Կազայի տարբեր շրջաններ Յունիս 5ի լուսաբացէն ի վեր Իսրայէլի կողմէ կը ռմբակոծուին օդանաւերու միջոցով։
Այս ռմբակոծումներու հետեւանքով 38 պաղեստինցի սպաննուած է։ Վերջին 24 ժամուայ ընթացքին զոհերուն թիւը հասած է 70ի։ Ռմբակոծումներուն հետևանքով վիրաւորուած է 189 հոգի, կը յայտնէ Al Jazeera։

Վերջին օրերու ռմբակոծումներուն զոհ գացած են 4 լրագրող։ 

Al Jazeera-ի թղթակիցը յայտնած է որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը ուղղակիօրէն ռմբակոծեր է լրագրողներուն, երբ անոնք կը գտնուէին Պափթիսթական հիւանդանոցին մէջ եւ կը լուսաբանէին իրավիճակը։

ՀԱՄԱՍ դատապարտեր է Իսրայէլի կողմէ լրագրողներու սպանութիւնը, զայն համարելով ծրագրուած ոճիր, որուն նպատակն է լռեցնել զանոնք եւ ջնջել ոճիրներու մասին վկայութիւնները։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ