
Հայկական իրականութեան մէջ միշտ ալ անտեսուած եղած է տնտեսութեան կարեւորութեան դերը, թէ Հայաստանի պետութեան ամրակայման եւ թէ սփիւռքի պահպանման մէջ։ Հայ քաղաքական միտքը տակաւին ճիշդ չէ գնահատած անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Հայաստանը իբրեւ պետութիւն գոյատեւելու, զարգանալու եւ հզօրանալու առաջին գրաւականը հզօր տնտեսութիւնն է։ Քաղաքական ազգ եւ քաղաքական գործօն դառնալու համար տնտեսութեան դերակատարութիւնը անժխտելի է։ Դարեր շարունակ պետականութենէն զրկուած ըլլալով այս իրականութիւնը մեզի համար դարձած է անըմբռնելի։ Ինչպէս անցեալին, այսօր արդէն շեշտակիօրէն կը պարզուի թէ աշխարհը կը ղեկավարուի մեծ ընկերութիւններու շահերէն մեկնած։ Այսինքն տնտեսական շահերն են որոնք կը ձեւաւորեն պետութիւններու քաղաքականութիւնը եւ անոնց միջեւ եղող յարաբերութիւններու որակը։
Իրողութիւն է որ Հայաստանը աղքատ երկիր է։ Հարիւրամեակներ շարունակ օտար տիրապետութիւններու լուծին տակ մնալով, երկիրը եւ ժողովուրդը տնտեսապէս չէ զարգացած։ Իսկ 1991ի անկախութենէն ետք, իրարայաջորդ իշխանութիւններու վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը չէ յաջողած երկիրը տնտեսական ամուր հիմերու վրայ դնել եւ այդ հիմքին վրայ քաղաքական գործօնի վերածուիլ։ Ապացոյցը՝ Արցախեան 44օրեայ պատերազմն էր։
Հայաստանի այս տխուր պատկերին դիմաց, հայկական սփիւռքը ունի հնարաւորութիւն նիւթական մեծ կարելիութիւններ ստեղծելու եւ այդ հնարաւորութիւնը ծառայեցնելու Հայաստանի հզօրացման եւ անվտանգութեան երաշխաւորութեան։ Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը հրեաներն են։ Սակայն հարցը այն է, թէ այդ կարելիութիւնները որքանով կ’արժեւորուին եւ ինչպէս պէտք է գործածուին։
Դժբախտաբար այսօր Սփիւռքի կազմակերպութիւնները, եկեղեցիները եւ քաղաքական միաւորները կանգնած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց խորքը տնտեսական դժուարութիւններն են եւ գոյութիւն ունեցող հնարաւորութիւններուն ճիշդ մարտավարութեան մշակման բացակայութիւնը եւ եղած միջոցներուն յոռի կառավարումը։
Նիւթական Միջոցներու Ճիշդ Կառավարումը
Հայկական սփիւռքը տնտեսական առումով ունի կարողութիւններ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան զինք ուժի եւ քաղաքական գործօնի վերածել։ Սփիւռքահայ կեանքին մէջ, մասնաւորաբար միութենական, կուսակցական, ակներեւ է բացակայութիւնը տնտեսագէտներու։ Մեր միութիւններուն՝ կուսակցութիւններ, եկեղեցի, տարբեր բնոյթի կազմակերպութիւննր, նիւթական-տնտեսական կեանքը կը տնօրինուի պատահականօրէն, ոչ ուսումնասիրուած, կարճաժամկէտ եւ կարկտաններով։ Արդէն 100 տարուայ կեանք ունեցող սփիւռքեան կազմակերպութիւնները տակաւին նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ կը շարունակեն գործել 19րդ դարու Պոլսոյ բարեսիրական միութիւններու «մեծապատիւ մուրացկաններ»ու հոգեբանութեամբ։ Դժբախտաբար, սփիւռքեան կառոյցներուն մէջ եղող ներքին էնթրիկները, ապառողջ մթնոլորտը, խնամաշահութիւնը եւ այլ փառասիրութիւններ, վանողականութիւն ստեղծած են անոնց շուրջը։ Այս մթնոլորտը, գոնէ վերջին տասնամեակներուն սկսած է իր ժխտական հետեւանքները ունենալ կառոյցներուն արդիականացման, որ իր հետ պիտի բերէր նաեւ տնտեսական նորարարութիւններու ներմուծումը եւ այդ միութիւններուն հզօրացումը։
Հաւանաբար ժամանակը անցած է, բայց դեռ ուշ չէ ներքին սրբագրումներու։ Անհրաժեշտ է միջոցներ ստեղծել սփիւռքեան կառոյցներու նիւթական իրավիճակը առաջին հերթին ինքնաբաւ դարձնելու եւ ապա այդ միաւորները դարձնելու տնտեսապէս հզօր կառոյցներ, որոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ իրենց երկիրներու տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ։
Եկեղեցւոյ Դերը
Եկեղեցիները՝ ըլլան անոնք առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական, կը շարունակեն ունենալ կրօնական եւ մշակութային դեր, սակայն պէտք է գիտակցին, որ ժամանակակից աշխարհը պահանջներու նոր համակարգ մը ստեղծած է։ Եկեղեցիները կը շարունակեն մնալ ամէնէն ժողովրդականը։ Անոնք պարտաւոր են դուրս գան աւանդաբար գծուած սահմաններէն եւ ներգրաւուին կրթական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներու մէջ։ Այս իմաստով որոշ գաղութներու մէջ կը կատարուին նման փորձեր, բայց ցարդ լիուլի չեն ծառայեր իրենց նպատակին:
Սփիւռքը՝ Որպէս Զօրացած Կառոյց
Հայկական սփիւռքի տնտեսապէս անկազմակերպ իրավիճակ ներկայացնելու մէջ դեր ունի նաեւ մէկ ու միակ մարմինի մը բացակայութիւնը։ Յաճախ անդրադարձ կատարուած է ներկայացուցչական մարմինի մը ստեղծման մասին։ Եթէ քաղաքական, յարանուանական հակադրութիւնները պատճառ եղած են սփիւռքի բաժանուածութեան, ապա տնտեսական միացեալ քաղաքականութեան որդեգրումը եւ սփիւռքի տնտեսապէս հզօրացումը միաւորող ազդակ պէտք է հանդիսանայ բոլորին։ Որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, սփիւռքի տնտեսական հզօրացումը առաջին հերթին այնտեղ գործող բոլոր կառոյցները դուրս կը բերէ իրենց տարիներու նիւթական դժուարութիւններու բարդոյթէն, ապա գրաւականը կը դառնայ անոնց գոյութեան շարունակականութեան եւ վերջապէս ուժի աղբիւր դառնալով՝ քաղաքական յենարան եւ դաշնակից կը դառնայ Հայաստանի պետութեան։
Հայութեան դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրներուն դիմաց, աչք եւ ականջ փակելով, սփիւռքեան կառոյցներու պատասխանատուները հայութեան այդ մեծագոյն զանգուածը կ՛առաջնորդեն դէպի ուծացում եւ ինքնաոչնչացում։
Այստեղ արդէն հարց կը ծագի։ Ինչպէ՞ս վերածուիլ տնտեսական ուժի եւ զայն օգտագործել քաղաքականութեան մէջ։
Յակոբ Յակոբեան







Մեկնաբանէ