
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ կը ծրագրէ պաշտպանողական յաւելեալ զէնքեր ուղարկել Ուքրանիա, կը հաղորդէ CNN։ Թրանփ իր այս յայտարարութիւնը կատարած է Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ ընթրիքէն առաջ։
«Մենք կը պատրաստուինք աւելի շատ զենքեր ղրկել։ Անոնք պէտք է կարենան պաշտպանուիլ։ Անոնք շատ ծանր հարուածներ կը ստանան։»,- յայտներ է Թրամփ։
Նախապէս ԱՄՆ նախագահի վարչակազմը դադրեցուցած էր Ուքրանիոյ որոշ զէնքերու մատակարարումը, այդ կարգին հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ։ Որոշումը պայմանաւորուած էր ռազմական ծախսերու եւ օտար երկիրներուն ամերիկեան օժանդակութեան վերանայումով, որ ստորագրած էր ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսէթ։







Մեկնաբանէ