «Սիլվային շատ լաւ փեսացու մը եկեր է:» Լուրը տարածուած էր թէ Սիլվային ընտանիքը հաւանութիւն տուած էր, «աղջիկնիս լաւ տեղ ինկաւ, սըթըր կ’ըլլայ»: Այս նախադասութիւնը կը զարմացնէր զիս եւ մինչեւ այսօր՝ ի՞նչ ըսել է սըթըր կ’ըլլայ, ինչո՞ւ աղջիկը փողոցը նետուած էր կամ տէր ու տիրական չունէ՞ր: Մերիններն ալ ունէին տարօրինակ նման մտածելակերպ. կարծես աղջիկ մը իր ծնողքին տունը հիւր կը սեպուէր: Յաջորդ առաւօտ, լուսաբացէն առաջ լուրը ամբողջութեամբ տարածուած էր եւ հասած էր Սեդրակին ականջը: Սեդրակը ալ բոլոր օրը մեր թաղէն չէր հեռանար: Ընկերները կը փորձէին համոզել զինք, բայց ի զուր, ցերեկը կը տեսնես զինք թաղին անկիւնը նստած է թզենիին տակ, գիշերը միւս անկիւնը: Երբ մեր թաղը մտնէիր ու հանդիպէիր իրեն՝ ան հարցումներ կ’ուղղէր Սիլվային մասին, բայց ոչ մէկ պատասխան կը ստանար: Շատ կը փորձէր նամակներ ու լուր ղրկել Սիլվային, դարձեալ ի զուր: Թաղեցի իր ընկերներէն մէկը փախցուցած էր բերնէն ըսելով, «Սիլվան այս գիշեր պիտի նշանուի եւ մօտ օրէն պիտի պսակուի»: Անոր ընկերները խրատած էին զինք որ ալ մոռնայ Սիլվան: Մոռնա՞լ, անկարելի բան էր Սեդրակին համար: Այսպէս օրեր եւ ամիսներ անցան մինչեւ հասաւ այդ օրը երբ Սիլվան հարս պիտի ելլէր թաղէն: Կը պատմուէր թաղին մէջ, որ հարսանիքէն մէկ օր առաջ, անոնք կրցած են հանդիպիլ վերջին անգամ ըլլալով եւ խոստացած են սիրել զիրար առանց իրարու հետ ըլլալու, որովհետեւ այդ օրերուն, մենք կը հաւատայինք մեր մեծերու որոշումներուն: Է՜ կ’ըսէին մեր մեծերը. «երբեմն նաւը կ’ընթանայ հովին տարած ուղղութեամբ եւ ոչ նաւավարին»:

Եւ այդպէս ալ եղաւ. տարիներ ետք Սիլվան այրի՝ երիտասարդուհի եւ մայր երեք մատղաշ երեխաներու դարձաւ իր հօրը տունը, որպէս ապահով վայր իրեն եւ իր զաւակներուն համար: Շատ բան փոխուած էր թաղին մէջ, յատկապէս Սեդրակը, որ ան ալ իր կարգին ընտանիք կազմած էր եւ ունէր նորածին մանչ մը: Ծնողքին տան պատուհանը աւելի նեղ դարձած էր Սիլվային համար, շէնքին աստիճաններն ալ աւելի երկար ժամանակ կ’առնէին զինք երկրորդ յարկը հասցնելու: Ալ վազելով ու ցատկելով չէր ելլեր ան, այլ չորս կողմը լաւ մը նայելով, իր փոքրերուն վրայ հսկելով եւ երբեմն ալ զանոնք գրկած. քայլերը ծանրացած էին, ինչպէս նաեւ կեանքը: Թաղին մայթերուն քարերը վերաշինուած էին ու իրենց հետ տարած անոր վրայ խաղերու եւ թիւերու արձանագրութիւնները, բայց այս բոլորին մէջ, մեծագոյն փոփոխութիւնը թաղին թզենին էր, զոր կտրած էին ու անոր կոճղը նստարանի վերածած: Սիլվան բաւական երկար դիտեց այդ նստարանը ու պահ մը իր աչքին առջեւէն անցան մանկութեան ուրախ ու անհոգ օրերը, Սեդրակին հետ անոր վրայ իրենց անուններուն փորագրութիւնը: Վա՜յ այդ հաստաբուն ծառն ալ հանած են, չէ որ տերեւներուն սօսափիւնը իրենց պատմութիւնը պիտի պատմէր, նաեւ՝ բազմաթիւ ուրիշներուն. ա՜խ այդ անիրաւ եւ անգութ ձեռքերը խեղդած էին անոնց ձայնը: Պահ մը Սիլվան ուզեց բարձրաձայն պոռթկալ ու հոն նստող մարդը տեղէն հանել ու ըսել, «ով մարդ դուն գիտես ո՞ւր նստած ես», բայց ան ինքզինք զսպեց ու արցունքոտ աչքերով տուն դարձաւ:

Առաւօտ մը լսեցի, մեր հարեւանները կ’ըսէին, «Սիլվան եւ Սեդրակը հանդիպած են» եւ լուրը կէսօր չեղած արդէն տարածուած էր: Սիլվան պատշգամը լուացք հաւաքած մէկ պահուն, յանկարծ աչքերը հանդիպած էին Սեդրակին աչքերուն: Կարծես տարիներ առաջ զինք դիտող նոյն աչքերն էին, սակայն մազին ձեւը փոխուած՝ կորսնցուցած էր իր առատութիւնն ու փայլքը, եւ դէմքին վրայ քանի մը գիծեր աւելցած էին: Այո՛ նոյն Սեդրակն էր, բայց այդ նոյն բազուկները չունէր ան, ինչպէս երբ տասնութ տարեկան էր: Տիկին Արփինէն պատուհանին ծայրէն տեսած էր անոնց իրարու երկար ժամանակ դիտելը, անոնց աչքերուն մէջ վերակենդանացած շատոնց մարած փայլքը եւ իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտը, ապա բարեւելը, կարծես ժամանակը բան չէր խլած անոնցմէ: Նոյն եղելութեան ականատես եղած էր նպարավաճառ Գոգոն, որ ճիշդ այդ պահուն իր խանութիւն առջեւ թաւլու կը խաղար:

Այդ գիշեր, Սիլվան եւ Սեդրակը հանդիպեցան թաղէն քիչ մը անդին գտնուող սրճարանի մը մէջ: Շատերու ծանօթ էին, իսկ ուրիշներ միայն լսած էին անոնց պատմութիւնը: ժամանակը շատ բան փոխած էր: Թէեւ Սիլվան ազատօրէն կրնար Սեդրակին հանդիպիլ, երբ որ ուզէր եւ ուր որ փափաքէր, բայց Սեդրակը այդպէս չէր. ան ունէր կին ու երեխայ, որոնց խօսք տուած էր հոգ տանելու եւ սիրելու, թէեւ ան շատ լաւ գիտէր, որ իր սէրը Սիլվային հանդէպ մնայուն էր ու անփոփոխ, անբիծ ու անանձնական: Այդ օրը շատ գեղեցիկ ու անմոռանալի էր երկուքին համար: Մինչ անոնք քալեցին ու անցան բոլոր այն տեղերէն, ուր հիւսած էին իրենց պատանեկութեան առաջին ու վերջին սէրը, խօսելու պէտք չունէին, իւրաքանչիւր անկիւն արդէն կը պատմէր իրենց պատմութիւնը, դպրոցին բակը, խաղավայրը, թատերասրահը, ակումբը եւ յատկապէս հատուած ու տխուր թզենին: Թզենիին քով ամէնէն երկարը կեցան, պատմեցին ու խնդացին: Դուռ-դրացի զիրենք կը դիտէին, շատերը մեղադրեցին Սիլվան, շատեր ուրախացան անոնց ուրախութեամբ, իսկ շատեր կը մտածէին Սեդրակին ընտանիքին մասին ու սուր եւ խոժոռ արտայայտութիւն ունէին: Սիլվան շատ լաւ գիտէր այս բոլորը եւ լուռ էր:

Քանի մը օր ետք, Սեդրակը կրկին դարձաւ նոյն տեղը, նոյն թաղը, Սիլվային հանդիպելու յոյսով, սակայն Սիլվան Սեդրակին ուղղուած նամակ մը ձգած էր խանութպանին քով ու այդ վայրէն անվերադարձ հեռացած իր զաւակներուն հետ: Այդ նամակին բովանդակութիւնը Սեդրակէն զատ մէկը չիմացաւ: Շատեր ըսին դարձեալ ձգեց տղան ու հեռացաւ, ուրիշներ ըսին՝ ճիշդ բանը ըրաւ, որովհետեւ Սեդրակը ալ ընտանիք ունէր:

Սիլվան այդքան վստահ էր Սեդրակին անկեղծ սէրէն, որ նախընտրած էր զինք երջանիկ տեսնել իր զաւկին ու կնոջը հետ: Սիլվային եւ Սեդրակին նման շատ պատմութիւններ անցան գացին մեր թաղերէն, որոնցմէ շատեր ուրախութեամբ աւարտեցան, բայց անդին ուրիշներ կիսատ ու անաւարտ մնացին: Անոնք թերեւս մոռացութեան մատնուեցան մեր թաղերուն այլափոխութեան հետ, սակայն կը շարունակեն ապրիլ մեզմէ շատերուն եւ մեր հերոսներուն յիշողութեան մէջ։ Այսօր անոնք նաեւ արձանագրուած են պատմութեան էջերուն վրայ ու այսուհետեւ պիտի շարունակեն ապրիլ հոն՝ ընդմիշտ։

Մինչեւ այսօր, երբ մեր թաղէն անցնինք, ակամայ կանգ կ’առնենք հոն՝ սիրով յիշելու մեր թաղեցիները, անոնց առօրեան, անոնց ու նաեւ մեր անցեալի ապրումները։ Եւ ահա այդ պահուն է, որ կը զգանք պուրճ համուտցի պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն սիրոյ պատմութիւններուն տակաւին արձագանգող համանուագը, թզենիի տերեւներուն սօսափիւնը դեռ կը հասնի մեզի, ժպիտ կը գծէ մեր դէմքին վրայ, ու մեր ականջին մէջ կը շշնջայ երբեք չաւարտած, անկեղծ, պատանեկան մաքուր սիրոյ պատմութիւնները։

Լենա Պօղոսեա
Տարբերակ 21
20 Յուլիս 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ