Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն առաջարկած է ամերիկացի գիտնականներուն, որոնք դժգոհ են Թրամփի քաղաքականութենէն, տեղափոխուիլ Եւրոպա:
“Եթէ դուք կը սիրէք ազատութիւն, Եկէք եւ ուսումնասիրութիւններ կատարեցէք այստեղ”, — յայտարարեր է Մաքրոն ՝ ելոյթ ունենալով Սորպոնի մէջ:

Ան յայտնած է թէ Փարիզը 100 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ հետազօտողներ ներգրաւելու համար։

Եւրոպական Միութիւնը 2025-2027 թուականներուն 500 միլիոն եուրօ պիտի ծախսէ Եւրոպան “գիտնականներու Մագնիս” դարձնելու համար, յայտարարած էր

Ուրսուլա ֆոն Տէր Լիայէն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ