
Հայկական սփիւռքը պատմութեան ընթացքին եղած է տոկունութեան, մշակութային պահպանման եւ ազգային պայքարի հիմնական կռուանը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներով գաղութներու վերակառուցումէն մինչեւ Հայաստանի անկախութեան պաշտպանութիւնը, սփիւռքը անփոխարինելի դեր խաղցած է հայկական ինքնութեան պահպանման մէջ։ Սակայն, վերջին տարիներուն ակնյայտ դարձած է որ սփիւռքը կը կորսնցնէ իր փայլքը, արդիւնաւէտութիւնը։ Առանց հզօր, միասնական եւ նպատակասլաց սփիւռքի, Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը անորոշ ապագայի առջեւ կը կանգնի։
Գլխաւոր Հարցը՝ Ներքին Քաղաքականութիւն եւ Բաժանում
Հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններու ամէնամեծ խոչընդոտներէն մէկը ապիկար եւ անարդիւնաւէտ ղեկավարութիւնն է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ շատ յաճախ այս կազմակերպութիւններու ղեկավարները աւելի շատ մտահոգ են ներքին քաղաքականութիւնով, իշխանութեան եւ աթոռի համար պայքարով եւ երբեմն թշնամութեան հասնող մրցակցութեամբ, քան թէ իրենց հիմնական առաքելութեամբ՝ հայ ժողովուրդին ծառայելով եւ ազգը հզօրացնելով։
Փոխանակ համագործակցելու, հայկական բազմաթիւ հաստատութիւններ առանձին կը գործեն՝ չուզելով համախմբել իրենց միջոցները, գիտելիքը կամ ազդեցութիւնը։ Անձնական ամբարտաւանութիւնը եւ քաղաքական հակամարտութիւնները արհեստական պառակտումներ ստեղծած են, որոնք մեզ թուլացուցած են այն ժամանակ, երբ միասնութիւնը ամէնաանհրաժեշտն է։
Հայաստանը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի՝ անվտանգութեան սպառնալիք, տնտեսական դժուարութիւններ, արտագաղթ եւ մշակութային կորուստ։ Սակայն, հոն ալ, այն կազմակերպութիւնները, եկեղեցին, կառավարութիւնը, որոնք պէտք է զօրավիգ կանգնին եւ լուծումներ գտնեն, շատ յաճախ կը զբաղուին բիւրոկրատական անարդիւնաւէտութեամբ, հնացած մտածելակերպով եւ ներքին հակամարտութիւններով, որոնք կը խոչընդոտեն բուն գործը։
Ինչ Պէտք է Ընել
Հայկական Սփիւռքը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է արմատական փոփոխութիւն։ Ահա այն քայլերը, որոնք պէտք է առնուին․
- Միասնութիւնը Պէտք է Դնել Առաջնահերթութեան Վրայ
Սփիւռքը պէտք է գիտակցի որ ներքին բաժանումները միայն մէկ նպատակի կը ծառայեն՝ մեր հաւաքական ուժը թուլացնել։ Անկախ անկէ թէ ուր կը գործենք, այդ ըլլայ մշակութային, քաղաքական կամ մարդասիրական բնագաւառի մէջ, հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է համագործակցին, ոչ թէ մրցին։ Պէտք է սորվին Պետականութիւնը զատել Իշխանութիւնէն: Մեզի պէտք է մէկ միասնական տեսլական՝ Հայաստանի գոյատեւումն ու բարգաւաճումը առաջնահերթ համարելով, անձնական եւ քաղաքական շահերէն վեր։ - Ռազմավարական Ղեկավարութիւն եւ Պատասխանատուութիւն
Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները պէտք չէ, գրեթէ ցմահ, ղեկավարի պաշտօններուն վրայ մնան։ Ընթացիկ ղեկավարութեան մօտեցումը, ուր նոյն մարդիկ տասնամեակներ շարունակ նոյն դիրքերը կը գրաւեն, պէտք է փոխարինուին թարմ, ռազմավարական եւ ապագայամէտ մտածողութեամբ։ Նոր ղեկավարները պէտք է ընտրուին ըստ իրենց կարողութիւններու, տեսլականի եւ արդիւնաւէտութեան, ոչ թէ ըստ անձնական կապերու կամ արդէն ժամանակավրէպ դարձած անիմաստ եւ անտեղի բաժակաճառերու եւ կեղծիքի։ - Ներդրում Հայաստանի Ապագային Մէջ
Սփիւռքը պէտք է կեդրոնանայ իրական, երկարաժամկէտ ներդրումներու վրայ Հայաստանի մէջ՝ կրթութեան, արհեստագիտութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ ազգային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Կարճաժամկէտ բարեգործական ծրագիրները եւ խորհրդանշական նախաձեռնութիւնները բաւարար չեն։ Մեզ պէտք են կայուն ծրագիրներ, որոնք կը ստեղծեն նոր աշխատատեղեր, կը զօրացնեն կրթութիւնը եւ կը զարգացնեն Հայաստանի ենթակառուցուածքները։ Այսպիսով, Սփիւռքահայութեան գոյութեան իմաստ տալով: - Ժամանակակից Մօտեցում Մշակոյթի Պահպանման Համար
Լեզուն եւ մշակոյթը վտանգուած են, յատկապէս Արեւմտահայերէնը։ Պահպանման մասին միայն խօսիլը բաւարար չէ։ Ղեկավարութիւնը պէտք է միասնական եւ լրջօրէն պատրաստուած ծրագիրով ստեղծէ ժամանակակից միջոցներ՝ լեզուի ուսուցումը կենդանի պահելու համար։ Օրինակ՝ առցանց դպրոցներ, mobile app-եր, սոցիալական ցանցերու բովանդակութիւն, սփիւռքահայ Արեւմտեան Հայերէն գրողներու քաջալերանք, եւ interactive ուսումնական հարթակներ պէտք է առաջնահերթութիւն դառնան՝ ապահովելու համար, որ հայ ինքնութիւնը յաջորդ սերունդներուն համար մնայ կենդանի։ - Քաղաքական Նեցուկ Առանց Նախապայմանի
Հայկական Սփիւռքը ազդեցութիւն ունի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Փոխանակ բզկտուած ջանքեր գործադրելու, Սփիւռքը պէտք է ունենայ միասնական, արհեստավարժ lobbying-ի խումբեր, որոնք կ՛աշխատին Հայաստանի շահերուն պաշտպանութեան վրայ միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Սփիւռքը պէտք է առաջ մղէ այնպիսի քաղաքականութիւն, որ զօրավիգ կ՛ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան, միաժամանակ հակազդելով հայութեան դէմ ուղղուած ապատեղեկատուութեան արշաւներուն։ Նորէն՝ պէտք է սորվիլ զանազանել պետականութիւնը իշխանութենէն:
Գործելու Ժամանակն է
Եթէ Հայկական Սփիւռքը չվերակազմակերպուի, չվերանայի իր ռազմավարութիւնը եւ չկեդրոնանայ ազգային կարեւորագոյն հարցերուն վրայ, ան կը դառնայ անկարեւոր։ Հայաստանը, Սփիւռքը, եւ Հայը, չեն կրնար գոյատեւել թոյլ Սփիւռքով։ Աշխարհը կը փոխուի արագ կերպով, եւ մենք պէտք է յարմարինք, զարգացնենք 21-րդ դարու մտածելակերպ, որպէսզի դիմագրաւենք դարուս մարտահրաւէրները։
Այս գրութիւնը կոչ մըն է գործնական քայլերու դիմելու՝ ոչ միայն ղեկավարներուն, այլեւ ամէն մէկ հայուն Սփիւռքի մէջ։ Զօրակցի՛ր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք իսկապէս կը նպաստեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի զարգացման։ Հաշիւ պահանջէ՛։ Մասնակցի՛ր արդիւնաւէտ ջանքերուն։ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան ապագան կախուած է մեր այսօրուայ քայլերէն։
Ժամանակն է, որ Հայկական Սփիւռքը կրկին ոտքի կանգնի՝ ոչ թէ որպէս առանձին խմբաւորումներ, այլ որպէս մէկ հզօր ուժ։
Յակոբ Յակոբեան







Մեկնաբանէ