Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու համար «հայապահպանում»-ը բառ մըն է, որ մանկութենէն ի վեր շատ անգամ լսուած է: Բայց ի՞նչ կը նշանակէ այդ բառը այսօր: Եւ ինչպէ՞ս մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, կրնանք զայն յառաջ մղել:

Դիւրին է հայապահպանումը պատկերացնել իբրեւ մեծ առաքելութիւն` իրականացուող առաջնորդներու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու կողմէ: Բայց իրականութիւնը այն է, որ հայապահպանումը շատ յաճախ կ՛իրականանայ լուռ, փոքր եւ անհատական ձեւերով: Իսկ սփիւռքի մէջ, ուր կեանքը կը ձեւաւորուի բազմաթիւ լեզուներով ու մշակոյթներով, այդ փոքր քայլերը աւելի խոր ազդեցութիւն կ՛ունենան:

Հայապահպանումը կենսական է, որովհետեւ մեր պատմութիւնը ողջ կը պահէ: Իբրեւ Ցեղասպանութիւն, պատերազմ եւ տեղահանութիւն ապրած ժողովուրդ` մեր ինքնութեան պահպանումը սոսկ մշակոյթի պահպանում չէ, այլ` գոյատեւման միջոց: Արտասանուած ամէն մէկ հայերէն բառ, փոխանցուած ամէն մէկ աւանդութիւն, պահպանուած ամէն մէկ կապ` միջոց մըն է ըսելու. «Մենք դեռ հո՛ս ենք: Մենք ոչ միայն կը գոյատեւենք, այլ կ՛ապրինք, կը շատնանք եւ կը ստեղծագործենք»: Առանց հայապահպանութեան` մենք  դատապարտուած ենք մոռնալու, թէ ո՛վ ենք, ուրկէ՛ կու գանք, եւ ի՛նչ է մեզ` իբրեւ ժողովուրդ իրարու կապողը:

Սփիւռքը միշտ ունեցած է կարեւոր դեր հայկական մշակոյթի պահպանման մէջ: Ցեղասպանութենէն ետք արտասահման գտնուող հայերն էին, որոնք ողջ պահեցին լեզուն, կառուցեցին եկեղեցիներ, հիմնեցին ազգային կեդրոններ, հիմնադրեցին հայկական դպրոցներ եւ փոխանցեցին պատմութիւններն ու աւանդութիւնները նոր սերունդին:

Այսօր, սակայն, իրականութիւնը փոխուած է: Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ այլեւս հայերէն չեն խօսիր, իսկ ոմանք բոլորովին կտրուած են հայկական համայնքէն: Ոմանք ալ կը հեռանան, որովհետեւ կը զգան, թէ «տարբեր» են: Սակայն հայ ըլլալը չի նշանակեր տեղաւորուիլ յստակ կաղապարի մը մէջ:  Պարտադիր չէ, որ հայապահպանումը մէկ ուղիղ ճամբայ ունենայ, կամ կատարեալ ըլլայ: Կարեւորը ջանքն է եւ մտադրութիւնը:

Սովորաբար կը կարծենք, թէ ինքնութեան պահպանումը մեծ եւ տքնաջան աշխատանք մը պէտք է ըլլայ, օրինակ` ցոյց կազմակերպելը կամ հայկական կազմակերպութիւն մը հիմնելը: Անշուշտ որ այդ բոլորը շատ կարեւոր են, սակայն նոյնքան, երբեմն աւելի ալ կարեւոր են փոքր քայլերը:

Հայապահպանումը կը գործադրուի, երբ մեծ մօրմէդ սորված հայկական ճաշ մը պատրաստես, երբ հարցնես անոր մանկութեան եւ անցեալին մասին, երբ զաւակդ անուանես հայկական անունով, կամ` երբ փորձես խօսիլ հայերէն, նոյնիսկ եթէ` ոչ սահուն կամ անկատար: Այս բոլորը կրնան պարզ թուիլ, բայց խոր իմաստ կ՛ունենան, մանաւանդ երբ կ՛արտայայտեն կամք եւ սէր, եւ ոչ թէ` պարտադրանք:

Հայապահպանումը միայն անցեալը պահելու մասին չէ, ան նաեւ միջոց մըն է նոր մշակոյթ ստեղծելու:Անցեալի մօտեցումը կեդրոնացած էր գոյատեւման վրայ, ամէն ինչ նոյնպէս պահելու վրայ, որպէսզի չկորսուինք: Բայց այսօր գուցէ ժամանակն է ուղղուած ըլլալու ոչ միայն պաշտպանելուն, այլ նաեւ` ստեղծելուն:

Պատկերացուր հայապահպանումը` իբրեւ գաղափար, երբ կը ստեղծենք նոյնքան, որքան կը պահպանենք: Մէկը կրնայ նոր ձեւի հայկական երաժշտութիւն ստեղծել, միւսը` ժողովրդական հեքիաթներն ու առասպելները յիշել եւ զանոնք միացնել ժամանակակից պատմութիւններու հետ: Մէկը կրնայ գիրք մը գրել ժամանակակից նիւթերու մասին հայերէնով, ուրիշ մը` պատրաստել հայերէն  փոտքասթ` երիտասարդները հետաքրքրող նիւթերու մասին: Այս բոլորը կրնան հայերէնի նկատմամբ աւելի մեծ սէր արթնցնել, քան` դասագիրքերը:

Աւանդութիւնը խախտել չէ, երբ այս կը կատարենք: Անոր շունչ տալ է: Թերեւս մեր դերը սփիւռքին մէջ պէտք չէ ըլլայ հայկական ինքնութիւնը թանգարանի մէջ պահել` անշարժ, հին վիճակով, այլ` անոր կենդանի, ժամանակակից, մեզի պատկանող եւ յարատեւող տարբերակը ստեղծել:

Վերջերս մասնակցեցայ նախաձեռնութեան մը, ուր հանդիպեցայ սփիւռքահայերու` ամբողջ աշխարհէն: Անդրադարձայ, որ մենք` Լիբանանի հայերս, աւելի բախտաւոր ենք, քան` շատ ուրիշներ: Ականատես եղայ իրենց խոր փափաքին` հայերէն խօսելու, հայ մնալու եւ պահպանելու հայկական ինքնութիւնը: Տեսայ, թէ որքա՛ն դժուար է այդ մէկը` աւելի հեռաւոր երկիրներու մէջ:

Ժամանակն է գիտակցելու մեր ունեցած բախտաւորութեան եւ արժեւորելու զայն: Ժամանակն է միայն չխօսելու, այլ` բարձրաձայն հպարտութեամբ ներկայացնելու մեր երգերը, մեր պատմութիւնները, մեր գրականութիւնը եւ մեր մշակոյթը: Ոչ միայն պահպանելու, այլ նաեւ` շարունակելու եւ վերակառուցելու ժառանգութիւնը, զոր ստացած ենք:

Հայապահպանումը կրնայ տարբեր կերպով երեւիլ իւրաքանչիւրին համար: Մէկ ճիշդ ձեւ չկայ: Կարեւորը` նպատակը նոյնն է. հայկական ինքնութիւնը պահել: Եւ երբ կը յիշենք, կը հարցնենք, կը խօսինք եւ կը ստեղծենք, մենք կը շարունակենք մեր հազարամեայ պատմութիւնը եւ կը կառուցենք այն, որ պիտի ժառանգէ ապագայ սերունդը:

Յովիկ Ճէհիզեան
Ազդակ
2 Յուլիս 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ