
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի եւ աշխարհի ամէնահարուստ մարդու Իլոն Մասքի միջեւ հակամարտութիւնը ժխտական անդրադարձ ունեցած է սակարանային շուկային վրայ։
NBC News կը հաղորդէ որ Մասք որ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն աջակցած էր Թրամփին եւ հանրապետականներուն, կրնայ յառաջիկայ ընտրութիւններուն աջակցիլ դեմոկրատներուն։
NBC-ի բնորոշմամբ, Հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայիս «կը յիշեցնէ այն երեխաները, որոնք կը գտնուին ամուսնալուծութեան գործընթացի մէջ յայտնուած ծնողներու միջեւ»։
Կուսակցութեան կարգ մը քոնկրէսականներ յայտնած են որ հանրապետականները պէտք է զգուշանան «Մասքի հետ փոխհրաձգութեան մէջ մտնելէ»։







Մեկնաբանէ