
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողան Իսրայէլ անուանած է ահաբեկչական պետութիւն, նշելով որ Անգարա թոյլ պիտի չտայ Սուրիոյ մասնատումը, կը յայտնէ TRT Haber։
Էրտողանը ըսած է թէ «Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է, որ չի ճանչնար օրէնք եւ սկզբունքներ»։
Ան յայտնած է որ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմէտ Ալ-Շարաայի հետ քննարկած է թէ ինչ կարելի է ընել արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար:
Էրտողանի յայտարարութիւնը կը յաջորդէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահույի յայտարարութեան, որ Թէլ Աւիւը պիտի շարունակէ Դամասկոսի հարաւը գտնուող տարածքըում ապառազմականացնել եւ թոյլ պիտի չտայ որ սուրիական իշխանութիւնները եւ զինեալ խմբաւորումներ վնասեն տեղի տիւրզիներուն։







Մեկնաբանէ