
Կաթոլիկ աշխարհը, ի մասնաւորի Սրբավայր Վատիկանը, հայ ժողովուրդին համար կարեւոր նշանակութիւն ունին։ Հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները եղած են սիրալիր եւ նոյնիսկ ջերմ։ Կաթոլիկ Սրբազան հայրերէն շատեր, հաւատարիմ համամարդկային եւ համաքրիստոնէական սկզբունքներու, պաշտպանած են մեր իրաւունքները եւ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անկասկած, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ մեր կաթողիկէ հայրենակիցները մեծ դեր ունեցած են հայ-վատիկանեան յարաբերութիւններու ամրապնդումին մէջ։
Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապը Հայաստան այցելած եւ մասնակցած է քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութիւններուն։ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա․ Սրբազան Պապն ալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին պատարագ մատուցած է Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, իսկ յաջորդ տարի այցելած է Հայաստան, այդ ուխտագնացութիւնը անուանելով «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր»։ Ս. Աթոռին Գահակալը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին «Տիեզերական վարդապետ» հռչակած եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ Նարեկացիի յիշատակումի օր նշանակած է։ Ի վերջոյ, պէտք է յիշենք թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը տեղադրուած է Վատիկանի պարտէզին մէջ։
Հայ-վատիկանեան յարաբերութիւններու, բայց մանաւանդ Վատիկան-Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի կապերու լաւագոյն օրինակներէն կարելի է համարել Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամենապայծառ դէմքերէն Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի երանացումը եւ սրբադասումի գործընթացը։ Տակաւին վերջերս, հաղորդագրութիւններ հրապարակուեցան, թէ Վատիկան Սուրբ պիտի հռչակէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Իգնատիոս Մալոյեանը, որ Երանելի հռչակուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին օրօք, 2001-ին։
Սուրբ Աթոռի Քահանայապետերու Հայաստան այցելութիւններն ու դեսպանութիւններու հաստատումը Երեւանի եւ Վատիկանի մէջ յաւելեալ նշաններ են այդ յարաբերութիւններու ջերմացումին եւ անոնց միջ-պետական մակարդակի բարձրացումին։ Վատիկանը, որ պապական քաղաք-պետութիւն մըն է Հռոմի մէջ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը պահպանէ հարիւրաւոր պետութիւններու, ի շարս որոնց իսլամական երկիրներու հետ։
Վատիկան յարաբերութիւններ ունի նաեւ Ատրպէյճանի հետ։ Այդ յարաբերութիւնները զարգացում ապրեցան, երբ Պաքուի բռնապետը իր տիկնոջ՝ Մեհրիպանի հետ, այցելեց Վատիկան եւ արժանացաւ Քահանայապետ Ֆրասնիսքոսի ընդունելութեան։ Աւելի ետք Պապը այցելեց Պաքու։ Վատիկան, դիւանագիտական լեզուով, այդ յարաբերութիւնները «միջ-մշակութային եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան եւ կրօնական խումբերու թէ ազգերու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան» պարունակին մէջ դրած էր: Մեհրիպան խանումի գլխաւորած «Հէյտար Ալիեւ» հիմնադրամին միջոցներով Սուրբ Պօղոս տաճարի նորոգութեան մասին համաձայնագիր մը ստորագրուած էր։ Տակաւին վերջերս, Վատիկանի լրատու գործակալութիւնը՝ «Vatican News»-ը, ընդարձակելով իր բազմալեզու հաղորդակցութեանց ցանցը, ատրպէյճաներէնով տրուող հաղորդումներու բաժին մը ստեղծած էր, իսկ Վատիկանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանն ալ Պապական պարգեւատրումի մը արժանացած էր, թէ ո՞ր արժանիքներուն համար, անյայտ է։
Վատիկան-Ատրէյճան յարաբերութիւնները թողլով երկու կողմերուն, որոնք հիմնուած կը թուին ըլլալ փոխադարձ շահերու եւ գործօններու վրայ, մենք պէ՛տք է մտահոգուինք եւ պէ՛տք է ազդու ձայն բարձրացնենք երբ այդ յարաբերութիւնները կ՛առնչուին հայոց, հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան, մանաւանդ Արցախի պատմա-մշակութային յուշարձաններուն։
Մտահոգուելու առիթը Ապրիլ 10-ին, Վատիկանապատկան Հռոմի պապական Կրէկորեան համալսարանին մէջ, «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ» անունը կրող համագումարի մը կազմակերպումն էր։ Այդ համագումարին նպատակը հայապատկան մշակութային ժառանգութիւնը սեփականացնելու եւ զայն աղուանից ներկայացնելու նենգամտութիւնն է, որուն տեղ կու տար Կրէկորեան համալսարանը։
Սուրբ Աթոռին մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան եւ ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու կազմակերպած «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ» համաժողովին մասնակցած են զանազան երկիրներէ ժամանած «պատմաբաններ»։ Զարմանալի, բայց նաեւ դատապարտելի է նման հեղինակաւոր համալսարանի մը ղեկավարութեան ցուցաբերած մօտեցումը, որ արտօնելով համաժողովին կայացումը, մասնակից կը դառնայ հակահայ քարոզչութեան եւ պատմութեան խեղաթիւրումին, մանաւանդ որ թէ՛ համալսարանի եւ թէ՛ ընդհանրապէս Վատիկանի ու Իտալիոյ գիտական շրջանակներուն լաւապէս ծանօթ են հայոց քրիստոնէական պատմութիւնը եւ հայ մշակութային արժէքները։
Հակառակ այն իրողութեան, որ մենք համալսարանի կայքէջին վրայ համաժողովին մասին որեւէ հաղորդագրութիւն չկրցանք տեսնել, կամ մեր ուշադրութենէն վրիպեցաւ, հրապարակուած նկարէն կ՛երեւային «հեղինակաւոր» պատմաբաններուն եւ մասնակիցներուն ծուռ ու մուռ կերպարանքները, ուր ներկայ էր նաեւ ատրպէյճանցի տխրահռչակ Ուտի հոգեւորականը, որ առանց խպնելու Դադիվանքը ուտիներու սրբավայրը հռչակած ու աղօթած էր գերեվարուած մեր հիասքանչ եկեղեցական համալիրին մէջ։
Ոմանք կ՛ըսեն թէ պէտք չէ խիստ քննադատել Վատիկանը եւ թէ այս միջոցառումը պէտք է դիտել զուտ քաղաքական հաշուենկատութեան ծիրին մէջ։
Մենք հակառակ կարծիքին ենք։
Հետեւելով Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի քննադատական հաղորդագրութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի՝ Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի տնօրէն Կուճերօթիին ուղղած նամակի օրինակներուն, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նոյնպէս իր ձայնը պէտք է բարձրացնէ։ Իրենց ձայնը պարտին բարձրացնել Մխիթարեան Միաբաններն ու համայն հայ կաթողիկէութիւնը։
Դիւանագիտական խողովակներով անմասն պէտք չէ մնայ նաեւ Հայաստանի կառավարութիւնը։
Նրբանկատ ըլլալու ժամանակները շատոնց անցած են։ Եթէ անպատասխանի թողունք նման երեւոյթներ, Վատիկան եւ այլք քաջալերուած կը զգան մոռնալու պատմական ճշմարտութիւնները։
Յովիկ Էօրտեքեան (Երեւան)
13 Ապրիլ 2025







Մեկնաբանէ