«Առանց ցաւի կարելի չէ իսկական գիտակցութեան հասնիլ»: 
Քարլ Եունկ

Ի՞ՆՉ Է «ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹ»Ը

«Պարտութեան բարդոյթ»ը հոգեբանական եւ յուզական (emotional) վիճակ մըն է, որ կը բնութագրուի երկարատեւ նուաստացումի, կորուստի, պարտութեան, եւ դրական ինքնագնահատանքի նուազումի զգացումներով՝ յատկապէս ազգային ինքնութեան ծիրին մէջ։ Այս բարդոյթը կրնայ դրսեւորուիլ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական մակարդակներով՝ մասնաւորապէս պատերազմի մը կամ որեւէ այլ պարտութենէ մը  ետք։ Հետեւաբար, պարտութիւնը միայն ճակատամարտ մը կամ պատերազմ մը կորսնցնելը չէ. անիկա հոգեբանական ցնցում մըն է, որ կրնայ վտանգել ինքնավստահութիւնը, թուլացնել ազգային զգացումը եւ յառաջացնել խոր գոյութենական (existential) հարցեր. «ո՞վ ենք հիմա», «ի՞նչ բանի համար էր այս բոլորը», «կարելի՞ է վերականգնել»… այս հարցումները արձագանգ կը գտնեն տուներուն, դպրոցներուն, հանրային բանավէճերուն եւ նոյնիսկ մեր անձնական տագնապներուն մէջ։

ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ըստ հոգեբանութեան՝ անձնական-հայեցակարգը (self-concept) կ՛ընդգրկէ նաեւ անհատին ազգային ինքնութիւնը։ Երբ խայտառակ պարտութիւն մը կը կրէ ազգ մը, անոր անդամները յաճախ կ՛ապրին հաւաքական հոգեկան ցնցում մը, որ կը վտանգէ ինքնարժեւորումը եւ ազգին նկատմամբ անոնց ընկալումը։

 Պարտութեան բարդոյթը կրնայ դրսեւորուիլ հետեւեալ ձեւերով.

 – Մնայուն յոռետեսութիւն եւ վստահութեան նուազում,
– Իտէալական անցեալի երեւակայութիւն, 
– Ազգային հարցերու շուրջ անտարբերութիւն, 
– Քաղաքական պառակտումի աճ,
– Ներքին մեղադրանք կամ թշնամանքի զգացում (հայրենակիցներուն դէմ),
– Անօգնական եւ աշխարհէն կտրուած ըլլալու զգացում:

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ 44ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔ

2020ի Արցախեան 44օրեայ պատերազմի աղիտալի եւ խայտառակ պարտութիւնը եւ անոր յաջորդած նուաստացուցիչ համաձայնութիւնները, բացի տարածքային կորուստէն, հոգեբանական խոր վնաս հասցուցին հայ ժողովուրդի հաւաքական ինքնութեան, յատկապէս երբ ազգային հպարտութիւնը եւ գոյատեւումը առաջնահերթութիւններ էին։

Հիմնական հոգեբանական ազդեցութիւնները կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

1. ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԻՇՏ ԵՒ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՇՓՈԹ

Արցախի տարածքներու կորուստը միայն աշխարհաքաղաքական չէր, այլ նաեւ՝ խորհրդանշական։ Մեզի համար Արցախը գոյատեւման, յաղթանակի, եւ ազգային ժառանգութեան խորհրդանիշ էր։ Անոր կորուստը հոգեկան շատ խորունկ պարապութիւն մը ստեղծեց։

Այս կորուստը յանգեցուց «գոյութենական սուգի» (existential grief), այսինքն՝ ոչ միայն անոր բերած մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն համար, այլ նաեւ՝ իմաստի։ Հետեւաբար, յանկարծ սկսան հարցումներ ծագիլ մեր միտքերուն մէջ՝ «ի՞նչ իմաստ ունէր երեսուն տարուան զոհաբերութիւնը», «արդեօք մեր նահատակներուն զոհաբերութեան արժանի չեղա՞նք», «կարելի՞ է վերապրիլ, գոյատեւել»…։

 2. ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Պատերազմէն ետք, կրօնական հաստատութիւններուն, բանակին, քաղաքական կուսակցութիւններուն, իշխանութեան եւ նոյնիսկ Սփիւռքի նկատմամբ վստահութիւնը նուազեցաւ կամ բոլորովին չքացաւ։ Հայութեան մօտ հոգեկան ցնցումները խորացան՝ զգալով լքուածութիւն եւ խաբուածութիւն՝ թէ՛ ներքին (օրինակ՝ «յաղթելու ենք»ը), թէ՛ միջազգային մակարդակներով (օրինակ՝ մեզի «դաշնակից» Ռուսիոյ դաւաճանութիւնը եւ «բարեկամ» երկիրներու խորհրդաւոր լռութիւնը)։

Այս հիասթափութիւնը յանգեցուց մեղադրանքներու, կամ աւելի ճիշդը՝ մեղաւոր փնտռելու արտայայտութիւններու, ինչ որ բնական զգացում է պարտութիւն կրած ժողովուրդի մը համար։ Մեզմէ շատեր սկսան իրենց զայրոյթը ուղղել կառավարութեան, ընդդիմութեան, բանակին եւ անհատներու դէմ։

 3. ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Երիտասարդներ, յատկապէս անոնք, որոնք մեծցած էին 1990ականներու Արցախի ազատագրութեան հպարտութեամբ՝ հոգեբանական ծանր ցնցում մը ապրեցան։ Անոնք դէմ յանդիման գտնուեցան իրենց ինքնութեան, պատմութեան եւ հայրենասիրութեան վերաբերեալ ընկալումներու լուրջ մարտահրաւէրներու։

Պատերազմը ազգային ինքնութեան հարցեր առթեց Սփիւռքի երիտասարդներուն համար։ Շատեր զգացին անզօր եւ մեղաւոր, այ պատճառով ազգային հարցերու նկատմամբ առաւել անտարբեր դարձան։

4. ԼՌԵԼԵԱՅՆ ՍՈՒԳ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄ

Դարերով ենթարկուած ենք ծանր հոգեկան ցնցումներու, պարտուած պատերազմներ, հողային կորուստներ, քաղաքական ներքին արիւնալի պայքարներ, ցեղասպանութիւն, անկախութեան անկում, թափառականութիւն, երկրաշարժ եւ շրջափակում։

2020ի պարտութիւնը վերակենդանացուց հին ցաւերը, յատկապէս այն սերունդներուն համար, որոնք նախորդ սերունդներու ցաւերը երբեք բոլորովին չէին ապրած։ Սակայն, ի տարբերութիւն անցեալի աղէտներուն, այս պարտութեան մանրամասնութիւնները սփռուեցան ընկերային ցանցերու վրայ (մեր կողմէն եւ թշնամիին կողմէն), ներկայացնելով մշտական մահ, տառապանք, խայտառակութիւն եւ քաղաքական անկայունութիւն։ Արդիւնքը եղաւ հոգեկան եւ զգացական ճնշում ու աներեւոյթ սուգ, այսինքն՝ սգալ առանց արտայայտուելու, որ իր կարգին զանազան հոգեկան եւ մտային բարդութիւններ կը ստեղծէ:

ԱՅԺՄ Ո՞ՒՐ Կ՛ԵՐԹԱՆՔ

Պարտութեան բարդոյթը յաղթահարելու առաջին քայլը պատմութեան պատմողական ձեւին (narrative) վերանորոգումն է։ Այս կը նշանակէ՝ փոխել պատմութիւնը ներկայացնելու ձեւը՝ շեշտը դնելով մեր՝ իբրեւ ժողովուրդ, հաւաքաբար փոփոխութեան ունակ ըլլալուն եւ իրատեսութեան վրայ, այլ ոչ թէ՝ մշտական զոհ ըլլալուն։

Այս գծով հոգեբանները, դաստիարակները եւ մշակութային ու կրօնական առաջնորդները շատ բան կրնան ընել եւ զանազան ձեւերով նպաստել։

1. ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Հոգեկան ցնցումներէ ետք, վիշտը եւ ձախողութիւնը փորձառութեան վերածելը կրնայ յանգեցնել դրականութեան աճի։ Այս կը նշանակէ՝ կեդրոնանալ բաներու վրայ, որոնք տակաւին կարելի է կառուցել հիմնուած իրականութիւններու վրայ, այլ ոչ թէ կորուստներու կամ անցեալի մանր մունր յաջողութիւններու վրայ։ Այսինքն՝ ռոմանթիսիզմէն անցնիլ իրապաշտութեան:

2. ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Պէտք է վերակենդանացնել մեր գործելու կարողականութիւնը՝ համոզումը, որ նպատակասլաց գործունէութիւնը կրնայ դրական հետեւանքներ ունենալ, թէկուզ փոքր՝ բայց ազդեցիկ։ Ասիկա կը ներառէ.

 – Երիտասարդութեան մօտ զարգացած քաղաքական միտք, 
– Պետականութիւնը իշխանութենէն զատելու մտածելակերպ,
 – Սփիւռքի լայն եւ առաջնորդող դերակատարութիւն հայ կեանքին մէջ:

 3. ՀԵՐՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՉԱՓԱՆԻՇ

Հերոսութիւնը պէտք չէ սահմանել միայն նահատակութեամբ կամ մարտական սխրանքներով։ Ուսուցիչը, գիւղացին, բժիշկը, զաւակ մեծցնող մայրը, զինուորը, ոստիկանը, արուեստագէտը, զինագործը, համակարգիչի մասնագէտը, իրաւաբանը, գիտնականը, գործարարը եւ այլն՝ պէտք է դիտուին իբրեւ ժամանակակից հերոսներ, որոնք պատերազմէն ետք՝ իրենց գործով կը նպաստեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի բարգաւաճման։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Պարտութիւնը երբեք պիտի չյաղթէ մեզի, եթէ մեր ազգային գիտակցութիւնը բաւարար չափով զօրաւոր է։

Ազգովին տակաւին բոլորովին չենք թօթափած պատերազմէն կրած հոգեկան եւ մտային վնասները եւ կը գտնուինք հոգեբանական եւ քաղաքական խաչմերուկի մը վրայ։ Եթէ թոյլ տանք, որ 44օրեայ պատերազմը մեզ սահմանէ միայն մեր պարտութեամբ, պարտութեան բարդոյթը կը խորանայ։ Սակայն, եթէ օգտագործենք այս փորձառութիւնը իբրեւ հայելի՝ անդրադառնալու մեր անցեալի եւ ներկայի սխալներուն, յարմարելու կացութեան եւ բարգաւաճելու համար՝ կրնանք ստեղծել աւելի զօրաւոր հայկական ինքնութիւն մը, որ իր կարգին մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ազգային գիտակցութիւն։

Եթէ առաջնորդուինք եւ գալիք սերունդները դաստիարակենք, որ «այո պարտուեցանք, բայց տակաւին կանք, կը գոյատեւենք», «պատերազմը պարտուեցանք, բայց բարոյական յաղթանակ տարինք», «պարտուեցանք, բայց մեզի չկրցան ծունկի բերել», եւ այս տեսակ ռոմանթիք, անիրապաշտ ու անհերատես տրամաբանութեամբ, վստահաբար մեր ապագան շատ փայլուն չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ՝ իսկական յաղթանակը միայն պատերազմէ մը փրկուիլը կամ գոյատեւելը չէ, այլ՝ յաղթահարելն է այն, ինչը կը պատահի պարտուած պատերազմէն ետք եւ ընտրելը ազգին ու հայրենիքին համար նպատակասլաց յառաջդիմելու ուղին։


Յարութ Մկրտիչեան
Ասպարէզ
11 Յունիս 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ