Աշխարհը կը գտնուի տեղեկատուական արհեստագիտութեան արագընթաց յառաջդիմութեան մէջ եւ այս նոր իրականութեան մէջ ամէնամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը ճշմարտութեան ու կեղծիքի զատորոշումն է։ Տեղեկատուական պատերազմները, քարոզչական մեքենաները եւ կողմնակալ լրահոսը կը ձեւաւորեն զանգուածային գիտակցութիւնը, յաճախ թիրախաւորելով հասարակութեան այն շերտերը, որոնք չեն մշակած քննադատական եւ վերլուծողական մտածելակերպ։

Մտաւորականները, ի տարբերութիւն բազմութեան, ունին խոր գիտակցութիւն, ճաշակ՝ բանականութեան նկատմամբ եւ հետաքրքրութիւն՝ փաստերու հանդէպ։ Անոնք չեն ընդունիր տեղեկատուութիւնը առանց վերլուծելու, չեն առաջնորդուիր միայն զգացական մղումներով, այլ՝ տրամաբանութեամբ, վերլուծութեամբ եւ տրամաբանական ապացոյցներով։

Այս մտածելակերպը յատկապէս կարեւոր է Հայկական Սփիւռքին համար, ուր հայ անհատը պէտք է յարատեւ պայքարի մէջ ըլլայ իր ազգային ինքնութիւնը, պատմական իրաւունքները եւ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար։

Հայկական Սփիւռքի Մտաւորական Դերակատարութիւնը

Սփիւռքի մէջ գտնուող հայութիւնը կանգնած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ, սկսած ազգային ինքնութեան պահպանութենէն մինչեւ միջազգային քարոզչական պատերազմներուն դիմակայում։ Այսօր, երբ տեղեկատուական պատերազմները կը թիրախաւորեն պատմական իրողութիւնները, Սփիւռքի մտաւորականները պէտք է կարեւոր դեր խաղան ճշմարտութեան տարածման մէջ։

Թրքական եւ Ատրպէյճանական քարոզչական մեքենաները տարիներ շարունակ կը փորձեն խեղաթիւրել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, կեղծել Արցախի պատմական պատկանելիութիւնը եւ խարխլել հայերու իրաւունքները միջազգային հարթակներու վրայ։ Այս պայմաններուն մէջ, հայութեան մտաւորականութիւնը պէտք է ունենայ տեղեկատուական դիմադրողականութիւն, այսինքն՝ ոչ միայն ըլլալ իրազեկ պատմական ճշմարտութիւններուն, այլեւ կարողանայ տրամաբանական ու փաստարկուած ձեւով պաշտպանել զանոնք՝ թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ ակադեմեկան, եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ։

Բացի ազգային հարցերէն, Սփիւռքահայերը պէտք է նաեւ կարեւոր դեր ստանձնեն իրենց գաղութներէն ներս՝ զարգացնելով քննադատական եւ վերլուծական մտածողութիւնը, խթանելով ազատ եւ տրամաբանական քննարկումները. խուսափելով միայն զգացական ու ամբոխավարական մօտեցումներէն։ Մտաւորականութիւնը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի հիմքը՝ կանխելու համար գաղութներու պառակտումը, ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու տարածումը եւ ապատեղեկատուութեան ազդեցութիւնը։

Մտաւորականութեան Դերը՝ Ազգային Ինքնութեան Պահպանման Մէջ

Հայ մտաւորականը պէտք է նաեւ կարեւոր դեր խաղայ հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման մէջ։ Քննադատական մտածողութիւնը չի սահմանափակուիր միայն քաղաքական եւ պատմական հարցերով, այլ կը տարածուի նաեւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ ունեցած մեր մօտեցման վրայ։

Այսօր, Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ հայեր կը հեռանան իրենց արմատներէն, հիմնականին՝ լեզուական ու մշակութային ձուլումի պատճառով։ Այս երեւոյթին դէմ պայքարելու համար, հարկ է խթանել մտաւորականութեան դերակատարութիւնը հայ դպրոցներու, համալսարաններու, մշակութային կեդրոններու եւ լրատուամիջոցներու մէջ։ Հարկ է խրախուսել հայերուն՝ ընթերցելու, վերլուծելու, քննադատելու եւ անկախ մտածելու՝ հայ լեզուով ու հայ մշակոյթով։

Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը վկայած է, որ երբ հայը կը կորսնցնէ իր լեզուն եւ մշակոյթը, ան ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ նաեւ իր ինքնութիւնը։ Այսօր, երբ Սփիւռքը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, հայ մտաւորականութիւնը պարտականութիւն ունի ստեղծելու այնպիսի միջավայր, ուր մտածողութիւնը, քննադատութիւնը եւ տրամաբանութիւնը առաջնային տեղ գրաւեն հայ մարդուն կեանքին մէջ։

Եզրակացութիւն

Քննադատական մտածելակերպը եւ մտաւորականութեան դերը կը հանդիսանան Սփիւռքի դիմադրողականութեան առանցքը։ Տեղեկատուական պատերազմները, պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրումը, մշակութային ձուլման եւ ազգային ինքնութեան մոռացումը այն խնդիրներն են, որոնց դիմաց միայն խոր մտածողութեամբ, տրամաբանական վերլուծութեամբ եւ փաստարկուած դիրքորոշմամբ կարելի է կանգնիլ։

Եթէ Սփիւռքահայերը կ‘ուզեն մնալ ամուր ու կենսունակ, պէտք է հրաժարին մակերեսային ու ամբոխավարական մտածելակերպէ եւ որդեգրեն խելացի, տրամաբանուած, վերլուծական, եւ քննադատական մօտեցում՝ ի խնդիր իրենց ինքնութեան պահպանման եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան։

Մտաւորականութիւնը միայն ընտրեալ խումբի մը յատկանիշը չէ. ան պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր գիտակից հայ անհատի առաքելութիւնը։

Յակոբ Յակոբեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ