
Թեւակոխեցինք ապրիլ ամիսը:
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենիքէն Սփիւռք ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ վեց հարիւր տարի առաջ, երբ օսմանեան թուրքերը նուաճեցին Փոքր Ասիան, Հայաստանը եւ հիմք դրին օսմանեան կայսրութեան: Թուրքերը նախ ձեռնամուխ եղան «Սպիտակ» ցեղասպանութեան՝ ձուլում, իսլամացում, բռնագաղթ եւ մասնակի ջարդեր: Վեց հարիւր տարի պայքարեցան հայոց հայրենիքը յափշտակելու եւ սեփական հայրենիք դարձնելու համար: Սակայն համոզուելով, որ ազդու չեն հայաթափման միջոցները, օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը 19-րդ դարուն որդեգրեց հայ ժողովուրդը ֆիզիքական ոչնչացումի ենթարկելու քաղաքականութիւնը:
Հայ ժողովուրդը կամ պէտք էր պայքարէր իր հայրենիքին համար, կամ հեռանար օտար երկիրներ: Ան հարկադրաբար ընտրեց պայքարի ուղին:
Պաշտօնական Թուրքիան ոչ միայն կը փորձէ հերքել ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ պատասխան արշաւ նախաձեռնած է տարբեր մակարդակներու վրայ, ծածկելու սուտի եւ կեղծիքի վրայ յենած իր պատմութիւնը: Յանցագործը խտրութիւն չի դներ միջոցներու մէջ, կը կաշառէ պատմաբաններ, գիտնականներ, քարոզչական եւ հասարակական զանազան կազմակերպութիւններ:
Իսկ մենք, ինչպէ՞ս կը հակադարձենք թրքական հակաքարոզչութեան: Պէտք է ընդունիլ, որ նորանկախ հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւնները կրաւորական կեցուածք ցուցաբերած են թրքական «պատմաշինութիւններուն» հանդէպ:
Ամբողջ Արեւմտահայաստանը ասպատակող, հայ ժողովուրդը տեղահանութեան ենթարկող Թուրքիան բռնագրաւիչ կը յայտարարէ Հայաստանը: Երեւան չի յանդգնիր պատասխանելու: Մինչդեռ Անգարան եւ Պաքուն են բուն բռնագրաւողները: Թուրքիա երեսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր տնտեսական շրջափակումի ենթարկած է Հայաստանը: Հայաստանի քաղաքական այրերը զարմանալիօրէն «գործընկեր» կը կոչեն մեր տնտեսութիւնը կաթիլ առ կաթիլ քայքայող թշնամիին: Այս «գործընկեր»ը Ազրպէյճանին հետ Հայաստանը մեկուսացուցած է տարածաշրջանային տնտեսական համաձայնագիրներէն, կազամուղներու ճանապարհներէն:
Խուլ ականջ կը ձեւանանք Ազրպէյճանին զէնք մատակարարող պետութեան առջեւ: Մեր իշխանութիւնները «իրատեսական» գնահատական կու տան Թուրքիոյ հանդէպ անբացատրելի զիջողական քաղաքականութեան:
Աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր զարգացումներ տեղի կ՛ունենան հարաւային Կովկասի մէջ: Ռազմական նոր դաշինքներ կը կնքուին….: Մենք պարտաւոր ենք ճիշդ գնահատելու պատմութիւնը, միաժամանակ՝ ապագայի մեր քայլերը:
Դժբախտաբար Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան անհետեւողական ընթացքը կերպով մը անտեսած է Հայկական հարցին գոյութիւնը, երբ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութիւնը 1997 թուականին ընդունեց բանաձեւ մը, ուր կը հաստատէր, որ 1915 թուականին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւնը, տեղահանութիւնը ցեղասպանութիւն է: Իսկ 2005 թուականին, պատասխանելով Էրտողանի այն նամակին, առ այն , որ «պատմաբանները անկողմնակալ ուսումնասիրեն հայ ժողովուրդի ճակատագիրին վերաբերեալ հարցերը», Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Միութիւնը վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախապէս ընդունած որոշումը, աւելցնելով. «Մենք կը հաւատանք, որ ակնյայտօրէն ի շահ թուրք ժողովուրդին եւ անոր ապագային է՝ ճանչնալ նախորդ կառավարութեան պատասխանատւութիւնը հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար, ինչպէս կատարեցին գերմանական կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը Հոլոքոսթի պարագային»:
Հայաստանի մէջ ոմանք չեն փափաքիր ըմբռնել այն ահաւոր գինը, որ հայ ժողովուրդը վճարեց անցեալին: Մենք այսօր եւս կը շարունակենք վճարել մեր պատմութեան ամենաողբերգական էջին հետեւանքները:
Այստեղ կարելի է բարձրաձայնել մէկ այլ կարեւոր հարց:
Սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս պէ՞տք է վստահի Հայաստանի հանրապետութեան՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու հարցով, թէ՞ փոխարէնը ընտրէ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու այլընտրանքային ճանապարհ, իրաւական հայցի վրայ հիմնուած, ոչ՝ ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական առեւտուրի շուրջ:
Պահանջատիրութեան երթը թուլութեան նշաններ ցոյց կու տայ այսօր: Կարծէք ինքնանպատակ ըլլային ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Համահայկական հռչակագիրին պատգամները:
Թուրքը, օսմանական կամ՝ քեմալական, չէ հրաժարած Հայաստանը եւ Հայաստանի ճանապարհով հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու ծրագիրէն:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն հատած է որոշակի ճանապարհ: Սակայն ճանաչումը չի բերեր հատուցում: Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի կրնար դառնալ պահանջատիրական պայքարի լուծում:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն մէջ հատուցման վերաբերեալ ակնարկի բացակայութիւնը այն տպաւորութիւնը ստեղծած է, թէ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումէն բացի չունինք այլ պահանջ:
Ժամանակն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելով հանդերձ, մեր գլխաւոր թիրախը դարձնենք հատուցումները, ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը: Այս բնականաբար կը նշանակէ պահանջատէր դառնալ մեր իրաւունքներուն, նիւթական, հոգեւոր, մշակութային, մտաւոր եւ բարոյական կորուստներուն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերջնանպատակ չէ մեզի համար:
Հայ ժողովուրդը պահանջատէր է: Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս Թուրքիան լսէ այս բառը: Անհրաժեշտ է նաեւ արթնցնել Թուրքիոյ հանրային գիտակցութիւնը:
Այստեղ կը ծագի հարցերու հարցը, ի՞նչ կը պահանջենք ցեղասպանէն: Դժբախտաբար մինչեւ օրս չունինք յստակ եւ ամբողջական պատկերացում: Ո՞վ պիտի քննարկէ, հետապնդէ այս հարցը, եթէ ոչ մենք: 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը կրնար կարեւոր հիմք ծառայել այս աշխատանքներուն:
Հայկական հարցը միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ: Հայկական հարցը հողի, հայրենիքի հարց է:
Թուրքը շատ լաւ գիտէ, թէ անցեալը մոռացութեան տալը ինքնախաբէութիւն մըն է պարզապէս: Ցաւալիօրէն հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս տիրող կարծեցեալ լաւատեսութիւնը երբեք ալ հիմնուած չէ իրաւական հիմքերու վրայ: Հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ իրաւազրկուած կողմն է, որ պայմաններ պիտի ներկայացնէ, ոչ՝ յանցագործը:
Ուշացած ենք դժբախտաբար:
Այ՛ո, շատ ուշացած: Ճառախօսութիւններու ժամանակը՝ սպառած: Բա՛ւ է խօսինք: Ծանր աշխատանք կը սպասէ բոլորիս: Այս բոլորին համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք, մասնագիտական, հետեւողական աշխատանք՝ փաստաթուղթերու հաւաք, հատուցումներու համապարփակ թղթածրարի պատրաստութիւն: Աշխատանք…:
Եթէ մենք հրաժարած չենք Արեւմտահայաստանէն եւ հրաժարած չենք մեր բռնագրաւուած հայրենիքը ազատագրելու արդար մղումէն: Եթէ մենք պիտի հետապնդենք մեր արդար դատը, հայու արժանապատւութիւնն ու հպարտութիւնը, պարտինք անյապաղ ազատագրուիլ հատուածամոլութենէն եւ ինքնասիրահարուածութենէն եւ ձեռնարկել վերածնունդի նուիրական աշխատանքի:
Պայքարի միասնութիւնը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է այսօրուան աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մէջ: Գործենք խելամտօրէն եւ իրաւաքաղաքական մտածողութեամբ, կառչելով մեր իրաւական պահանջներուն:
Անհրաժեշտ է արեւմտահայութեան բոլոր կենսունակ ուժերուն մասնակցութեամբ անյապաղ մշակել համասփիւռքեան աշխատանքի ծրագիր: Որդեգրել մեզ լիակատար ներկայացնող մարմին մը ( յատկապէ՛ս քաղաքական փորձ ունեցող իրաւաբաններէ), որ պիտի գլխաւորէ մեր պահանջատիրական պայքարը մեր իրաւունքները, նաեւ վերջ դնէ մեր ապակեդրոն եւ անգլուխ վիճակին:
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումները մեր գիտակցութեան մէջ անգամ մը եւս պիտի հաստատեն, որ գերագոյն նպատակ մը ունինք՝ մեր բռնագրաւուած հայրենիքին ազատագրութիւնը: Մեր նահատակները զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրիլ սորվինք:
Այսպիսի հրամայականի առջեւ ոչ մէկ խտրականութիւն Սփիւռք եւ հայրենիք, կուսակցական կամ որեւէ այլ հաշուով: Մենք մէ՛կ ենք, մէ՛կ կամքով եւ հաւատով: Մենք պիտի գօտեպնդուինք դէպի մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի արդար դատը եւ ապագան: Բայց այս բոլորէն զուգահեռ, միաժամանակ սփիւռքահայը Հայաստան վերադարձնելու մասին պէտք է մտածել: Այս մասին մտածող չկայ:
Պատմական Հայաստանի երազը փայփայելու համար իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է ամբողջ հոգիով կառչիլ անկախ Հայաստանին, անոր բանակին, պետականութեան, որովհետեւ մի՛այն հզօր Հայաստանը եւ հզօր Սփիւռքը կրնան ըլլալ մեր երազին միակ բանալին:
Այ՛ս պարտի դառնալ մեր նահատակներուն պատգամը Մեծ եղեռնի 110-րդ տարելիցին:
Ահարոն Շխրտըմեան







Մեկնաբանէ