Վատիկանի քահանայապետը Քրիստոսի ներկայացուցիչն է երկրագունդի վրայ: Այդպէս հռչակած են իրենք զիրենք ու աշխարհով մէկ ընդունած:

Կար ժամանակ երբ երկինքի մէջ հողաշերտ կը ծախէին ու կտոր մը վկայագրի փոխարէն կը ստանային հսկայական գումարներ:

Պատմութիւնը կը շարունակէ կրկնել ինքզինք:

Բոլորս լաւ կը յիշենք, հազարաւոր հայորդիներու նահատակութեան պատճառ եղող Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմին, մարդասիրական ոչ մէկ ակնարկութիւն եղաւ հայասէր կարծուած քահանայապետին կողմէ: Պատճառը ակնառու էր: Տէր եւ տիկին Ալիեւները միլիոնաւոր տոլարներ նուիրած էին Վատիկանին: Անգլերէն առածը կ’ըսէ. «Give me money, I say you honey»: Հայացնենք. «Դրամ տուր ինծի, մեղրս (շաքարս) ըսեմ քեզի»:

Վերջերս, Հայ Առաքելական Եկեղեցին (իր զոյգ գահակալներով) ԽՍՏԻ՛Ւ այպանեց, Վատիկանի մէջ միակողմանի կազմակերպուած «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ» թեմայով գումարուող համագումարը:

Ատրպէյճան եւ քրիստոնէութիւն, առանց Հայ եկեղեցւոյ ներկայութեա՞ն… հա՜…հա՜… «խնդամ ալ պարապի չերթայ» պիտի ըսէր ժողովրդական ասացուածքը:

Ի բացառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, աշխարհով մէկ թապու է կղերականներուն դէմ խօսիլը, իսկ Լիբանանի մէջ՝ քրէական յանցանք: Թէ՛ մեր ընտանիքին եւ թէ՛ անհատական կեանքին մէջ կաթոլիկ կղերականներուն հետ եղած գայթակղութիւններուն մասին խօսելով դատարան երթալու կամ բանտարկուելու պատրաստակամութիւն չունինք: Ներող եղէք:

Պիտի համարձակինք միայն օրինակ մը բերել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, ուր, բացի՛ Իսրայէլի գործած ոճիրներէն, ազատ էք քննադատելու նոյնիսկ օրուան նախագահը:

Մանրամասնեմ օրինակը:

Ամերիկեան հետախուզական գրասենեակի (FBI) գլխաւոր տնօրէններէն մին՝ Ռոպըրթ Ֆիլիփ Հանսըն, կը նկատուի ամէնէն վտանգաւոր երկկողմանի գործակալը FBI-ի ամբողջ պատմութեան մէջ: Դաւաճանելով իր երկրին, երկար տարիներ գործակցած է նախ սովետ եւ ապա ռուս հետախոյզներուն հետ: Մատնած ռուսական շահերուն դէմ գործող անձերը եւ պատճառ դարձած է տասնեակներու սպանութեան կամ գնդակահարման:

Հանսըն եղած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ հաւատարիմ եւ նուիրեալ հաւատացեալներէն մին: Անդամ ըլլալով OPUS DEI ծայրայեղ կաթոլիկ կազմակերպութեան, ներկայ եղած է ամէնօրեայ պատարագի, հետեւաբար ալ շատ մտերիմը՝ ծխատէր քահանային:

Մինչեւ ձերբակալութիւնը, իր դաւաճանութենէն տեղեակ եղած են միմիայն իր կողակիցն ու քահանան՝ Հայր Ռոպերթ Պուչչարելլի:

Աւելի քան քսան տարի, Քրիստոսի ներկայացուցիչին ենթակայ կղերականը խրատած է Հանսընը, որ առ երես չգայ իր պետութեան հետ, բայց փոխարէնը ռուսերէն ստացած միլիոնաւոր տոլարները եկեղեցիին նուիրէ, որպէսզի մեղքերը քաւուին:

Վստահ իր օրերուն այնքան շատ էին նման սքեմաւորները, որ Տոսթոյեւսքին իր «Գարամազով եղբայրները» գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Ամենեւին եկեղեցիներ չկան այլեւս, այլ մնացած են միայն եկեղեցականներ եւ եկեղեցիներու հոյակապ շէնքեր»:

Երկու հազար տարի առաջ, Յուդայի ստացածը 30 արծաթ էր: Այսօրուայ Քրիստոսի ներկայացուցիչներունը՝ միլիոնաւոր տոլար:

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Արարատ
17 Ապրիլ 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ